Զարա
Զարա՝ հագուստի եւ զարդարանքի ընկերութիւն մըն է, հաստատուած Արդէխիօ, Կալիցիայի մէջ։ Ընկերութիւնը հիմնած է Ամանջիօ Օրդեկան եւ Ռոզալիա Մերան 1975-ին։ Զարան անդամ է Ինտիդէգս համաշխարհային ընկերութեան, որ կը նկատուի աշխարհի ամէնամեծ հագուստի ընկերութիւններէն մէկը։ Ինտիդէգսը կ'ընդգրկէ նաեւ՝ Մասսիմօ Տուդդին, Փուլ Անտ Պէրը, Եուդէրգը, Սդրատիվարիոսը, Օյշօն եւ Պըրշգան։
Զարա | |
---|---|
| |
Տեսակ | Անշարժ գոյքով ընկերութիւն, խանութներու ցանց եւ առեւտրական ձեռնարկութիւն |
Իրավաբանական ձեւ | հանրային ընկերութիւն |
Հիմնադրուած է | 1975 |
Հիմնադիր | Ամանսիօ Օրթեկա |
Վայր |
Լա Կորունյա, Կալիսիա, Սպանիա Արտեյշո, Լա Քորունիա, Կալիսիա, Սպանիա |
Երկիր | Սպանիա |
Արդիւնաբերութիւն | հիւսուածեղէն, հագստեղէնի գործարարութիւն եւ մանրառեւտուր |
Հասոյթ | Կաղապար:Profit €11.594 billion (2014)[1] |
Մայր ընկերութիւն | Inditex |
Ստորաբաժանումներ | Zara Diseño, S.L., Zara Logística, S.A |
Կայք | zara.com(անգլերէն) |
Կ'ըսուի որ Զարան կ'ուզէ մէկ շաբթուայ ժամանակամիջոց, որպէսզի ստեղծէ նոր հագուստի ձեւաւորումներ, բաղդատելով միւս ընկերութիւններուն որոնք կ'ուզեն մօտ 6 ամիս։ Ան ամէն տարի կ'իջեցնէ 12,000 նորաձեւութիւններ ամբողջ աշխարհի վրայ[2]։ Ընկերութիւնը իր արտադրութիւնները կ'ընէ աղքատ երկիրներու մէջ։ Քաղաքականութիւնն է նոր խանութներ բանալ աշխարհի վրայ, քան՝ գովազդներու վրայ ծախսել։
Անոր շահերը հասած են մօտ 11.594 միլիար Եւրոյի, ըստ 2014-ի վիճակագրութեան։
Խանութները աշխարհի վրայ
ԽմբագրելԱշխարհի վրայ կան աւելի քան 2000 Զարայի խանութներ, որոնք կը գնտուին 88 երկիրներու մէջ։
Զարան կը գտնուի գնումի զբօսավայրերու մէջ եւ աշխարհի ամէնայայտնի թաղերուն մէջ։ Զարան ունի խանութներ Նիւ Եորքի Ֆիֆդ Աւենիու թաղին մէջ, Օքսֆորտ թաղին մէջ՝ Լոնտոն, Գալ Սէրանօ Մատրիտի մէջ, Վիա Տէլ Գորզօ Հռոմի մէջ, Շան-զ'Էլիզէ Փարիզի մէջ, Էրմու փողոց Աթէնքի մէջ եւ ուրիշ այլ շրջաններու մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Annual Report 2014» (PDF)։ Inditex S.A.։ արտագրուած է՝ June 28, 2015
- ↑ Burgen Stephen։ «Fashion chain Zara helps Inditex lift first quarter profits by 30%``»։ The Guardian։ The Guardian։ արտագրուած է՝ 12 January 2015