Երուսաղէմի Պաշարում (1099)
Երուսաղէմի պաշարում, Խաչակիրներու Ա. արշաւանքին գլխաւոր իրադարձութիւնը։ Տեղի ունեցած է 7 Յունիս 1099-էն մինչեւ 15 Յուլիս 1099-ը, որուն իբրեւ արդիւնք քաղաքը գրաւուած է խաչակիրներուն կողմէ։
Նախապատմութիւն
Խմբագրել1095-ին Ուրպանոս Բ․ Պապ կը գումարէ Քլերմոնի ժողովը եւ կը յայտարարէ Խաչակիրներու արշաւանք մը՝ ընդդէմ իսլամներու։ Նպատակն էր ազատագրել իսլամներու տիրապետութեան տակ գտնուող Երուսաղէմ քաղաքը, ուր մեծցած, սպաննուած եւ թաղուած էր Յիսուս Քրիստոս: Ուրպանոսը կը խոստանար մեղքերու թողութիւն տալ արշաւանքին մասնակիցներուն։ Եւրոպացիները թիւր կարծիք ունէին իսլամներուն մասին եւ կը մտածէին, որ դիւրին յաղթանակ կրնան տանիլ անոնց դէմ։
Գիւղացի Խաչակիրներուն արշաւանքը
ԽմբագրելՀոկտեմբեր 1096 թուականը կը համարուի «գիւղացի կամ աղքատ Խաչակիրներուն արշաւանք»ին սկիզբը ։ Արշաւին մասնակիցներուն մեծ մասը կանոնաւոր բանակի անդամներ չէին, հետեւաբար լուրջ ռազմական ուժ մը չէին կազմեր։ Ս. Երկիրին ճամբուն, խաչակիրները կը թալանեն խաղաղ բնակչութիւնը եւ կը ջարդեն հրեաները։ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կը հաւաքուի շուրջ 180 հազար հոգի, որոնք մեծ վտանգ կը սպառնան Բիւզանդիոնի համար։ Ալեքսիոս Ա. Քոմնենոս կը հասկնայ, որ Հռոմի Պապը հմուտ զինուորներու փոխարէն իր մօտ ուղարկած է աղքատներու հիւծած խումբեր, որոնք կարողութիւն չունին մարտնչելու լաւ պատրաստուած եւ զինուած իսլամներուն դէմ։ «Բանակը» Բիւզանդիոնի մէջ նաեւ կ'ոչնչացնէ մեծ թիւով բնակարաններ, պալատներ եւ առեւտրականներու կրպակներ։ Ալեքսիոս չի կրնար համոզել Պետրոս Ամյենցին, որ սպասէ ասպետ-խաչակիրներուն տեղ հասնելուն։ 21 Հոկտեմբեր 1096-ին Նիկիոյ մօտ գտնուող Ցիվետոտոս քաղաքին մօտերը սելճուքները կը ջախջախեն խաչակիրները։
Արշաւանքին շարունակութիւնը
Խմբագրել«Աղքատ Խաչակիրներուն արշաւանք»ին տապալումէն ետք, Կատֆրէյ աֆ Պուիյոն (Godfrey of Bouillon) իր եղբայրներուն` Պալտուինի եւ Էսթաշի հետ միասին կը գլխաւորեն խաչակիրներու կազմակերպուած բանակը, որոնք կ'ընկալուէին իբրեւ Հռոմի Պապին դաշնակիցները։ Աննա Քոմնենոսի վկայութեամբ, Կատֆրէյի բանակը կազմուած էր 10 հազար հեծեալ եւ 70 հազար հետեւակներէ, սակայն այս թիւերը զգալիօրէն ուռճացած էին։ Մինչեւ զօրքերը գլխաւորելը Կատֆրէյ կը վաճառէ իր հարստութեան զգալի մասը, որոնցմէ է նաեւ Պուլիոնի կոմսութիւնը[1]:
Նախ կ'արշաւեն Լոթարինկիացիները։ Անոնց առաջնորդներէն կը պահանջուի մեծ ջանքեր գործադրել, որպէսզի ընդհանուր յայտարարի գան Հունգարիոյ բնակիչներուն հետ, որոնք լաւ կը յիշէին աղքատ-խաչակիրներուն անմարդկային գործողութիւնները։ Պելկրատէն ոչ հեռու Կատֆրէյ կը հանդիպի Բիւզանդիոնի կայսեր Ալեքսիոս Ա. Քոմնենոսի դեսպաններուն եւ անոնց հետ կը կնքէ դաշինք մը, որուն հիման վրայ բիւզանդացիները պարտաւոր էին սննդամթերք տրամադրել խաչակիրներուն՝ իրենց հողերը պաշտպանելու պայմանով։ Այս համագործակցութիւնը կը տեւէ մինչեւ խաչակիրներու Սելիփրիա քաղաքին պաշարումը։ Տագնապահար Ալեքսիոս կը հրամայէ, որ Կատֆրէյ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ իրեն ներկայանայ։ Սակայն Կատֆրէյ կը հրաժարի։ 23 Դեկտեմբեր 1096-ին Լոթարինկիացիները կը մօտենան Կոստանդնուպոլսոյ պարիսպներուն[2]։ Ալեքսիոս կ'որոշէ դադրեցնել խաչակիրներուն սնուցումը, սակայն, երբ խաչակիրները կը սկսին թալանել քաղաքին շրջակայքը՝ կայսրը կը հրաժարի իր որոշումէն։ Զինուած բախումներէն ետք, Ալեքսիոս եւ Կատֆրէյ դաշինք մը կը կնքեն։ Կատֆրէյ կ'երդնու եւ Ալեքսիոսին փոխարէն շատ գումար կը ստանայ։ Երբ Կոստանդնուպոլիս կը ժամանեն, մնացեալ խաչակիրները կը շարժին դէպի Նիկիա։ Նիկիան գրաւելէ ետք, խաչակիրները կը բաժնուին, առաջնագիծը կը ղեկավարէ Պոհեմունտ, իսկ թիկունքը՝ Կատֆրէյ։ Խաչակիրներուն հրամանատարները դարձեալ ընդհանուր յայտարարի չեն կրնար գալ. գրաւել Դամասկո՞սը, թէ խայտառակել Ֆաթիմեանները Գահիրէի մէջ, սակայն ի զարմանս բոլորին կ'որոշեն գրաւել Երուսաղէմը:
Պաշարումը
Խմբագրել7 Յուլիս 1099-ի վաղ առաւօտեան, խաչակիրները կը հասնին Երուսաղէմ: Երուսաղէմի մօտակայքը կը հաւաքուի 20-40 հազարնոց Խաչակիրներու բանակ մը։ Երուսաղէմի ամիրա Իֆթիքար ալ-Տաուլան խաչակիրներուն քով կ'ուղարկէ դեսպաններ՝ թոյլատրելով, իբրեւ ուխտագնացութիւն, փոքր անզէն խումբերով մտնել քաղաք։ Սակայն ամիրային առաջարկին քրիստոնեաները չեն համաձայնիր[3]: Երուսաղէմի պաշարումը կը յիշեցնէր Անտիոքի պաշարումը. քաղաքին ամիրան կը վռնտէ քաղաքին բոլոր քրիստոնեաները եւ կը սկսի ամրացնել պարիսպները։ Բացի ատկէ իսլամները կը թունաւորեն շրջակայքին ջրհորները. խաչակիրները ստիպուած ջուր կը բերեն 10 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող աղբիւրէն։ 13 Յունիսին խաչակիրները կը յարձակին քաղաքին պարիսպներուն։ Աստիճաններով բարձրացող քրիստոնեաները կը մարտնչին պաշարուածներուն հետ, սակայն պարիսպներուն բարձրութեան եւ ամրութեան շնորհիւ քրիստոնեաները կը պարտուին։ Յունիսի վերջը խաչակիրները տեղեկութիւններ կը ստանան, որ ֆաթիմեաններու բանակը Եգիպտոսէն կը շարժի դէպի պաշարուածները։ Հասկնալով, որ կրաւորական պաշարումը կրնայ երկար տեւել, քրիստոնեաները Սամարիոյ մէջ անտառներէն փայտ կը բերեն եւ կը սկսին կառուցել պաշարողական մեքենաներ։ Այնուհետեւ, ռազմական ժողով մը կը գումարեն, որուն ընթացքին հրամանատարներուն պատասխանատուութիւններ կը յանձնուին։ Իւրաքանչիւր հրամանատար պարտաւոր էր յարձակիլ քաղաքէն հատուածի մը վրայ։ Խաչակիրները կը բաժնուին երկու մեծ խումբերու. Կատֆրէյ աֆ Պուիյոն, Ռոպըրթ աֆ Ֆլենտրզ (Robert of Flanders) եւ Թենգրէտ (Tancred) կը նախատեսէին պաշարել հիւսիսը, իսկ Թուլուզցի Ռեյմոնտ (Raymond of Toulouse) իր ուժերը կը տեղադրէ հարաւի մէջ: Անտիոքի մէջ ֆիրոզ անունով հայ մը կ'օգնէ խաչակիրներուն մուտք գործելու քաղաք՝ բանալով դարպասները: Վճռական յարձակումը տեղի կ'ունենայ 14 Յուլիս-ին. քրիստոնեաները պաշարողական մեքենաներէն կը սկսին քարեր արձակել, սակայն պատերուն վրայ իսլամներուն կողմէն տեղադրուած բամպակով լեցուած պարկերուն շնորհիւ հարուածները լուրջ վնասներ չեն հասցներ քաղաքին։ Յարձակումը կը շարունակուի ամբողջ օրուան ընթացքին։ Իսլամները կը վախնային, որ քրիստոնեաները նոր յարձակումներու կրնան ձեռնարկել, իսկ քրիստոնեաները կը վախնային, որ սարաքինոսները կ'այրեն պաշարողական մեքենաները։ 15 Յուլիս-ի առտուն կը սկսի համընդանուր աղօթքով։ Եւրոպայէն տէգակիրներ ցոյց կու տան մինչ այդ իսլամներուն համար անյայտ զինատեսակի մը` տէգին հզօրութիւնը` դիպուկ կրակելով պատերուն վրայ կանգնած իսլամներուն։ Ասպետները կը ձեռնարկեն նոր յարձակման. բարձրանալով պարիսպներուն վրայ՝ սարսափելի վնասներ կը հասցնեն իսլամներուն։ Այդ ճնշումներուն իսլամները չեն կրնար դիմադրել։ Կ'իյնան քաղաքին բոլոր պաշտպանները, եւ արդէն ոչինչ կրնար արգելք հանդիսանալ քրիստոնեաներուն՝ հասնելու իրենց նպատակին։ Խաչակիրները կը սկսին ներխուժել քաղաք։ Ըստ աւանդութեան, առաջինը քաղաք մտած է Լեթոլտ անունով ասպետ մը, որմէ ետք ալ՝ Կատֆրէյ աֆ Պուիյոն։
Քաղաքին թալանը եւ ջարդերը
ԽմբագրելՅարձակողները կը սպասէին իրենց ճամբուն հանդիպած բոլոր իսլամներուն եւ հրէաներուն։ Քաղաքացիներէն շատերը կը փորձեն ապաստանիլ Երուսաղէմի տաճարի տանիքին վրայ։ Առաւօտեան, խաչակիրները կ'այրեն Սինակոկը՝ իր մէջ պատսպարուած բնակիչներուն հետ միասին։ 16 Յուլիսի առաւօտեան, մօտաւորապէս քաղաքի ամբողջ բնակչութիւնը, սպաննուած էր։ Ըստ արեւմտեան ժամանակագրերու, սպաննուածներուն թիւը կը հասնի 10 հազարի, սակայն արեւելեան ժամանակագրերը կը յայտնեն քանի մը անգամ գերազանցող թիւեր։ Բացի սպանդէն Քրիստոնեաները նաեւ կը թալանեն քաղաք Թանքրետը. ըստ տեղեկութիւններու, Երուսաղէմի տաճարէն դուրս բերուած է անհամար քանակութեամբ ոսկի արծաթ եւ թանկարժէք քարեր։ Կիոմ Տիւրոսցի կը վկայէ, որ ամբողջ թալանուածը որոշ ատեն մը ետք վերադարձուած է։ Պաշարուածները քաղաքէն վիրաւորական արտայայտութիւններ կ'ուղղէին քրիստոնեաներուն։
Յաղթանակէն ետք
ԽմբագրելԵրուսաղէմը գրաւելէ ետք Կատֆրէյ արքայ կ'ընտրուի, սակայն կը հրաժարի թագադրուելէ այն քաղաքին մէջ, ուր Յիսուս Քրիստոսը թագադրեցին փուշէ պսակով։ Ան կ'ընդունի «Աստուծոյ գերեզմանին պաշտպան» տիտղոսը (լատ.՝ Advocatus Sancti Sepulchri)։ Փաստօրէն արքայ դառնալէ ետք, կը սկսի ընդլայնել թագաւորութեան տարածքները՝ գրաւելով Կեսարիան։ Ասքալոն իրեն ենթակայ կը դարձնէ Յորդանան գետի ձախ ափի արաբ բնակչութիւնը։ 1 Օգոստոսին լատին առաջին պատրիարք կ'ընտրուի Առնուլֆ Շոքեսցի։ Ան կը հարցաքննէ քանի մը հրաշքով փրկուած բնակիչներ եւ կ'իմանայ թէ ուր պահուած է քրիստոնէութեան գլխաւոր մասունքներէն մէկը՝ Ամենափրկիչ խաչը (այն խաչը, որուն վրայ խաչեցին Յիսուս Քրիստոսը)։ 12 Օգոստոսին Կատֆրէյ Ասքալոնի հետ կը ջախջախէ ալ-Աֆտալի ղեկավարած ուժերը ու այդպիսով կը վերացնէ նորաստեղծ թագաւորութեան սպառնացող վտանգները։ Այս յաղթանակներէն ետք մեծ թիւով խաչակիրներ իրենց պարտքը կը համարեն վերադառնալ հայրենիք։ Առաջին Խաչակիրներու արշաւանքը կը պսակուի յաջողութեամբ, որուն իբրեւ արդիւնք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կը ստեղծուին քրիստոնէական պետութիւններ։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Rodney Stark, God's Battalions: The Case for the Crusades, New York, 2009.
- Hans E. Mayer, The Crusades, Oxford, 1965.
- Jonathan Riley-Smith, The First Crusade and the Idea of Crusading, Philadelphia, 1999.
- Frederic Duncalf, Parallel source problems in medieval history, New York, London : Harper & Brothers, 1912. via Internet Archive. See Chapter III for background, sources and problems related to the siege of Jerusalem.
- Sir Archibald Alison, Essays, Political, Historical, and Miscellaneous – vol. II, London, 1850.
- The Siege and Capture of Jerusalem: Collected Accounts Primary sources from the Internet Medieval Sourcebook.
- Climax of the First Crusade Detailed examanination by J. Arthur McFall originally appeared in Military History magazine.