Զապէլ Հէքիմեան (1856, Բերա (Կ․ Պոլիս) - 1938), հայ դերասան։

Զապէլ Հէքիմեան
Ծնած է 1856
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1938
Մասնագիտութիւն դերասանուհի
Ամուսին Յովհաննէս Հէքիմեան

Զապէլ ամուսնացած է Յովհաննէս Հէքիմեանի հետ եւ ունեցած մէկ զաւակ։

Թատերական կեանք

Խմբագրել

Հէքիմեան առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1879 թուականին, Յակոբ Վարդովեանի թատերախումբին մէջ։ Ան սկիզբը հանդէս կու գայ փոքր դերերով, ապա՝ պատասխանատու դերերով։ Ան իր աշխատասիրութեամբ եւ բեմական բնազդով կը յաջողի մտնել իրեն վստահուած դերերուն մէջ ու կը տիրանայ համբաւի՝ յատկապէս «Տիկին Սէնթրոփէզ»-ի դերով։ Ան անձնաւորած է նախ սիրուհիի, ապա՝ մայրական դերեր:

Քանի մը ամիս գործելէ ետք, Վարդովեանի հետ, կ՛անցնի Սկիւտարի Տաքէսի թատրոնը ու այնտեղ կը բոլորէ ամառնային շրջանը։

Երբ 1882-ին, Կովկասէն հազիւ վերադարձած Հրաչեայի ջանքերով, Մաղաքեանի թատերախումբի վերականգնման փորձեր կը կատարուէր Միջագիւղի (Օրթագիւղ) մէջ՝ վերապրելու անցեալի թաղային ոսկեշրջանը, Մաղաքեանի եւ Հրաչեայի (Ազնիւ-Հրաչեայ) ղեկավարութեամբ Զապէլ արդիւնաւոր շրջան մը կը բոլորէ այդ խումբէն ներս։ Հրաչեայ որպէս դերուսոյց խոր ազդեցութիւն գործեց Զապէլի վրայ։

Զապէլ, նոյն խումբով, կը մասնակցի նաեւ Պէշիկթաշի եւ Պէյօղլուի մէջ (ֆրանսական նոր թատրոն) տրուած ներկայացումներուն, միշտ անձնաւորելով առաջին սիրուհիի դերեր՝ Մարիան Տիւվալ («Նէլի Աշտարակը»), Մարի Ժանն («Մարի Ժանն»), ինչպէս նաեւ «Քաթէրին Հովուարտ» եւ «Լիոնի Սուրհանդակը» թատերախաղերը։

1883-ի թատերաշրջանը կ՛անցընէ Շահզատէպաշը եւ Սկիւտար։ 1884-ին կը մասնակցի (վեց ամիս) Սերովբէ Պէնլկլեանի գուսանախաղի խումբին մէջ։

1885-ին՝ Պէնլկլեան, 36 հոգինոց խումբին հետ, կը ճամբորդէ դէպի Եգիպտոս։ Այդ խումբին մէջ, գլխաւոր դերերու ցանկին մաս կը կազմէ նաեւ Զապէլ Հէքիմեան։ Խումբին խաղացանկին մէջ եղած են Տիգրան Չուխաճեանի գործերէն՝ «Լէպլէպիճի հորհոր աղա»ն, «Քէօսէ Քէհեա»ն, «Արիֆ»ը, նաեւ եւրոպական գուսանախաղեր՝ «Ճիրոֆլէ Ճիրոֆլա»ն, «Պէլ Էլէն»ը եւ «Լը պրիկան»ը։

Մարտիրոս Մնակեանի «Օսմանեան տրամի խումբ»ը եւ Զապէլ Հէքիմեան

Խմբագրել

Վարդովեանի յաջորդելով, Մարտիրոս Մնակեան կը հիմնէ[1] «Օսմանեան տրամի խումբ»ը՝ Տիգրան Թոսպաթեանի ընկերակցութեամբ (կը գործէ մինչեւ 1914)[2]։ Այս խումբէն ներս մեծ համբաւ կը շահի, երբ ան կը սկսի կանացի բոլոր դերերը կատարել, դերասանուհի Մարի-Նուարդի մահէն ետք:

Հէքիմեան երկար տարիներ եղած է թրքահայերուն սիրելի արուեստագիտուհին: Սակայն, Մնակեան խումբին քայքայուելէն ետք, ան կը հեռանայ բեմէն եւ միայն մասնաւոր հրաւէրներով կ՛երեւի բեմին վրայ։ Քսան տարի կ՛ապրի բեմէն քաշուած: Ան կը հանդիսանայ Վարդովեան թատրոնի վերջին ներկայացուցիչը, որ իրմով կ՛անհետանայ:

Գերմանիոյ կայսեր Վիլհէլմ Բ․-ի Սթանպուլ այցելութիւնը

Խմբագրել

Զապէլ կը պատկանէր նաեւ թուրք թատրոնին: Բացի հայերէնէ, հայ արուեստագիտուհին միշտ խաղացած է նաեւ թրքերէն: Մնակեանի հետ, յաճախ, գացած է Իզմիր եւ Պուրսա. եղած է կուռքը թուրք թատերասէրներուն:

Հէքիմեան Գերմանիոյ կայսեր Սթանպուլ այցելութեան առթիւ կը հրաւիրուի Եըլտըզ, մասնակցելու «Ջաղացպանին Աղջիկը» թատերախաղին ներկայացման։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Ռեժիսոր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-26 
  2. «Թուրքիայում հայ թատրոնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-12-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-26 

Աղբիւրներ

Խմբագրել