Զանգակատուն (գիւղ)

գիւղ Հայաստանի Արարատի մարզին մէջ

Զանգակատուն, գիւղ Հայաստանի Արարատ մարզի Արարատ տարածաշրջանին մէջ, մարզկեդրոնէն կը գտնուի 55 ք.մ. հեռաւորութեան եւ մայրաքաղաքէն՝ 90 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ։

Գիւղ
Զանգակատուն
Երկիր  Հայաստան
Մարզ Արարատի մարզ
Հիմնադրուած է՝ 1831[1]
Տարածութիւն 49,89 քմ²
ԲԾՄ 1650 մեթր
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Խօսուող լեզուներ Հայերէն
Բնակչութիւն 1218 մարդ (2011)
Կը գտնուի ափին Արածոգետ?
Ազգային կազմ հայեր
Ժամային գօտի UTC+4։00
Անուանուած է Պարոյր Սեւակ

Պատմութիւն

Խմբագրել

Գիւղը կը գտնուի Երեւան-Եղէգնաձոր մայրուղիին վրայ։ Նախապէս ունեցած է Չանախճի[2], Չանախճի Ներքին, Դաշտամէջ, Սովետաշէն անուանումները։ 1948-էն կոչուած է Սովետաշէն, իսկ 1991-ին, ի յիշատակ Պարոյր Սեւակի, վերանուանուած է Զանգակատուն։

Գիւղը վերաբնակեցուած է 1828-1830 թուականներուն Թուրքմենչայի պայմանագիրին համաձայն՝ Պարսկաստանի Խոյ-Սալմաստ գաւառի Հաւթուան գիւղէն գաղթած քանի մը ընտանիքներով։ Գիւղը իբրեւ բնակավայր աւելի հին է։ Ատիկա կը վկայէ գիւղի տարածքէն յայտնաբերուած խաչքարը, որ մինչեւ օրս յայտնաբերուած ամենահին խաչքարն է (Ե. դար)։ Գիւղի հիւսիս արեւմտեան մասին մէջ, բարձրադիր բլուրի մը վրայ կը գտնուի հանրապետական նշանակութեան յուշարձան՝ Ժթ. դարու գերեզմանոցը։ Գերեզմանոցին մէջ կը գերակշռեն տարբեր չափերու անմշակ գերեզմանաքարերը, ինչպէս նաեւ մշակուած խաչաքանդակներով, ծաղկաքանդակներով, մարդկային ուրուագիծերով գերեզմանաքարերը։ Գերեզմանոցին մէջ կան նաեւ քանի մը խաչքարեր, որոնք 1940-ին բերուած են մօտակայ Հորթուն բնակավայրէն։ Հորթուն գիւղին մէջ կը գտնուի Ս. Սարգիս եկեղեցին։ Զանգակատուն գիւղէն հարաւ, Գենուտի լեռներու լանջերուն կը գտնուին Պարսատիկ, Սմբուլ, Քարաղբիւր գիւղերու հետքեր՝ գերեզմանաքարերով եւ խաչքարերով։ Անոնցմէ մէկուն վրայ գրուած է. «Այս է տապան Մայր Խաթունի»:[3]

Զանգակատունը յայտնի է իբրեւ բանաստեղծ, գրականագէտ Պարոյր Սեւակի ծննդավայրը։ Զանգակատան մէջ՝ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի հարեւանութեամբ՝ իր առանձնատան բակին մէջ թաղուած է Պարոյր Սեւակը։

Գիւղը տեղադրուած է Արաքսի ձախակողմեան վտակ Արածոյ գետի ձախ ափին, Գեղամայ լեռնաշղթային հարաւային լանջին։ Ծովու մակերեսէն ունի շուրջ 1650 մ. բարձրութիւն։ Անոր վարչական տարածքը կը ներառէ ծովու մակերեւոյթէն 1400 մ.-էն մինչեւ 2947 մ. բարձրութեան վրայ գտնուող բազմաթիւ լեռներ ու բարձունքներ։

Կլիման

Խմբագրել

Կլիման բարեխառն լեռնային է։ Ձմեռը երկարատեւ է, ցուրտ, ձիւնածածկ։ Ամառը տաք է, համեմատաբար խոնաւ։ Յունուարեան միջին ջերմաստիճանը կը տատանի -8-էն -12 °C, յուլիսեան միջինը՝ +20-էն +30 °C է։ Բնական դաշտերը սեւ հողային տափաստաններն են։ Անձրեւներու միջին քանակը 400-600 մմ. է։ Յաճախակի են չոր, երաշտի տարիները։ Գիւղի թիկունքին՝ Հորթուն կոչուող տարածքին մէջ կառուցուած է 2 միլիոն խորանարդ մեթր տարողութեամբ ջրամբար մը՝ ոռոգման նպատակով։

Բնակչութիւն

Խմբագրել
Տարի 1831 1897 1926 1939 1959 1970 1979 1989 2001 2004 2011
Բնակիչ 209 1129 619 1124 814 968 972 1142 1159 1218 2819

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Գիւղն ունի առկայ 358 տնտեսութիւն։ Բնակիչները բոլորը հայեր են, գիւղին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններ չկան։ Համայնքի տնտեսութեան մասնագիտացման ճիւղը գիւղատնտեսութիւնն է։ Բնակչութեան հիմնական զբաղումը անասնապահութիւնն ու այգեգործութիւնն է։ Գիւղին մէջ կը գտնուին մեծ թիւով խնձորի, տանձի, ընկուզենիի այգիները։ Կը մշակեն բանջարեղէնի ջերմոցներ, ինչպես նաեւ հացահատիկ։ Համայնքին մէջ կը գործեն մանկապարտէզ մը եւ մէկ միջնակարգ դպրոց մը։ Համայնքը ունի մշակոյթի տուն, կը գործէ դարմանատուն մը։ Համայնքը ապահովուած է բջիջային հեռախօսակապով, ինչպէս նաեւ փոստային բաժանմունք մը կը գործէ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. https://www.cadastre.am/storage/files/pages/pg_8945895618_pg_907871769_HH_bnak._bar..pdf
  2. «Հայաստանի եւ հարակից շրջանների տեղանունների բառարան», հտ 4, էջ 210
  3. Սամվել Հակոբյան «Արարատի մարզ», Երեւան, 2010

Յղումներ

Խմբագրել