Լեւոն Առատեան (Sir L, 3 Յուլիս 1932(1932-07-03), Պուրճ Համուտ, Լիբանան - 17 Հոկտեմբեր 2019(2019-10-17)[1], Փարիզի 14-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա), հայ արուեստագէտ եւ բարերար։ Արուեստի աշխարհի մէջ յայտնի «Sir L» անունով:

Լեւոն Առատեան
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Lévon Ara Aradian
Կեղծանուն Sir L.
Ծնած է 3 Յուլիս 1932(1932-07-03)
Ծննդավայր Պուրճ Համուտ, Լիբանան
Մահացած է 17 Հոկտեմբեր 2019(2019-10-17)[1] (87 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 14-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[2]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Կրթութիւն Q25394732?
Ժիւլիան Ակադեմիա
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ, գծագրիչ, վիմագրող, պաստելիստ
Կայք sir-l.fr

Առատեանի դիակեզման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 24 հոկտեմբերին՝ Փարիզի Պեր-Լաշեզ գերեզմանատան մէջ:

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Պէյրութ։ Յաճախած է Պէյրութի Մխիթարեան Միաբանութիւնը, ապա Ճիզվիտներու գոլեճը։

1951-ին Փարիզ մեկնած է եւ սորված է Սորպոնի համալսարանին մէջ: Ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ, մասնակցած է խմբակայիններու եւ ճանաչում ձեռք բերած է Եւրոպայի մէջ:  

1988-ի, Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, ան ցուցահանդէս կազմակերպած է՝ միջազգային ճանաչում ունեցող նկարիչներու, այս առթիւ հաւաքուած 2 միլիոն ֆրանքը տրամադրած է Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան՝ աղէտի գօտիի մէջ ծրագիր իրականացնելու համար: Աջակցած է հայաստանցի նկարիչներուն, Չարենցաւան քաղաքի մէջ հիմնած է գորգագործութեան արհեստանոց[3]:

Լեւոն Առատեան աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ասպարէզի մէջ՝ ցուցահանդէսներով բարձրաձայնելով ցեղասպանութիւններու հարցը: Այդ թեմայով անոր կազմակերպած «Կեանքի երանգներ» ցուցահանդէսը 1990-ականներու սկիզբը շրջած է եւրոպական շարք մը քաղաքներ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել