Լեւոն Տիգրանեան

Հայ բժիշկ, թարգմանիչ, բառարանագիր եւ հասարակական գործիչ։

Լեւոն Տիգրանեան (1841, Երեւան, Վրացա-Իմերեթական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 16 Փետրուար 1906(1906-02-16) կամ 1906, Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն), հայ բժիշկ, թարգմանիչ, բառարանագիր եւ հասարակական գործիչ։

Լեւոն Տիգրանեան
Ծնած է 1841
Ծննդավայր Երեւան, Վրացա-Իմերեթական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 16 Փետրուար 1906(1906-02-16) կամ 1906
Մահուան վայր Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Պաշտօն Երեւանի քաղաքապետ
Պարգեւներ Սուրբ Ստանիսլավի 3-րդ աստիճանի շքանշան?

Կենսագրական գխծեր

Խմբագրել

Ծնած է Երեւան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար մեկնած Թիֆլիս եւ Պեթերսպուրկ, ուր ստացած է իր բժշկագիտական կրթութիւնը։

1875 թուականին աւարտած է Թորպատի համալսարանի բժշկական բաժանմունքը։ Ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին՝ 1877-1878 թուականներուն, Տիգրանեան կամաւոր մեկնած է ճակատ եւ պայքարած ռուսական բանակի մէջ տարածուած բծաւոր տիֆ համաճարակի դէմ. ընթացքին նշանակուած է Էրզրումի նահանգի բժիշկ:։

1879 թուականին դուրս գալով ռուսական բանակէն նշանակուած է Երեւանի բժիշկ, իսկ 1880-ին եղած է «Առողջապահական մշտական յանձնաժողով»ի նախագահ:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Երեւանի մէջ, 1881-1884 թուականներուն, հրատարակած է «Առողջապահական թերթ»[1] միամսեայ հանդէսը: Անոր ջանքերով 1890 թուականին Երեւանի մէջ հիմնուած է հիւանդանոց:

Բժշկական ասպարէզի կողքին Տիգրանեան զբաղած է նաեւ հայ Ազատագրական պայքարով. եղած է 1881 թուականին Երեւանի մէջ հաստատուած «Հայասէր-Ազգասէր» կազմակերպութեան հիմնադիրներէն, որուն նպատակն էր Հայաստանի երկու հատուածներուն մէջ կազմակերպել ապստամբութիւններ եւ ստեղծել ազատ եւ անկախ Հայաստան: Այս նպատակի իրագործման համար Տիգրանեան շրջած է բազմաթիւ երկիրներ, հանգանականութիւններ կատարած եւ այդ գումարներով զէնք ու զինամթերք գնած հայ զինուորներու համար: Իր այս ազատագրական գաղափարներուն պատճառով Տիգրանեան 1883 թուականին ձերբակալուած եւ աքսորուած է Թորպատ, ուրկէ երեք տարի ետք անցած է Գերմանիա եւ ապա Ֆրանսա:

Տիգրանեան եղած է այն առաջին հայ բժիշկներէն, որ կարեւորած է կանխարգելիչ բժշկութեան գաղափարը։ Անոր ջանքերով Երեւանի դպրոցներուն մէջ մտած է մարմնակրթութեան դասընթացքը, որուն համար գրած եւ հրատարակած է «Մարդակազմութիւն» ձեռնարկը, որ երկար ժամանակ օգտագործուած է Երեւանի վարժարաններէն ներս:

Հրատարակութիւններ

Խմբագրել

Տիգրանեան զբաղած է նաեւ հրատարակութեամբ։ «Մարդակազմութիւն» ձեռնարկի կողքին հրատարակած է նաեւ «Մանկական պարտէզ» մանկավարժական աշխատութիւնը:

Կազմած է հայերէն լեզուով բժշկական բառարաններ, միաժամանակ թարգմանելով օտարալեզու այլ բառարաններ: Անոր թարգմանած գրութիւններէն շատեր լոյս տեսած են «Մուրճ» եւ «Լումայ» պարբերականներուն մէջ:

Տիգրանեանի 1898 թուականին գրած յուշերը մնացած են անտիպ[2]։

Բառարաններ

Խմբագրել

Կազմած է․

  • «Մարմնակազմական կամ անատոմիական բառարան լատիներենից և ռուսերենից հայերեն» (1879),
  • «Բառարան բժշկական բույսերի, լատիներենից հայերեն և ռուսերեն» (1883) բառարանները:

Թագմանութիւններ

Խմբագրել

Թարգմանած է՝

  • Հիւկօ Փոլի «Բժշկարանը» (1892) բառարանը:

Թարգմանած է նաեւ Կէօթէի՝

  • «Հերման Եւ Տորոթէեայ» (1895),
  • «Ֆաուսթ» (1899),
  • «Թորքվաթօ Թասսօ» (1901թ) գիրքերը։

Իսկ Ն. Կոկոլի «Վերաքննիչ» (1905) գիրքը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԹԵՐԹ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-14 
  2. ԼԵՒՈՆ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ (1842-1906)
  3. «AV Production - Լեւոն Տիգրանեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-11-19-ին։ արտագրուած է՝ 2022-03-20 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։