Զարեհ Սինանեան (1973, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար (2019)[1]։

Զարեհ Սինանեան
Ծնած է 1973
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր USC Gould School of Law?
Քալիֆորնիա Համալսարան (Լոս Անճելըս)
Մասնագիտութիւն փաստաբան, քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ mayor of a place in California?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Հայրը ծնած է Սթամպուլ, 1946 թուականին հայրենիք վերադարձած է եւ հաստատուած Երեւան: Մայրը Երեւանէն է, մօրենական մեծ հայրը՝ Թալին քաղաքէն, արմատներով մշեցի են։

Ուսումը ստացած է Երեւանի թիւ 172 դպրոցին եւ Սայեաթ-Նովայի երաժշտական դպրոցին մէջ։ 1998 թուականին ընտանիքով տեղափոխուած են ԱՄՆ եւ հաստատուած՝ Պըրպանք քաղաքին մէջ։ Սորված է Պըրպանքի John Muir Middle դպրոցին մէջ, աւարտած է Պըրպանքի աւագ դպրոցը։ 1997 թուականին աւարտած է Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանը (UCLA), հետեւած է քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան դասընթացքներու։ Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի իրաւաբանական բաժամունքին մէջ։ Աշխատած է Ուաշինկթընի թանկարժէք պարտատոմսերու շուկան վերահսկող մարմնին մէջ, աշխատակցած է հայկական քարոզչական ընկերութիւններէն մէկուն մէջ։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

1998 թուականին հաստատուած է Կլէնտէյլ, ներդրում ունեցած է Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ՝ սկսելով «շարքային» զինուորէն, աւարտելով Արեւմտեան Ափի Խորհուրդի անդամ ըլլալով։[2]։

Հայկական համայնքին մէջ եղած է գործունեայ, պաշտպանած է Հայաստանի եւ Արցախի շահերը, օգնած է տեղացի հայերուն։

2013 թուականի Ապրիլին, մասնակցած է Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններուն եւ դարձած է Հայաստանի մէջ ծնած առաջին հայ քաղաքային խորհուրդի անդամը։

2014 Ապրիլին նշանակուած է Կլէնտէյլի քաղաքապետ։[3][4]։

2019 թուականին ՀՀ Վարչապետի որոշումով նշանակուեր է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար։

Ընտանիք

Խմբագրել

Ամուսնացած է Լոռիին հետ եւ ունի 4 երեխայ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Վարչապետի Որոշումներ
  2. «Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանն այցելեր է Արեւմտեան Թեմ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-09-09-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-01 
  3. «Zareh Sinanyan appointed mayor»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-03-09-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-01 
  4. «Mayor Zareh Sinanyan»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-30-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-01