Երուանդ Էլմաճեան
Երուանդ Ս. Էլմաճեան (մօտ 1880, Մարաշ - անյայտ), հայ բժիշկ։
Ծնած է | 1880 |
---|---|
Ծննդավայր | Մարաշ |
Կրթութիւն | Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական ֆակուլտետ |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է շուրջ 1880 թուականին, Հալէպ նահանգի, Մարաշ գաւառի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ։
1904 թուականին աւարտած է ամերիկացի միսիոնարներու Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ Քոլէճը։
1905-1910 թուականներուն եղած է Մարաշի Ակադեմիա դպրոցի ուսուցիչ։
1914 թուականին՝ աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժանմունքը։
1914-1915 թուականներուն եղած է Զէյթունի թաղապետական բժիշկը։ 1915 թուականի դրութեամբ եղած է Մարաշի քաղաքապետարանի բժիշկը։
1915 թուականին՝ Զէյթունի առաջին աղէտին, 10 Մարտին ընկերակցած է Մարաշէն եկած 4 հայերէ բաղկացած պատուիրակութեան մը՝ գերմանացի հեր (պարոն) Բլանկի նախագահութեամբ, որոնք եկած էին Զէյթունի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ գտնուող ապստամբներու հետ բանակցելու։
Մարտ 1915-ին, ի թիւս 198 անուանի հայերու, ձերբակալուած է ու բանտարկուած՝ Մարաշի բանտին մէջ։ Որոշ ժամանակ մը ետք, դարձեալ ձերբակալուած է եւ քանի մը հոգիի հետ աքսորուած է Տէր Զօր ուր քանի մը հոգի սպաննուած է, ուրիշներ՝ կախաղան բարձրացած են, իսկ ինք՝ ազատ արձակուած է։
1915 - 1918 թուականներուն, Հալէպ բնակած է, ուր թաղապետական բժիշկ աշխատած է եւ Օսմանեան բանակի զինուորական հիւանդանոցին զինուորական իբրեւ բժիշկ ծառայած։ 1919 թուականին Զէյթունի վերջին աղէտին ստանձնած է ժողովուրդին առողջապահական եւ բժշկական գործը, որ անձնուիրաբար կատարած է մինչեւ 1921 թուական։
19 Դեկտեմբեր 1919-ին, իբրեւ Զէյթունի եւ անոր շրջակայքի՝ ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի եւ ՀԲԸՄ-ի կողմէն նշանակուած բժիշկ, Մարաշէն անցած է Զէյթուն։ Նոյն գիշերը հրաւիրուած է Զէյթունի Ազգային միութեան հրաւիրած ժողովին ու ներկաներուն յանձնած՝ բժիշկ Քաջբերունիի (Վարդան Թոփալեան) նամակը։ Նամակին մէջ եղած են քանի մը ստացագիրներ, որոնք պէտք է ստորագրուէին ու շտապ Մարաշ վերադարձուէին, որպէսզի 1800 Օսմանեան ոսկին որոշուած սպառազինման նպատակին յատկացուէր։ Բացի ատկէ, նպաստամատոյցէն բերած էր 150 Օսմանեան ոսկի՝ որբեւայրիներուն տալու համար։ 5 Ապրիլ 1920-ին, Զէյթունի մէջ գտնուելով , նամակ ստացած է Մարաշի մէջ գտնուող միսթր Լայմընէն, որ կ'առաջարկէր իրեն հետ տեսակցելու համար երթալ Պէշէն թրքաբնակ գիւղը։ 6 Ապրիլ 1920-ին, բժիշկը երկու այլ ընկերներու հետ մեկնած է Պէշէն՝ Լայմընի եւ թուրքի մը հետ տեսակցելու համար։
1920 թուականին Մարաշի Ամերիկեան միսիոնարութեան («Պորտ») Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ միսթր Լայմընը 200 ոսկի դրամագլուխով բացած էր բուրդի աշխատանոց մը՝ որբեւայրիներու համար աշխատանք ապահովելու եւ այդպիսով օգնելու համար։ ՀԲԸ Միութիւնը եւս ամսական 50 ոսկի նպաստ ուղարկած է այդ գործին համար։ Երուանդ Էլմաճեան, Ազգային միութեան ատենապետ Արամ Չոլագեանի հետ համախորհուրդ, յիշեալ նպաստները բաշխած է միայն քանի մը աւետարանական ընտանիքներու՝ աւետարանական համայնքին զարկ տալու համար, զոր Ազգային միութեան պառակտման պատճառ դարձած է։ Հետագային բժիշկը զղջացած է իր արարքին համար եւ բազմաթիւ միջոցներու դիմած՝ սրբագրելու դրութիւնը, որուն համար արժանացած է հայրենակիցներու համակրանքին։
Յունիս 1921-ին, Ազգային միութիւնը՝ բժիշկ Երուանդ Էլմաճեանին եւ Յովհաննէս Սիմոնեանին յանձնարարած է բանակցութիւններու միջոցով կարգի հրաւիրել քանի մը զէյթունցի խռովարարներու, որոնք մինչ այդ կը սպաննուին թուրքերու ձեռքով։
Հետագային, հաւանաբար, գաղթած է Հալէպ։ 1 Սեպտեմբեր 1922-ին հասած է ԱՄՆ։ Նոյեմբեր 1922 թուականին Պոսթընի մէջ յանձնած է նահանգային քննութիւնը եւ բժիշկի արտօնագիր ստացած։ 1924 թուականի դրութեամբ բնակած է ԱՄՆ Մասաչուսեթսի նահանգի Պրիտոն քաղաքը՝ Brithon, Telford str. 7 հասցէին եւ բժիշկ աշխատած։
Գրականութիւն
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։