Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան

Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան (19-րդ դար - 1965, Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն), հայ բժշկուհի, պետական գործիչ։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան իրական հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի կինը: Անոնք ամուսնացած են 1917ին, երբ Արամը Երեւանի “դիկտատորն” էր: Անոնց ամուսնական կեանքը տեւեց երկու տարէին ալ քիչ, քանի որ 1919ի Յունուար 29ին Արամը մահացաւ բծաւոր տիֆէն: Կատարինէն եղած է բժշկուհի` նուիրուած որբերու ու գաղթականներու օգնութեան գործին:

Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան
Ծնած է 19-րդ դար
Մահացած է 1965
Մահուան վայր Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
 Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, Հիւանդապահ, բժիշկ
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ամուսին Արամ Մանուկեան

Կատարինէն խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուեցաւ, երբ Արամ Մանուկեանը մահացած էր երկու ամիս առաջ: Դուստրը` Սեդա Մանուկեանը, քանի մը ամսական էր: Երբ Հայաստանը խորհրդայնացաւ, Կատարինէն մանկահասակ դստեր հետ ապաստանեցաւ քրոջ մօտ, ապա մեկնեցաւ Կրասնոտար` Արամի ազգականներուն մօտ: 1927ին վերադարձաւ Երեւան եւ կրկին նուիրուեցաւ բժշկութեան:

«Մայրս կրթուած, ազնիւ, իր գործին, իր մասնագիտութեան նուիրուած անձնաւորութիւն էր: Առաւօտեան աշխատանքի կ՛երթար, ճաշին կու գար, զիս կը կերակրէր, նորէն դուռը վրաս փակելով կ՛երթար ուրիշ աշխատանքի: Ատիկա էր անոր ամբողջ կեանքը»,- պատմած է Սեդա Մանուկեան:
- Դուստրը՝ Սեդա Մանուկեան

[1]

Կատարինէն մահացած է 1965ին:[2]

Արամի եւ Կատարինէի դուստրը` Սեդա Մանուկեանը, մինչեւ 1976 թուականը կ՛ապրէր Երեւան, ապա տեղափոխուած է Մոսկուա, ուր մահացած է 2005ին` 86 տարեկանին: 1998ին ան այցելած է Երեւան` Սարդարապատի թանգարանին նուիրած հօր իրերը եւ լուսանկարներ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել

20-րդ դարի ականավոր հայ կանայք ցուցահանդէս-ֆլէշ մոպը Երեւանի մէջ