Զանգու (թերթ)

Հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ,

«Զանգու», հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ, որը լոյս տեսած է Փարիզ, 1935–1937 թուականներուն։ Խմբագիր՝ Միսաք Մանուշեան։ Ֆրանսահայ համայնավարներու թերթը։

Զանգու
Զանգու, Zankou եւ Zangou
Տեսակ հասարակական-քաղաքական
շաբաթաթերթ
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Միսաք Մանուշեան
Հիմնադրուած է 1 Յունիս 1935
Հիմնադիր ֆրանսահայ համայնավարներ
Հրատարակիչ Հայաստանի օգնության կոմիտեի Ֆրանսիայի մասնաճյուղ?
Երկիր Ֆրանսա
Հրատարակման վայր Փարիզ

Պատմութիւն

Խմբագրել

Պաշտպանած է հայ գաղութի աշխատաւորներուն շահերը, օգնած՝ բարձրացնելու անոնց դասակարգային գիտակցութիւնը եւ համախմբելու հայ աշխատաւորներուն երկրի բանուորական կազմակերպութիւններու հետ։

Մեծ դեր է խաղացած է գաղութի եւ Խորհրդային Հայաստանի կապերը ամրապնդելու գործին մէջ։ Լայնօրէն լուսաբանած է Խորհրդային Հայաստանի կեանքը, անոր նուաճումները, օգնած՝ հայրենադարձութեան գործին, ՀՕԿ-ի եւ յառաջադիմական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն։

Թերթը ձգտած է տեղեակ պահել իր ընթերցողներուն միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին, քարոզչութիւն ծաւալած է ֆաշիզմի եւ պատերազմի օրէ օր սպառնացող վտանգի դէմ։

Թերթին աշխատակցած են Գ. Թահմազեանը, Դ. Դաւիթեանը, Տ. Զաւէնը, Հ. Գալճեանը, Զարեհ Որբունին, Երուանդ Թոլայեանը, Ա. Կոթիկեանը, Ե. Քոչարը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։