Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք (Հաստատուած՝ 1930-ին), դպրեվանք, ուր յանձնառու եւ տեսլական ունեցող սպասաւորներ կը պատրաստուին հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան համար: Հաստատուած է Լիբանանի Պիքֆայա գիւղաքաղաքին մէջ:
«Դպրեվանքը սուրբ վայր մըն է, ուր յանձնառու եւ տեսլական ունեցող սպասաւորներ կը պատրաստուին մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը վճռական դերակատարութիւն ունի մեր ժողովուրդի պատմութեան այս կարեւոր ժամանակամիջոցին ընթացքին, երբ մեր ժողովուրդին կարիքներն ու սպասումները այնքան բազմաթիւ ու այլազան են, թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ»: (Քաղուած՝ Դպրեվանեցիներու ուղղուած խօսքէ) - Արամ Ա. Կաթողիկոս
|
Պատմական Ակնարկ
ԽմբագրելՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կարեւոր ներդրում ունի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական կեանքին ու առաքելութեան բոլոր մարզերէն ներս: Դպրեվանքէն շրջանաւարտ հարիւրաւոր եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ աշխուժօրէն լծուած են հայ եկեղեցւոյ ու մշակոյթի ծառայութեան, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։
Դպրեվանքին պատմութիւնը անբաժանելի մասն է հայ ժողովուրդին տարագրութեան պատմութեան: 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռը եւս վտարանդի ու աստանդական կը դառնայ, իր դարաւոր հայրենիքէն: 1930-ին, Կաթողիկոսութիւնը վերջնականապէս կը հաստատուի Անթիլիաս, Լիբանան: Նոյն տարին, Սահակ Բ. Կաթողիկոս հիմը կը դնէ Դպրեվանքին, որ կը նկատուի Սուրբ Աթոռին «սիրտ»ը եւ «ողնայար»ը:
Դպրեվանքը կարեւոր ներդրում կ'ունենայ հայ եկեղեցւոյ ծառայական եւ ուսումնական առաքելութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր վերազարթօնքին մէջ։ Հազարաւոր դպրեվանեցիներ իրենց հոգեմտաւոր կազմաւորումը կը ստանան Դպրեվանքէն ներս: Դպրեվանքը կոչուած է կարեւոր դեր ունենալու հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մէջ:
Կիլիկիայէն Անթիլիաս՝ Նոյն Աւանդին Հաւատարմութեամբ
ԽմբագրելՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին հիմնադիրները եկած են Կիլիկիայէն, ուր Հայ կեանքը հազարամեակ մը ամբողջ մեծ ծաղկում ապրած էր, այն պահուն երբ պատմական Հայաստան կը տնքար թուրանական խաւարամիտ լուծին տակ: Արեւմուտքին բացուած հայութեան պատուհանն էր Կիլիկիան, որմով Հայութիւնը մէկ կողմէ եւրոպական քաղաքակրթութեան բարիքները կը բաժնեկցէր, իսկ միւս կողմէ՝ միտքի, գրիչի ու հաւատքի իր փայլատակումներով նոյն քաղաքակրթութեան մշակութային գանձարանը կը հարստացնէր:
Դժնդակ պայմաններու մէջ, Կիլիկիան կը պարպուի հայութենէ, սակայն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Գահակալներն ու Սրբազան հայրերը՝ Սահակ Բ. Խապայեան, Բաբգէն Կիւլէսէրեան, Պետրոս Սարաճեան կաթողիկոսները եւ անոնց հետ միասին Շնորհք Գալուստեան եւ Շահէ Գասպարեան եպիսկոպոսները, եւ ուրիշներ Կիլիկիան արժէքները Անթիլիաս կը փոխադրեն:
Ձեւ ու մարմին կ'առնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նիւթեղէն եւ ոգեղէն կառոյցը Անթիլիասի մէջ: Հռոմկլան ու Սիսը իրենց երկրորդ կեանքը կ'ապրին Լիբանանի մէջ:
Վճռական դերակատարութեան կը կոչուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իբրեւ պահապան ու պաշտպան տարագիր Հայութեան հոգեմտաւոր արժէքներուն, իբրեւ պահանջատէր իր ժողովուրդի մարդկային ու ազգային բռնաբարուած իրաւունքներուն:
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին Ուղին
ԽմբագրելՄեծ Եղեռնի եւ անոր յաջորդող երկրորդ աղէտին՝ Կիլիկիոյ պարպումին (1920-1922) տխուր եւ դժբախտ հետեւանքներէն մէկը կը հանդիսանայ նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր կեդրոնին քայքայումն ու պարտադիր վերջնական գաղթը՝ Դեկտեմբեր 1921-ին:
1930-ին Նիր իսթ Ռիլիֆի հետ բանակցութիւնները պտղաւորուելով, Անթիլիասի ծովափնեայ կալուածները, որոնք մինչ այդ կը պատսպարէին Մեծ Եղեռնէն ժառանգուած որբերը, կը տրամադրուին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, օգտագործուելու համար իբրեւ Դպրեվանք: Կարճ ժամանակ մը ետք, Սահակ Կաթողիկոս հոն կը վերահաստատէ Սիսի Կիլիկիոյ Աթոռը:
Բաբգէն Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսին համար առաջնահերթութիւն կ'ըլլայ ազգին ու Եկեղեցիին համար պատրաստել նուիրեալ կրթական ու հոգեւոր մշակներ եւ առաջնորդներ:
1977-1978 տարեշրջանին, Դպրեվանքը կը տեղափոխուի Պիքֆայա, Կաթողիկոսարանին ամառանոցին շէնքը, որպէսզի հոգեւոր կեանքի եւ մտաւորական աշխատանքի լաւագոյն պայմաններ ունենայ Դպրեվանքին ուսանողութիւնը:
Ուսումնական Ծրագիր
ԽմբագրելԴպրեվանքին ուսումնական ծրագիրը կ'ընդգրկէ աստուածաբանական եւ հայագիտական, ինչպէս նաեւ գիտական, պատմական եւ բնագիտական նիւթեր:
Դպրեվանքը ունի երկու բաժիններ՝ Ժառանգաւորաց եւ ընծայարան։ Առաջինը երկրորդական վարժարանի համազօր է, երկրորդը՝ աստուածաբանական եւ հայագիտական. իւրաքանչիւր բաժինի ծրագիրը չորս տարիներու վրայ կ'երկարի:
Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, յատուկ յանձնախումբ մը բծախնդրութեամբ կը հետեւի Դպրեվանքին ուսումնական ծրագիրներուն եւ ուսուցչական կազմին աշխատանքներուն: Յանձնախումբը հարկ եղած որոշումները կ'առնէ բարելաւելու Դպրեվանքին ուսումնական ծրագիրը, զայն յարմարեցնելու ներկայ պայմաններուն ու կարիքներուն:
Իւրաքանչիւր ուսումնական-կրթական տարեշրջանին դպրեվանքը կ'ունենայ շուրջ 60 ուսանողներ։ Անոնց մեծ մասը կու գայ Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Պարսկաստանէն:
Դպրեվանքը նաեւ ուսումնական յատուկ ծրագիր ունի ամուսնացեալ քահանայութեան թեկնածուներու համար:
«Գլաձոր» տարեգիրք
ԽմբագրելԳլաձոր տարեգիրքը սկսած է հրատարակուիլ 1957-ին։ «Գլաձոր»ին նպատակն է ընդարձակել Դպրեվանեցիներուն հետաքրքրութեան դաշտը եւ զարգացնել անոնց ստեղծագործ միտքը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ անոնց առօրեայ կեանքին:
Դպրեվանքը անդամ է Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցներու Միութեան, որ կ'երաշխաւորէ Դպրեվանեցիներուն միջ-եկեղեցական շարժումին մասնակցութիւնը:
Դպրեվանքին Առաքելութիւնը
ԽմբագրելԴպրեվանքը 1930-էն առ այսօր, Հայ ժողովուրդի ծառայութեան բագինին նուիրաբերած է երեսուն տասնեակէ աւելի ուսուցիչ-մտաւորականներ, հարիւր յիսունէ աւելի քահանաներ, հարիւր եւ աւելի կուսակրօն Քահանաներ, Եպիսկոպոսներ եւ Արքեպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսներու ընտրանի մը:
Սիսէն մինչեւ Անթիլիաս, ապա Պիքֆայա, բազմամեայ վաստակ ունի ժողովուրդի ծառայութեան ասպարէզներէն ներս:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Դպրեվանքը եղած են ծառայութեան, գիտութեան, կրթութեան եւ լուսաւորութեան կեդրոն մը, ուր ուսում ստացած են ընտրեալներու փաղանգներ դառնալով Հայ իրականութեան կրօնական եւ ազգային ռահվիրաները:
Դպրեվանքը սոսկ վանք մը չէ, այլ հայ ազգին եւ հայութեան շունչով փոքրիկ հայրենիք մը՝ ովասիս մը, օտար ափերու մէջ գտնուող: Բարձրաբերդ ամրոց մըն է, ուր հայ ժողովուրդէն պատանիներ ու երիտասարդներ կու գան եւ ուսանողութեան ութամեայ շրջանին կը տաշուին եւ կը լծուին հայ ազգի ծառայութեան:
Դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբը
ԽմբագրելԴպրեվանքը ունի իր «Արմաշ» երգչախումբը: Այս երգչախումբը տասնեակ տարիներու վաստակ ունի: Ան բազմաթիւ համերգներ տուած է, որ հիացուցած է հանդիսատեսը, անոնցմէ մէկն է Պոլսոյ մէջ տուած համերգը 2016-ին: Դպրեվանքը իր մշակութասէր ու մշակութապահպան ոգին կ'արտայայտէ, ժողովուրդին մօտ հայ երգի ու երաժշտութեան հանդէպ սէրը վառ պահելով՝ եկեղեցական ու հայրենասիրական երգերու նկատմամբ:
Ս. Աստուածածնայ վանքին համալիրը
ԽմբագրելՍ. Աստուածածնայ վանքին համալիրին մաս կը կազմեն հետեւեալ կառոյցները.-
- Ս. Աստուածածին մատուռը, կառուցուած՝ 1952-ին, Երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին օրով:
- Դպրեվանքի շէնքը, կառուցուած՝ 1983-1986 տարիներուն, Երջանկայիշատակ Տ. Խորէն Ա. եւ Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսներու օրերուն:
- Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանը, կանգնած՝ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով, Երջանկայիշատակ Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի օրով[1]
- Վեհարանի շէնքը, կառուցուած` 1952-ին, երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Ա. կաթողիկոսի օրով: Վեհարանին շէնքը ամբողջական նորոգութեան կ'ենթարկուի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հսկողութեան ներքոյ:
- Միաբանական շէնքը, կառուցուած` 2014-ին:Նահատակաց խորանը, կառուցուած` 2013-ին[2]:
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելՏե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
ԽմբագրելԴպրեվանք Archived 2020-05-14 at the Wayback Machine.
«Գլաձոր», տարեգիրք դպրեվանուց, Ժէ. տարի,Պիքֆայա, 2016