Կիւրեղ Երուսաղէմացի

Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետ,(յունարէն՝ Κύριλλος Α΄ Ἱεροσολύμων) (շուրջ 313 – 386), աստուածաբան, եկեղեցական գործիչ, ընդհանրական եկեղեցւոյ հայր, Հայոց եւ ընդհանրական եկեղեցիներու սուրբ։

Կիւրեղ Երուսաղէմացի
յուն․՝ Κύριλλος Α΄ Ἱεροσολύμων
Ծնած է 313[1]
Ծննդավայր Երուսաղէմ, Roman Palestine
Մահացած է 386[1]
Մահուան վայր Երուսաղէմ
Կրօնք քրիստոնէութիւն եւ Կաթոլիկութիւն[2]
Մասնագիտութիւն աստուածաբան, Կաթոլիկ քահանայ, Կաթոլիկ սարկաւագ, Կաթոլիկ եպիսկոպոս
Վարած պաշտօններ Երուսաղէմի Յոյն Եպիսկոպոս եւ եպիսկոպոս[3]

Եղած է Երուսաղէմի եպիսկոպոս։

Հետապնդուած է Արիոսականութեան կողմնակիցներուն կողմէ, աքսորուած, սակայն ի վերջոյ վերահաստատուած է հայրապետական իր աթոռին։

Մասնակցած է 381-ին Կոստանդնուպոլսոյ Ա. տիեզերական ժողովին։

Կիւրեղին քարոզներն ու ճառերը միջնադարուն թարգմանուած են նաեւ հայերէնի, իսկ Երուսաղէմի մէջ Ս. Խաչին երեւման առիթով Կոստանդիոս կայսեր ուղարկած իր թուղթը առ այսօր կ'ընթերցուի հայոց եկեղեցիներուն մէջ։

Նշանաւոր է նաեւ իր «Կոչումն ընծայութեան» գործը, որ նախատեսուած է մկրտութեան պատրաստուողներուն կողմէ ընթերցուելու համար։

Կեանքը

Խմբագրել

Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետ, ըստ կարգ մը աղբիւրներու ծնած է 315-ին, բնականաբար Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, ուր մեծցած է եւ ուսանած:

Կարգ մը աղբիւրներէ ի յայտ կու գայ, թէ ան մանկութենէն արդէն հմուտ ու քաջածանօթ էր Նոր ու Հին կտակարաններուն, ինչպէս նաեւ զանազան գիտութիւններու եւ փիլիսոփայութեան:

Մանուկ հասակէն անարատ ու առաքինի կեանք մը ապրելով, ընտելացած էր եկեղեցւոյ, կրօնական ու ճգնողական կեանքին, եւ ամէնէն կարեւորը՝ իր անձը իբրեւ ընծայ նուիրած էր աղօթքի եւ մանաւադ հոգեւոր կրթութեան:

Ան դարձած է այն 12 հայրապետներէն մին, որոնք պարծանքն էին Երուսաղէմի աթոռին:

Կիւրեղ համարուած է ամէնէն արդիւնաւէտ հովիւը՝ Յակոբոս արդարէն ետք:

Հոգեւոր Ծառայութեան Տարիները
Խմբագրել
  • 335-ին, ըստ Վարք Սրբոց գիրքին վկայութեան՝ Մաքսիմոս Խոստովանողին կողմէ կը դառնայ քահանայ:
  • 348-ին, կը դառնայ Երուսաղէմ քաղաքին հովիւը:

Անոր ծառայութեան առաջին տարիներէն իսկ, Արիոսի աղանդը կը սկսի ընդարձակուիլ: Եկեղեցին մեծ սարսափ կ'ապրի մանաւանդ Նիկիոյ Ժողովէն ետք, երբ աղանդաւոր Արիոսը կը դատապարտեն: Արիոսականներ իրենց հետ ունենալով նաեւ Եւսեփիոս Նիկոմիդացին, կ'որոշեն, գահընկէց ընել բոլոր ուղղափառ եպիսկոպոսները, վարդապետները եւ այլ եկեղեցականներ: Այս հալածանքներուն մաս կը կազմեն նաեւ Ս. Աթանաս Աղեքսանդրացին եւ իր ձայնակիցները, որոնք իրենց գործակից հոգեւորականները կը բերեն ու գահերու վրայ կը բազմեցնեն: Սակայն այս հալածանքներուն պատճառով խռովութիւնը կը սաստկանայ եւ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ կը հեռանան եւ կը բաժնուին Սադիկէի ժողովէն ետք՝ 347-ին:

Երկար կռիւներէ ետք, Կիւրեղ կը յաջորդէ Մաքսիմոսին, որ կը վախճանի 350-ին:

Իր հայրապետութեան առաջին կամ երկրորդ տարին, 351 կամ 352-ին, Մայիս ամսուն երկինքին մէջ կ'երեւի մեծ լուսեղէն խաչ մը, որ ճառագայթներու պայծառութեամբ կը գերազանցէր արեգակը: Ան տարածուած էր Գողգոթայ լերան վրայ եւ կը հասնէր մինչեւ Ձիթենեաց լեռ: Այս հրաշագեղ տեսարանը կը մնայ, մինչեւ որ բոլոր տեղացիները ականատես կ'ըլլան: Պատմութիւնը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ երեւումէն ետք մեծ թիւով մարդիկ կ'ուղղուին դէպի Սիոնի մայր եկեղեցին, հաւատացեալ ու անհաւատ, այսինքն՝ ամբողջ ժողովուրդը եւ Կիւրեղ իր օգնականներով կը մկրտէ մեծ թիւով հեթանոսներ: Տեսիլքէն ետք, Կիւրեղ նամակ մը կ'ուղարկէ նաեւ Կոստանդիոս թագաւորին, որ մինչեւ օրս կը կարդացուի Ս. Երեւման Խաչի տօնին ընթերցուածներուն սկիզբը:

Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացին՝ երեք անգամ աքսորուած է: Առաջին անգամ աքսորուած է Տարսոն, 357-ին, բնականաբար արիոսականներուն կողմէ: Երկրորդ աքսորուելուն մասին ստոյգ տեղեկութիւններ չկան: Ի վերջոյ, երրորդ անգամ աքսորուած է 11 տարի՝ Վաղէս Կայսեր հրամանով:

378-ին երբ աքսորէն կը վերադառնայ, դարձեալ իր գահին կը բազմի: Մինչ այդ՝ Գրիգոր Նիւսացի, Անտիոքի մէջ ժողովներ գումարելէ ետք, 380-ին կը մեկնի Երուսաղէմ՝ քննելու Կիւրեղ հայրապետին ուղղափառութիւնը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Գրիգոր Նիւսացիի դիմաց կը պարզուի, թէ Կիւրեղին ծուխը (շրջանը) զեխութեամբ, անիրաւութեամբ եւ անբարոյութեամբ լեցուն էր, բայց կը տեսնէ Կիւրեղ Հովուապետին Ուղղափառ հաւատքին հզօրութիւնը:

Գրական Վաստակ
Խմբագրել

Կիւրեղի մատենագրական վաստակը մեծ է:

Ան ականաւոր դարձած է մանաւանդ իր լուսափայլ վարդապետութեամբ «Օծուն» գիրքով, որուն ամէնէն կարեւոր գլուխներն են՝ «Կոչումն Ընծայութեան»ը եւ «Յաղագս Երախայից» գործերը:

«Յաղագս Երախայից» երկը ուղղուած է, այն անձերուն, որոնք երախայ վիճակի մէջ կ'ուզեն մկրտուիլ ու դառնալ Քրիստոնեայ: Հետեւաբար, երկը Քրիստոնէական վարդապետութեան հիմնական սկզբունքները պատրաստել կու տայ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ խորհուրդներուն ուսուցումները:

«Կոչումն Ընծայութեան» գործը, Քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման մեծագոյն զէնքերէն է եւ կը բաղկանայ 18 ճառերէ:

Առաջին ճառը, երախաները կը հրաւիրէ ձեռք բերելու «ընդհանուր սիրտ եւ ընդհանուր հոգի», բոլոր չարութիւններուն եւ թշնամութիւններուն մերժումով, եւ այն հոգեկան սնունդով, որ կը պարգեւէ Ս. Գիրքի ընթերցումը:

Երկորդ ճառը, կը խօսի զղջումի, մեղքերու թողութեան եւ չարի փորձութեան մասին:

Երրորդը, կը խօսի մկրտութեան եւ յատկապէս անոր խորհուրդին եւ հետեւանքներուն մասին:

Չորրորդը, կը խօսի Քրիստոնէական հաւատալիքներու եւ Ս. Գիրքին մասին:

Հինգերորդ ճառը, հաւատքի մասին է:

Վեցերորդէն տասնութերորդ ճառերը կը վերաբերին երուսաղէմի հաւատացեալներուն հաւատամքին, որ շատ կը նմանի Նիկիոյ ժողովին հաստատուած Հաւատամքին:

Ժողովներու Մասնակցութիւն
Խմբագրել

Կիւրեղ կաթողիկոս մասնակցած է նաեւ 381-ին Կ.Պոլսոյ գումարուած ժողովին, նախագահութեամբ՝ 150 հայրապետներու, ուր քննարկուած են Մակեթոնի վարդապետութիւնը: Մակեթոն կ'ուրանար Ս. Հոգիին աստուածութիւնը եւ հաւասարութիւնը Հօր Աստուծոյ հետ: Բնականաբար վերջինս դատապարտուած է եւ ուղղափառ վարդապետութիւնը Հօր Աստուծոյ եւ Ս. Հոգիին հաւասարութիւնը հաստատուած:

Սակայն, Արիոսի վարդապետութիւնը եւս մերժուած է 325-ին, Նիկիոյ մէջ, 318 հայրապետներու մասնակցութեամբ գումարուած ժողովին ընթացքին, որուն մաս կազմած էր Հայոց Արիստակէս Եպիսկոպոսը: Ժողովը գումարուած է քննելու Աստուծոյ Որդւոյն մասին Արիոսի հերետիկոսական վարդապետութիւնը, որ Քրիստոսը կը ճանչնար ոչ թէ Աստուծոյ Որդի, այլ իբրեւ բացառիկ յատկութիւններով օժտուած եւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացած մէկը, եւ ժողովը բնականաբար մերժած է անոր վարդապետութիւնը եւ հաստատած՝ Հօր ու Որդիին իբրեւ մէկ հաւասարութիւնը:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Սուրբք եւ տօնք հայաստանեայց եկեղեցւոյ, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, Անթիլիաս-Լիբանան- 2003
  • Վարք Սրբոց, Պէյրութ, 1975,
  • Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացի Կոչումն Ընծայութեան, Ս. Էջմիածին, 2007,
  • Հայ Եկեղեցագիտութիւն, Մանուշակ Պոյաճեան, Անթիլիաս, 2006,
  • Համաքրիստոնէական սուրբեր, Շնորհք Արք. Գալուստեան, Թեհրան, 2008:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել