Ժոզէֆ Ժիրաքօ
Ժոզէֆ Ժիրաքօ (4 Հոկտեմբեր 1930, Պէյրութ, Լիբանան - 24 Դեկտեմբեր 2016 [1]), լիբանանահայ նկարիչ։
Ժոզէֆ Ժիրաքօ | |
---|---|
Ծնած է | 4 Հոկտեմբեր 1930 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Մահացած է | 24 Դեկտեմբեր 2016 (86 տարեկանին) |
Կրթութիւն | Փարիզի Գեղարուեստից դպրոցը |
Մասնագիտութնիւն | գեղանկարիչ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Պէյրութ: Իր ծնողները եղած են Մեծ Եղեռնէն վերապրողներ այնթապցի Արթին եւ Մարի Ժիրագօ: 1960-ին Ժոզէֆ մեկնած է Փարիզ, շարունակելու համար իր ուսումը գեղարուեստի մէջ: Ան Փարիզի մէջ աւարտած է Ֆրանսայի «էքօլ Տէ Պօզար» դպրոցը:
Լիբանան վերադառնալէն վեց տարի ետք 20 Նոյեմբեր 1966-ին, Պէյրութի մէջ կ’ամուսնանայ Շնորհիկ Պապուչաքեանի հետ: Կարճ ժամանակ մը Փարիզ բնակելէ ետք 1967 Օգոստոսին կը վերառանան Պէյրութ:
1967-ին կը ծնի իրենց միակ զաւակը Արթուրը: Ընտանիքը վերջնականօրէն կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու մէջ 1976-ին, միանալու համար նախապէս Լոս Անճելըս հաստատուած Ժիրագոյի երկու եղբայրներուն։
Լիբանանահայ նկարիչ՝ Ժոզէֆ Ժիրաքօ, մասնակցելով Սանդր Քիւլթիւրէլ Էնթերնասիոնալի (Փարիզ) կազմակերպած տարեկան մրցումին, արժանացաւ Բ. մրցանակի։
Ժիրագօ մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու Պէյրութի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի, Միլանոյի եւ Երեւանի պատկերասրահներուն մէջ, արժանանալով տեղական մամուլի եւ արուեստագէտներու բարձր գնահատականներուն: Իր գործերը կը գտնուին նաեւ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ:
Նկարիչ Ժիրաքօ անծանօթ չէ Լիբանանի արուեստասէր շրջանակներուն։ Բազմաթիւ խմբական ցուցադրութեանց մասնակցելէ ետք, Դեկտեմբեր 1964-ին, «Օթէլ Ֆինիսիայ»ի մէջ կազմակերպեց իր առաջին ցուցահանդէսը եւ արուեստի քննադատներուն կողմէ ողջունուեցաւ համակրանքով։
Գործերը
ԽմբագրելԻր գործերը ունին իւրայատուկ նկարագիր, կը ներկայացնեն հոգեկան վիճակներ։ Նկարիչը հարազատ արտայայտչականութեան կը հասնի գլխաւորաբար ջրաներկի գործածութեամբ, ընդծովեայ աշխարհն է անոր ներշնչման աղբիւրը եւ իր ներաշխարհը արտայայտելու միջոցը, որուն կը հասնէր թափանցիկ գոյներու գործածութեամբ[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ MassisPost։ «Ոչ Եւս է Անուանի Գեղանկարիչ Ժոզէֆ Ժիրագօ | Armenian News By MassisPost» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2020-04-04
- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 277։