Էվրոս (յուն․՝ Έβρος, պուլկ․՝ Марица Մարիցա, թրք․՝ Meriç Մերից)․ Հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի երկրորդ մեծութեամբ գետը (Տանուպ գետէն ետք) եւ Պալքանեան թերակղզիին գլխաւոր գետը (530քլ․ երկարութիւն)։ Կը թափի Թրակիոյ ծոցը։

Էվրոս
Έβρος (Θράκη)
Էվրոս գետը, վարի քարտէսը՝ հոսքը․ Պուլկարիա, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ սահմաններէն եւ կը թափի Թրակիոյ ծոց, Էգէական ծով
Էվրոս գետը, վարի քարտէսը՝ հոսքը․ Պուլկարիա, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ սահմաններէն եւ կը թափի Թրակիոյ ծոց, Էգէական ծով
Բնութագիր
Երկայնք 480 քմ
Ջրահոսք
Ակունք Ռիլա լեռնաշղթայ, Պուլկարիա
Տեղակայում
Երկիր Պուլկարիա, Յունաստան

Անունը

Խմբագրել

Ըստ յունական դիցաբանութեան, Էվրոս Էմոսին եւ Ռոտոփիին զաւակն էր։ Ան Թրակիացիներուն կողմէն որպէս աստուած պաշտուեցաւ։

Ուրիշ աւանդութեան մը համաձայն, գետը հնադարին Ռոմվոս կը կոչուէր եւ Էվրոս անունը առաւ Քասանտրոս առասպելական թագաւորին զաւակէն որ գետին մէջ խեղդուած էր։

Էվրոսին Դելթան

Խմբագրել

Էվրոսի Դելթան, Եւրոպայի գլխաւոր բնապահպանուած կենսավայրերէն է։

Էվրոսին գետաբերաններուն կը կազմուի հսկայ տարածութեամբ բաւղային Դելթա, որ Յունաստանի ամենակարեւոր կենսավայրն է։ Դելթան կը սկսի Փորոս գիւղէն, ուր կը ճիւղաւորուի երկու գլխաւոր մասերու։

Գետը նաւարկելի չէ, սակայն ունի կարեւոր ջուրի ծաւալ, որ կը գործածուի ելեկտրականութեան արտադրումին, ինչպէս նաեւ արտերու որոգման համար։

1923-ին Էվրոս գետին Դելթան Յունաստանին սահմանուեցաւ, հակառակ այդ օրերուն Թուրքիոյ պահանջքներուն։

 
Էվրոս գետին ակունքները․ Ռիլա լեռնաշղթայ

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Գետին հոսքը

Խմբագրել

Էվրոս գետը կը բխի Ռիլա Լեռնաշղթայէն, Պուլկարիա։ Պուլկարիոյ մէջ հոսելով կը ճեղքէ Արեւելեան Ռոմիլիան Ռոտոփի եւ Էմոս լեռնաշղթաներուն միջեւ հովիտներ կազմելով։ Կ՛անցնի Փազարչիկ, Փլովտիւ, Սվիլեկրատ քաղաքներէն։ Յունա-պուլկարական սահմաններուն Օրմենիօ գիւղին մօտ, քանի մը քիլոմեթր կը մտնէ Թուրքիա, ապա կը շարունակէ հոսքը կազմելով յունա-թրքական սահմանը եւ Թրակիան բաժնելով երկու մասի՝ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Թրակիա։ Կ՛անցնի յունական Փիթիօ, Ֆերես, Տիտիմօթիհօ, Սուֆլի, Լավարա, Թիհերօ, Նէա Վիսա եւ թրքական Մերից, Քեսան գաւառներէն։ Կը թափի Թրակիոյ ծոցը (հիւսիսային Էգէական ծով)։

 
Արբանեակային նկար Էվրոս գետի ողողումներէն․ 20-3-2006 եւ 3-3-2006

Հոսքին ընդհանուր երկարութիւնն է 480քլ․, որոնցմէ 206քլ․ Յունաստանի մէջ։

Հարկատու գետեր

Խմբագրել

Էվրոսին գլխաւոր հարկատու գետերն են․-

Դունծաս, Էրղինիս, Արտաս եւ Էրիթրոփոթամոս։

Ողողումներ

Խմբագրել

Գետը յաճախակի ողողումներու ենթակայ է։ Լեռներու ձիւնհալը, շարունակական անձրեւները պատճառ կ՛ըլլան գետի ջուրին յաճախակի յորդումներուն։

Գետին ապականում

Խմբագրել
 
Էվրոս

Դժբախտաբար գետի ջուրերուն մէջ կը թափուին Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ մետաղի ճարտարագիտութեան աւելցուկները։ Երբ գետը կը մտնէ յունական սահմանները, արդէն բորոկատի, բորոկային աղի, անուշադրակի աղի եւ լուսածինի մակարդակները շատ բարձր են։

Գաղթականութեան հոսքեր

Խմբագրել

Էվրոս գետը Յունաստանի (Եւրոպական Միութեան) եւ Թուրքիոյ սահմանագիծը ըլլալով, վերջին տասնամեակներուն Թուրքիոյ ճամբով գաղթականներու եւ փախստականներու ապօրինի անցք եղած է։

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Նեսթոս

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել