Կիւսթաւ լը Պոն

Ֆրանսացի հոգեբան, ընկերաբան, մարդաբան եւ պատմաբան։

Կիւսթաւ լը Պոն (7 Մայիս 1841(1841-05-07)[1][2][3][…], Nogent-le-Rotrou, Էր և Լուար[4] - 13 Դեկտեմբեր 1931(1931-12-13)[3], Փարիզ, Ֆրանսա[4]), Ֆրանսացի հոգեբան, ընկերաբան, մարդաբան եւ պատմաբան[5][6][7]։

Կիւսթաւ լը Պոն
ֆրանսերէն՝ Gustave Le Bon
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Charles Marie Gustave Le Bon
Ծնած է 7 Մայիս 1841(1841-05-07)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Nogent-le-Rotrou, Էր և Լուար[4]
Մահացած է 13 Դեկտեմբեր 1931(1931-12-13)[3] (90 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա[4]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր Փարիզի համալսարանի բժշկութեան բաժանմունք
Փարիզի Համալսարան
Ազդուած է Bénédict Morel?
Երկեր/Գլխաւոր գործ The Crowd: A Study of the Popular Mind?
Մասնագիտութիւն բժիշկ, մարդաբան, հոգեբան, ընկերաբան, ֆիզիքոս
Վարած պաշտօններ տնօրէն
Անդամութիւն Society of Anthropology of Paris?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Ֆրանսայի Նոժան լը Ռոթրու քաղաքը։

Սորված է բժշկութիւն, այնուհետեւ 1860-1880 թուականներուն ճամբորդած է Եւրոպա, Հիւսիսային Ափրիկէ եւ Ասիա։

Փիլիսոփայական գաղափարները

Խմբագրել

Կիւսթաւ լը Պոն «Ամբոխներու հոգեբանութիւնը» գիրքը իր տեսակին մէջ առաջիններէն է, ուր հեղինակը փորձած է տեսականօրէն հիմնաւորել «ամբոխներու դարաշրջանի» յարձակումը ու անոր հետ կապել մշակոյթի ընդհանուր անկումը։

Այն ամբոխները, որոնք դիւրութեամբ կրնան շահարկուիլ, գործել պարզունակ ու նախնական բնազդներով եւ հակած են զայրոյթով վարուելու՝ վտանգ կը սպառնան ժամանակակից աշխարհին։ Ամբոխի մէջ կորսուած անհատներ կը կորսնցնեն իրենց դատողութիւնը, կը մղուին գրեթէ «բարբարոսական» զգացումներու եւ այդ կործանարար ուժի վերահսկողութիւնը կը կազմէ երկիրներու հիմքը[8]։

Լը Պոն կը խօսի նաեւ ամբոխի մը համար առաջնորդի եւ անոր ունենալիք յատկութիւններու կարեւորութեան մասին։ Ըստ իրեն, առաջնորդ մը, որ կը գիտակցի զանգուածներու ոգիին, շատ պարզօրէն կրնայ զանոնք «քաշել» իր ուզած ուղղութեան։ Այս պատճառով է, որ հրատարակութենէն մինչեւ այսօր, տարբեր ժամանակաշրջաններու, եղած է բազում քաղաքական գործիչներու ամենասիրած գիրքերէն մէկը։ Արդարեւ, «Ամբոխներու հոգեբանութիւնը» հասկնալը թերեւս աւելի կարեւոր է ներկայիս, երբ ժողովրդական շարժումները վերելք կ՚ապրին։ Ամերիկացի ընկերաբան Նիըլ Սմելզըր գրած է, որ հակառակ քննադատութիւններու՝ Լը Պոնի մտքերը հետաքրքրական են։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 Base Léonoreministère de la Culture.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Encyclopædia Britannica
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 Deutsche Nationalbibliothek Record #116850094 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  5. Saler Michael (2015)։ The Fin-de-Siècle World (անգլերէն)։ Routledge։ էջ 450։ ISBN 9780415674133 
  6. Piette Bernard (2014)։ The Universe of Maxwell (անգլերէն)։ Lulu Press Inc։ էջ 67։ ISBN 9781291960082 
  7. Beck Matthias (2013)։ Risk : A Study of Its Origins, History and Politics (անգլերէն)։ World Scientific Publishing Company։ էջ 111։ ISBN 978-9814383202 
  8. «ԱՄԲՈԽՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-14