ԿԱՄ (գրական հանդէս)
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
ԿԱՄ (Անգլերէնով՝ GAM Review, Ֆրանսերէնով՝ Revue GAM), վերլուծական եւ քննադատական հանդէս, Խմբագիր՝ գրականագէտ Մարկ Նշանեան։
Առաջին թիւը հրապարակուած է Փարիզ, 1980-ին։ Կը հրատարակուի պարբերականօրէն։ Բովանդակութիւնը կ'ընդգրկէ գեղարուեստական գրականութիւն՝ բանաստեղծութիւններ եւ արձակ գրութիւններ, ինչպէս նաեւ գրականագիտական-վերլուծողական յօդուածներ եւ թարգմանական էջեր։
«ԿԱՄ»ի մէջ լոյս տեսած են Վահէ Օշականի, Գրիգոր Պըլտեանի, Նիկողոս Սարաֆեանի, Մարկ Նշանեանի եւ բազմաթիւ այլ յայտնի գրողներու գործերը։
«ԿԱՄ»ի 6-րդ թիւին մէջ՝ Մարկ Նշանեան, Ժան-Լիւք Նանսիի մէկ գրութիւնը թարգմանած է հայերէնի ու տպած[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Մարկ Նշանեանի ինքնագիր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-05-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015-04-25