Զապէլ Պոյաճեան
Զապէլ Թովմաս Պոյաճեան, (1873, Ամիդ - 26 Յունուար 1957, Լոնտոն), հայ նկարիչ, գրող, թարգմանիչ։
Զապէլ Պոյաճեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1873 |
Ծննդավայր | Ամիդ |
Մահացած է | 26 Յունուար 1957 |
Մահուան վայր | Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն[1] |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Միացեալ Թագաւորութիւն |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր | Ֆելիքս Սլեյդի գեղեցիկ արվեստների դպրոց? |
Մասնագիտութիւն | նկարչուհի, գրագէտ, թարգմանիչ, էսպերանտիստ |
Աշխատավայր | նկարիչ, գրող, թարգմանիչ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԶապԷլ Պոյաճեանը ծնած է 1873 թուականին, Տիարպէքիր նահանգի Ամիդ քաղաքին մէջ, Տիրապէքիրի մէջ բրիտանացի փոխ-հիւպատոս Թովմաս Պոյաճեանի եւ Քաթերին Ռոճըրզի (անգլիացի գրող Սամուէլ Ռոճըրզի ժառանգ) ընտանիքին մէջ։ Համիտեան ջարդերու ժամանակ, հօր սպանութենէն յետոյ, 1895 թուականին մօր եւ եղբօր՝ Հենրիի հետ տեղափոխուած է Լոնտոն, ուր սորված է Սլէյտ գեղարուեստի դպրոցին մէջ։ Տիրապետած է անգլերէն, հայերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, շուէտերէն, էսպերանտօ լեզուներուն։ Պոյաճեանը եղած է էսպերանտոյի միջազգային ընկերակցութեան Լոնտոնի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն: 1907 թուականին իբրեւ դերասանուհի մասնակցած է Քեմպրիճի մէջ կազմակերպուած էսպերանտոյով թատերական մէկ ներկայացման։
Գրական Գործունէութիւն
ԽմբագրելՊոյաճեանը նաեւ ստեղծագործած է։ Առաջին նորավէպը՝ «Եսթեր. կեանքի մը սիրավէպը», ուր նկարագրուած են Սասունի ջարդերը, հրատարակուած է 1901 թուականին։ Գիրքը հրատարակած է «Վարդենի» գրչանունով։ Մօտ եղած է վիպասան Րաֆֆիի կնոջ՝ Աննա Րաֆֆիի եւ անոր որդիներուն՝ Արամի եւ Արշակի հետ, որոնք Լոնտոն տեղափոխուած էին Րաֆֆիի մահէն յետոյ։ «Արարատ» ամսագիրին մէջ Պոյաճեանը Րաֆֆիի վէպերէն թարգմանութիւններ հրատարակած է։
Անգլերէն թարգմանած է եւ առանձին գիրքով հրատարակած է Աւետիք Իսահակեանի «Աբու Լալա Մահարի» վիպերգը, որ ունեցած է երեք տպագրութիւն։ Պոյաճեանն իր ամէնամեծ գրական յաջողութիւններէն համարած «Շէյքսփիրին ի պատիւ գիրք» ծաւալուն հատորին մէջ ընդգրկուիլը։ Այդ ժողովածուին մէջ զետեղուած են տարբեր ազգերու հեղինակներու յօդուածներ եւ բանաստեղծութիւններ։
Պոյաճեանը մահացած է Անգլիոյ Սիֆըրտի իր բնակավայրին մէջ, 1957 թուականին։
Նկարչութիւն
ԽմբագրելԶապէլ Պոյաճեանը ստեղծած է բազմաթիւ նկարչական աշխատանքներ՝ դիմանկարներ եւ բնանկարներ, որոնց շարքին՝ Րաֆֆիի եւ զօրավար Անդրանիկի իւղաներկ դիմապատկերները։
Երկեր
Խմբագրել* Armenian Legends and Poems. Trans. Z. C. Boyajian. New York։ Columbia University Press, 1st ed., 1916. * Gilgamesh։ A Dream of the Eternal Quest. London։ George W. Jones, 1924. * In Greece with Pen and Palette. London։ J.M. Dent & Sons, 1938.