Առողջապահական թերթ
Առողջապահական թերթ, միամսեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1881-1884-ին, Երեւանի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչն էր Լեւոն Տիգրանեանը։ Բժշկական առաջին հանդէսն է հայ իրականութեան մէջ։ Տպագրած է ժամանակի ականաւոր բժիշկներու յօդուածները, թարգմանական նիւթեր ռուսական եւ եւրոպական բժշկական հանդէսներէն։ Առողջապահական թերթը տարածուած է Երեւանի, Մոսկուայի, Թիֆլիսի, Իրանի, հայաբնակ այլ վայրերու մէջ[1][2]։
Առողջապահական թերթ Առողջապահական թերթ | |
---|---|
Տեսակ | թերթ |
Լեզու | հայերէն |
Խմբագիր | Լեւոն Տիգրանեան |
Հիմնադրուած է | 1881 |
Հրատարակիչ | Լեւոն Տիգրանեան |
Երկիր | Ռուսական Կայսրութիւն |
Գրասենեակ | Երեւան, Ռուսական Կայսրութիւն |
Թերթին հրատարակիչն ու խմբագիրը եղած է բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանը: Եթէ նկատի չառնուին մինչ այդ Պոլիս հրատարակուած «Աստղիկ Արեւելեան» (1861) «Փունջ» (1860) եւ «Կիլիկիա» (1861) հանդէսները, որոնք չունէին զուտ բժշկական ուղղութիւն, ապա «Առողջապահական Թերթ»ը կարելի է նկատել առաջին բժշկական հանդէսը հայ իրականութեան մէջ[3]:
Բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանի կողմէ բժշկական հանդէսին հրատարակումը մեծ եւ մինչ այդ չտեսնուած երեւոյթ էր հայ իրականութեան մէջ: Ահա այդ է պատճառը, որ հանդէսը ջերմ ընդունելութիւն գտած է հայ ընթերցողներուն կողմէ:
«Առողջապահական Թերթ»ը ո՛չ միայն տարածուած էր Երեւանի մէջ, այլեւ` Մոսկուայի, Թիֆլիսի, Քիեւի, Էրզրումի, Ալեքսանդրապոլի, Էլիզավետապոլի, Հին Նախիջեւանի, Քութայիսի եւ հայաբնակ այլ վայրերու մէջ:
Հանդէսը առաջին տարին տպագրուած է 480 օրինակ եւ ոչ միայն փակած է իր ծախսերը, այլեւ դրամական որոշ օգուտ տուած է խմբագիր-հրատարակիչին: Այդ ժամանակներուն, ինչպէս յայտնի է, առանց նիւթական վնասի որեւէ պարբերականի հրատարակումը հայ իրականութեան մէջ այնքան ալ դիւրին գործ մը չէր:
1881-ին նշանաւոր փրոֆեսոր Վերխովը Թիֆլիս գտնուած շրջանին, տեսնելով «Առողջապահական Թերթ»ին առաջին թիւը, զարմացած է, որ հայերէնով առողջապահական հանդէս կը հրատարակուի: Ան կը յայտնէ, որ նման հանդէսի մը հրատարակումը ապացոյց է, որ հայերը կը գտնուին զարգացման բարձր աստիճանի վրայ:
«Առողջապահական Թերթ»ը մեծ դեր է կատարած Հայաստանի մէջ բժշկական գիտելիքներու տարածման ասպարէզին մէջ: Հանդէսը չէ բաւարարուած բժշկութեան վերաբերեալ ընդհանուր բնոյթ կրող յօդուածներ տպագրելով: Դրականն այն է, որ հոն տպագրուած բոլոր յօդուածները բխած են կեանքէն առնուած ճշգրիտ խնդիրներէ:
Հանդէսին առաջին թիւով դրուած է անոր ծրագիրը.
- «Պետական կարգադրութիւնը ժողովուրդին առողջութեան վերաբերութեամբ»,
- «Առողջապահական յօդուածներ աշխարհիկ ոճով, ժողովուրդին առողջապահական պայմանները, բժշկական արհեստը ժողովրդի մէջ, բժշկականութիւնը ժողովրդականացրած,
- «Բժշկական մատենախօսութիւն», «Խառն լուրեր»,
- «Յայտարարութիւններ»:
Հանդէսը երեւան բերած է սնոտիապաշտութեան, վատառողջ կենցաղի, ինքնաբուժութեան այն բոլոր երեւոյթները, որոնք տեղ գտած էին Հայաստանի բնակչութեան շրջաններուն մէջ, ցոյց տուած է անոնց բացասական ազդեցութիւնը մարդոց առողջութեան վրայ:
Հանդէսին միւս արժանիքն ալ այն է, որ հոն տպագրուած յօդուածները գրուած են ժողովուրդին հասկնալի աշխարհաբար լեզուով: Այս պարագան հնարաւորութիւն տուած է հանդէսին` տարածուելու ժողովրդական լայն զանգուածներուն մէջ:
Տպագրուած են յօդուածներ` անձնական առողջապահութեան, հիւանդին առաջին բուժական օգնութիւն ցոյց տալու, հիւանդութիւններու տարածումը կանխելու, դպրոցական առողջապահութեան, մարմնակրթանքի եւ այլ հարցերու մասին:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԹԵՐԹ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-14
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»
- ↑ Առողջապահական թերթ