Ծամոն
Ծամոն[1][2], հրուշակեղէնի արտադրանք։
Օգտագործման ընթացքին, ծամոնը ծաւալով գրեթէ չի փոքրանար, բայց բոլոր յաւելումները աստիճանաբար կը չքանան, որմէ ետք հումքը կը դառնայ անհամ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՄարդիկ երկար ատեն ծամած են կարգ մը ծառերու աւիշը:
Մեքսիքոյի Եուքաթան շրջանի հսկայական անտառներուն մէջ մայաները կը ծամէին պտուղի մը չիքըլ կոչուած աւիշը: Այս կաթի նման թանձր չիքըլը անոնց կարելիութիւնը կու տար իրենց ստամոքսը խաբելու, ինչպէս նաեւ` ակռաները մաքրելու:
Մեքսիքացի զօրավար Անթոնիօ Լոփէզ տը Սանթա Աննա, որ նաեւ կը սիրէր չիքըլ ծամել, 1869-ին կը վտարուի իր երկրէն յեղափոխութեան պատճառով: Ան կը հասնի Նիւ Եորք` իր պայուսակներուն մէջ փոխադրելով 250 քիլօ չիքըլ. ան կ'ուզէր հարստանալ` առաջարկելով ձգախէժը չիքըլով փոխարինել: Սակայն ան չի յաջողիր եւ կը ստիպուի վերադառնալ Մեքսիքա: Ան իր այդ ապրանքը կը ձգէ իր քարտուղարին` Թոմաս Ատամսին քով: Կ'ըսեն, որ տեսնելով դեղարանէն ծամուելիք «պոնպոն» գնող աղջնակ մը, ան կը յղանայ չիքըլը ծամոնի վերածելու գաղափարը:
Համը բարելաւելու բազմաթիւ փորձերէ եւ գիւտը արձանագրելէ ետք, գործատէր Ուիլիըմ Վրիկլի Ճիւնիոր մեծ ծանուցումներու միջոցով ծամոնը շուկայ կ'իջնէ Ամերիկայի ամբողջ տարածքին, 20-րդ դարու սկիզբը, ձրիօրէն բաժնելով նմուշներ: Ծամոնը շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ:
Ծամոնը Հին ցամաքամաս կը հասնի Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, ամերիկացի զինուորներուն միջոցով: Ամերիկեան Կարմիր խաչը 1918-ին 4,5 միլիոն ծամոն կը ղրկէ Ֆրանսայի մէջ գտնուող ամերիկացի զինուորներուն համար: Ամբողջ Եւրոպայի մէջ մարդիկ կը թափին ծամոններուն վրայ եւ ապսպրանքները կը բազմապատկուին: Շատ շուտ եւրոպական ընկերութիւններ ալ կը սկսին ծամոնի արտադրութեան: Ծամոնի պատրաստութեան մէջ այլեւս չիքըլ չի գործածուիր, այլ` ուտուելիք արուեստական ձգախէժ, որուն վրայ կ'աւելցուին համեր, շաքար եւ տարբեր տեսակի ուտուելիք ներկեր:
Ծամոնէ արձաններ
ԽմբագրելԻտալացի Մորիծիօ Սաւինի ծամոններ կը գործածէ անասուններու կամ առարկաներու տարօրինակ արձաններ շինելու համար:
Հռոմի համալսարանին մէջ ճարտարապետութիւն ուսանելէ ետք, այս արուեստագէտը աշխատած է տարբեր երկիրներու մէջ, ապա վերադարձած է իր ծննդավայրը` միտքին մէջ ունենալով յատուկ ծրագիր մը` արձաններ շինել, վարդագոյն ծամոնով:
Ան ծամոնները թուղթերէն կը հանէ, զանոնք կը տաքցնէ կակուղցնելու համար եւ, վերջապէս, զանոնք կը դնէ գաճէ կաղապարներու մէջ: Ապա ան իր տարբեր տեսակի արձաններուն վրայ կը քսէ յատուկ նիւթ մը, զոր ինք անձամբ կը պատրաստէ[3]:
Ծամոնին առաւելութիւնները
ԽմբագրելԸստ բրիտանացի գիտնականներու, ծամոն ծամելը դրական ազդեցութիւն կը գործէ կեդրոնացումին վրայ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հայերէն բացատրական բառարան, Ստեփան Մալխասեանց - ծամոն»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2024 թ․ հունվարի 11
- ↑ «Արդի հայերենի բացատրական բառարան, Էդուարդ Բագրատի Աղայան - ծամոն»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2024 թ․ հունվարի 11
- ↑ Ծամոն
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Ծամոն ծամելու մասին Archived 2018-11-17 at the Wayback Machine.
- Արդեօ՞ք վնասակար է ծամոն ծամելը