Խադ Աջապահեան, (1883, Սիս, Ատանա, Թուրքիա - 7 Մարտ 1943(1943-03-07)), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն, [1]զանազան պաշտօններ վարած է վանքին մէջ։

Խադ Աջապահեան
Ծնած է 1883
Ծննդավայր Սիս, Ատանա, Թուրքիա
Մահացած է 7 Մարտ 1943(1943-03-07)
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն հոգեւորական

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Խադ Աջապահեան, տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ նախնական ուսումը ստանալէ յետոյ, կը մտնէ վանք 1898-ին եւ յաջողութեամբ կը վերջացնէ ժառանգաւորացի դասընթացքը։ 1902-ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ, իսկ աբեղայ՝ 1909-ին, եւ 1910-ին ալ վարդապետ՝ Սահակ Կաթողիկոսէն։ Զանազան պաշտօններ վարած է վանքին մէջ։ 1914-ին նուիրակ ղրկուած է Եոզղատի Թեմ եւ այդ առթիւ ալ, ընդհանուր վիճակագրութիւն մը պատրաստած է, անձամբ շրջելով այդ շրջանի 45-է աւելը հայաբնակ գիւղերը։

Տեղահանութեան ընթացքին, խումբ մը միաբաններով իր հետ ապահով կերպով կը տանի վանքին թանկարժէք անօթները Հալէպ: 1915-ին, կաթողիկոսին եւ միաբաններու հետ կը ղրկուի Երուսաղէմ: 1916-ին վեհափառը կ'ուղարկէ զինք Պէյրութ, Սուրբ Նշան վանքի տեսչութեան պաշտօնով։ Հոն կը մնայ մինչեւ 1922:

1922-ին կը ձեռնադրուի ծայրագոյն վարդապետ եւ 1923-ին՝ Հալէպի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդութեան պաշտօնը կը վարէ։ Միեւնոյն պաշտօնով, 1929-ին կ'անցնի Դամասկոս: Նոյն տարին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Սահակ Կաթողիկոսէն, Հալէպի մէջ։ 1933-ին, կը նշանակուի Անտիոքի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ։ Իր աննկուն ջանքերուն շնորհիւ, այս թեմը կարճ ժամանակի մը ընթացքին կազմակերպեալ վիճակ կը ստանայ։

1941, Ապրիլ 10-ին Երեւան կ'երթայ իբրեւ Անթիլիասի պատգամաւոր՝ կաթողիկոսական ընտրութեանց համար։ Պէյրութի կաթողիկոսական տեղապահ կը նշանակուի 1943, Մարտ 7-ին, երբ Եղիշէ Սրբազան կը ախճանի։[2]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1968) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-01-29 
  2. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 388։