Երգիծական Գրականութիւն Եւ Իր Միջոցները
Երգիծական գրականութիւն եւ իր միջոցները, երգիծական կը կոչենք այն ստեղծագործութիւնները, որոնց մէջ կը ծաղրուին ընկերային կեանքի արատներն ու մարդկային թերութիւնները, զանոնք շտկելու կամ, ծայրայեղութեան պարագային, բարոյապէս ոչնչացնելու նպատակով։ Երգիծական երկը կը ներկայացնէ այնպիսի երեւոյթներ, որոնց թերութիւնները, արատաւոր կողմերը ծածկուած են խաբուսիկ արտաքինին տակ։ Զանոնք բացայայտելով հեղինակը երգիծական տպաւորութեան կը հասնի։ Երգիծական կրնան գրուիլ տարբեր սեռի ստեղծագործութիւններ, արձակ թէ չափածոյ։ Կան զուտ երգիծաբան գրողներ, ինչպէս՝ Պարոնեանը, Օտեանը, Նշան Պէշիկթաշլեանը, Լեռ- Կամսարը, կան նաեւ հեղինակներ, որոնք կը գրեն ե՛ւ երգիծական, ե՛ւ ոչ երգիծական, ինչպէս՝ Պատկանեան, Չարենց, Բակունց։ Երգիծանքի տարրեր կրնան ըլլալ նաեւ ոչ ամբողջական երգիծական գործերու մէջ։
Երգիծանքի միջոցները բազմաթիւ են.
Հեգնանք
ԽմբագրելՀեգնանքը (իրոնիա) յունարէնէ թարգմանաբար կը նշանակէ թաքնուած ծաղրանք։ Երգիծանքի տարածուած միջոցներէն է, ուր ծաղրելի անձը կամ երեւոյթը առերեւոյթ կը բնութագրուին դրականօրէն, բարձր յատկանիշեր վերագրելով անոնց։ Սակայն նման բնութագիրը կ’ընկալուի իբրեւ ծաղրանք։ Հեգնանքը կրնայ ըլլալ մեղմ, բարեսիրտ, կամ զայրալից, արհամարհական եւ այլն։ հեգնանքը առատօրէն օգտագործուած է ժողովրդական ստեղծագործութիւններու մէջ, ինչպէս որ ամբողջութեամբ հեգնական կերտուած է Քաջ Նազարին տիպարը։ Գրականութեան մէջ հեգնանքի կը հանդիպինք թէ՛ զուտ երգիծական, թէ՛ մասնակիօրէն երգիծանք պարունակող գործերու մէջ։ Ամբողջութեամբ հեգնանքով կերտուած է Օտեանի Ընկեր Փանջունիին տիպարը։ Պարոնեանի շատ գործերու մէջ առատօրէն օգտագործուած է հեգնանքը, Թումանեանի «Սուտլիկ որսկանը», «Կիկոսի մահը» եւ ալ իրապատում հեքիաթներ հեգնանքի սկզբունքով գրուած են։ Առօրեայ խօսքին մէջ ալ յաճախ մարդիկ կ՛օգտագործեն մեղմ հեգնանքը, երբ թերութիւնները ուղղակի ըսելու տեղ հակառակը՝ գովեստ կու տան, ինչպէս՝ եթէ ծոյլին համար ըսուի՝ «Աշխատելէն բզէզ մօրաքոյր դարձար» կամ անտաշ վարմունքին համար ըսուի՝ «Ինչպիսի՜ կրթութիւն…» եւ այլն։
Սաթիրա
ԽմբագրելՍաթիրան երգիծական պատկերումի տեսակ է, որ ունի անխնայ, անզիջում ծաղրանք բարոյական, քաղաքական, կենցաղային ու այլ թերութիւններու դէմ։ Իր խստութեամբ ան կը տարբերի հեգնանքէն։ Սաթիրայի բնոյթ ունի Պարոնեանի «Ազգային ջոջեր»-ը, ուր անխնայ ու սպանիչ պարսաւանքի կ՛ենթարկուին ազգին անուանի դէմքեր, օրուան «առաջնորդներ»։ Սաթիրական կրնան ըլլալ նաեւ այլ սեռի գործեր, ինչպէս՝ առակ, վէպ, վիպակ, պատմուածք եւ այլն։ Սաթիրայի ոճով գրուած են Օտեանի «Յեղափոխութեան մակաբոյծները», «Ընկեր Փանջունի»-ն, Չարենցի «Երկիր Նայիրի»-ին, Դէմիրճեանի «Քաջ Նազար»-թատերախաղը եւ այլն։
Անզիջող ծաղրի տեսակներէն է նաեւ սարկազմը, երբ անձի կամ երեւոյթի երգիծումը տոգորուած է զայրոյթով ու վրդովմունքով։
Ծաղրանկար Կամ Շարժ
ԽմբագրելԾաղրանկարը կամ շարժը եւս երգիծական պատկերումի տեսակներէն է։ Հոն առարկան կամ անձը կը ներկայացուին միտումնաւոր կերպով աղաւաղուած, խաթարուած, ծիծաղաշարժ գիծերով։ Կը կոչուի նաեւ զաւեշտանկար, որովհետեւ պատկերումի այս ձեւը գործածելի է նաեւ գծագրութեան, շարժապատկերի կամ թատրոնի մէջ։ Յայտնի ծաղրանկարիչներ էին եգիպտահայ Ալ. Սարուխանը, որ նկարազարդած է Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»-ն, ինչպէս նաեւ պէյրութահայ Տիրան Աճէմեանը։
Զուարթամտութիւն Կամ Հիւմըր
ԽմբագրելԶուարթամտութիւն կամ հիւմըրը ներողամիտ, թեթեւ ծաղր է ընկերային կեանքի ու մարդկային թերութիւններու հանդէպ։ Ի տարբերութիւն ժխտող, մերկացնող սաթիրայի, հիւմըրը ժխտողական, ոչնչացնող վերաբերմունք չունի։ Անոր նպատակն է ցոյց տալ դրական մարդու կամ երեւոյթի քով եղած թերութիւնները, զանոնք վերացնելու, շտկելու նպատակով։ Ան ունի բարեմիտ վերաբերմունք, մտահոգութիւն, կարեկցանք կամ կատակախառն հրճուանքի երանգներ։ Հիւմըրը եւս լայն գործածութիւն ունի ժողովրդական ստեղծագործութեանց մէջ։ Հիմըրով կերտուած են Սասունցի Դաւթի մանկական չարաճճիութիւնները, կամ երբ Փոքր Մհերը ամէն պարագայի կը «տփէ» գիւղացիները, իր կառուցած կամուրջէն թէ՛ անցնելու եւ թէ՛ չանցնելու պարագային։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայկական Սովէտական Հանրագիտարան, 3-րդ հատոր։
- Հայկական Սովէտական Հանրագիտարան, 6-րդ հատոր։
- Ա. Ջրբաշեան, Գրականութեան տեսութեան արդի խնդիրներ: Ուսումնական ձեռնարկ, ԵՊՀ հրատ., Երեւան։