Հայկական Ժողովրդական Պարարուեստ
Հայկական ժողովրդական պարերու հնագոյն ծագման մասին կը վկայեն բանաւոր տեքստերէն մեզ հասած բազմաթիւ հասկացութիւններ եւ Հայաստանի մէջ պահպանուած ու օգտագործուող պարային, թատերական շարք մը տերմիններ։ Ամբողջ աշխատանքի ընթացքը եւ կենցաղային բազմաթիւ տարրեր վերածուած են շարժումներու (կատարուած են որոշակի ռիթմով եւ ուղեկցուած երաժշտութեամբ), որոնք դարձած են պարային շարժումներու հիմքը եւ, աստիճանաբար հեռանալով կենցաղային նշանակութիւնէն, ընդհանրացուած են։
Նախնադարան շրջան
ԽմբագրելՆախնադարեան շրջանին երաժշտական գործիքները (հիմնականին հարուածային) երգեցողութեան ուղեկցութեամբ ունեցած են աշխատանքի կազմակերպման, հոգեւորի եւ ֆիզիքական շարժումներու ներդաշնակման նշանակութիւն։ Աւելի ուշ այս ամէնը վերածուած է հմայական արարողութիւններու, որոնց նպատակը կենդանիներու ու բոյսերու բազմացմանը եւ նիւթականի առատութեանը նպաստելն էր։
Պարերը նախապէս եղած են ծիսական արարողութիւններու հիմնական պայմանը ու անբաժան մասը, որոնք աստիճանաբար կորսնցուցած են իրենց հնագոյն նշանակութիւնը (պահպանուած է միայն հարսանեկան եւ տոնական արարողութիւններուն մէջ)։
Հայ պատմիչները փառաբանած են Գողթն գաւառը իր հեքիաթասացներով, երաժիշտներով ու հատկապէս պարողներով՝ փանդիռի (բամբիռ) նուագակցութեամբ։ Մովսէս Խորենացին իր «Պատմութիւն Հայոց» երկին մէջ կը նշէ. « բայց աւելի յաճախ Արամեան ագգի ծերունիները փանդիռներու նուագակցութեամբ ցուցքերու ու պարերու երգերով կը յիշատակեն այս բաները»։
Ժողովրդական պարերը ըստ բովանդակութեան
ԽմբագրելՀայկական ժողովրդական պարերը, ըստ բովանդակութեան, կատարողներու քանակի, սեռի, տարիքի, մշակոյթի մէջ ունեցած դերի ու նշանակութեան, ունին համապատասխան իմաստներ։ Անոնց օրինաչափութիւնները, առանձնահատկութիւնները, կառուցուածքի ու բովանդակութեան փոխհարաբերութիւնները կը բաձայայտեն պարաձեւերով ու պարատեսակներով, որոնք մշակուելով՝ ստացած են իրենց անուանումները եւ ունին սահմանումներ։ Մինչեւ 20-րդ դարու որոշ ծիսական պարերուն մէջ խստօրէն պահպանուած է դասակարգումը՝ ըստ սեռի ու տարիքի, երեխաներուն արգիլուած է պարել մեծահասակներու, աղջիկներուն (բացի երիտասարդական հաւաքներէն ու հարսանիքներէն)՝ ամուրի տղաներու հետ։
Ժողովրդական պարերու տեսակները
ԽմբագրելԺողովրդական պարերը կ՝ ըլլան զանգուածային (խառը կազմով), խմբային (տղամարդկանց, կանանց, մանկական), որոնց մէջ կ՝ արանձնացնեն մենապարերը, զուգապարերը եւ շուրջպարերը։ Զանգուածային եւ խմբային պարերը կը կատարուին տարբեր դասաւորումներով (կլոր, փակ եւ բաց շրջանով, կիսաշրջանով, ուղիղ գիծով), ունին պարի ղեկավար՝ պարագլուխ (պարբաշի), եւ պարի պոչ՝ որոշակի պարտավորութիւններով (հսկել պարերու ճիշտ կատարումը, ուղղութիւնը եւ այլն)։ Մենապարեր կը կատարուին ժողգործիքներու, շուրջպարերը՝ հատկապէս պարկապզուկի (կամ զուռնաներու) ու տհոլի նուագակցութեամբ, պարողներու երգեցողութեամբ։
Պարերու ուղղութիւնը
ԽմբագրելՀայկական ժողովրդական պարերու հիմնական ուղղութիւնը աջ է, բայց կան նաեւ ձախ եւ հետ կատարուող քայլեր ու պարաձեւեր, որոնք կ՝ ընդգծեն որոշակի ծեսերու ողբերգական իմաստը։ Յայտնի են գովնդ, շորոր, վերվերու, հետ ու առաջ, ծափպար, օձաձեւ, ոտ զարկելով ու թռիչքներով եւ այլ պարաձեւեր, որոնք ըստ բովանդակութեան, կը դասակարգուին էպիկական, քնարական, կատակային, կենցաղային, աշխատանքային, որսորդական, սգո, թաղման, հարսանեկան, ռազմական, ճանապարհի, մանկական, ծիսական, հմայական պարատեսակներու։ Իւրաքանչուր պարատեսակ ունի պարեղանակ, կատարողներու կազմ, սեռ, տարիք, կատարման ձեւ, տեղ ու ժամանակ, երգուող տեքստ, անհատական երանգաւորում (իմպրովիզացիա)։ Պարաձեւերն ու պարատեսակները, ըստ աւանդութեան, կատարուած են հերթականութեամբ՝ հաշուի առնելով նախ պարաքայլի կատարման բարդութիւնը, ապա՝ նպատակադրումը։
Պարային ներկայացումներ
ԽմբագրելԹէ՛ պալատներուն, թէ՛ հարսանիքներուն մէջ հարսանէկան պարերը սկսած են նախնիներու յիշատակութեան սգո պարերով, ապա անցած են այլ պարաձեւերու, որոնք համարուած են յաջողութեան եւ երջանկութեան գրաւական։ Այնուհետեւ կատարուած են արագ տեմպով, թռիչքներով ու ծափերով պարատեսակները։ Քնարական, կենցաղային, աշխատանքային պարերուն նմանողական շարժումներով ներկայացուած են խմոր հունցելը, թել մանելը, հիւսելը, լուացք անելը, սխտոր ծեծելը, խաղող տրորելը եւ այլն։ Նմանողական են նաեւ որսորդական ու ռազմական պարերու շարժումները։ Սրբատեղի, ամառանոց, աշխատանքի երթալը ուղեկցուած է ճանապարհի պարերով, որոնք համարուած են «չար ոգիներէն» խուսափելու, չարագործութիւններէն ազատուելու միջոց։
Բացի թարս (ձախ գնացող), թաղման, յատուկ տոներու ու արարողութիւններու ժամանակ կատարուող խիստ ծիսական պարերէն («Մախոխապրի պարը», «Աստուածածնայ պարը»եւ այլն), մնացածները կատարուած են հարսանիքներուն։ Բազմաթիւ պարաձեւեր ու պարատեսակներ ունին ոգեպաշտական ծագում («Խնկի ծառ» «Ծիրանի ծառ», «Ղազ-ղազի», «Կռնգոցի», «Հավկու պար» եւ այլն)։ Պարերը հարսանիքի եւ այլ արարողութիւններու ժամանակ կատարուած են կենդանիներու ու երեւակայական կերպարներու դիմակներով։ Պարերուն մէջ մեծ դեր ունեցած են երաժիշտները, որոնք, կանգնելով պարողներու շրջանի կեդրոնին մէջ, հետեւած են մեղեդիներու յաջորդականութեանը, յուշած շարժումները, նաեւ պարած եւ թռչկոածլ։ Հայկական ժողովրդական պարերու հիմնական (հատկապէս կենցաղային) մասը ձեւաւորուած է աւելի ուշ։
19-20-րդ դարեր
Խմբագրել19-20-րդ դարերուն հայկական քաղաքային պարերը որոշ ազդեցութիւն կրած են կովկասեան պարերէն։ Ստեղծուած են շարք մը մենապարեր (շալախո, կինտաուրի, Շուշիկի, լեկուրի եւ այլն), որոնք կոչուած են կովկասեան։ Ժողովրդական պարերը թափանցած են նաեւ դասական պարային ներկայացումներու մեջ. անոնց հիման վրայ սկզբնաւորուած են բեմական եւ բնութագրային պարերը։
Հայկական ժողովրդական պարերու հետագայ զարգացման նպաստած են ժողովրդական պարի պրոֆեսիոնալ եւ սիրողական խումբերը (ազգագրական պարերու, ժողովրդական երգի ու պարի անսամբլներ եւ այլն), ստուդիաները, որոնք հիմք դարձած են ինչպէս ժողովրդական պարարուեստի, այնպէս էլ պալէի խումբերու կազմաւորման համար։ 1924 թուականին Վահրամ Արիստակեսեանը Երեւանի մէջ հիմնադրուած է պարարուեստի պետական, 1927 թուականին Աննա Դուրինեանը ու Հասմիկ Սիրունեանը՝ Ռիթմի եւ պլաստիկայի ստուդիաները, որոնց հիման վրայ 1930 թուականին Սրբուհի Լիսիցեանի ղեկավարութեամբ կազմակերպուած է Ռիթմի, պլաստիկայի, ֆիզկուլտուրայի պետական տեխնիկումը (1937 թուականէն՝ պարարուեստի ուսումնարան, 2006 թուականէն՝ քոլէճ), ուր կը գործէ հայկական ժողովրդական պարի բաժինը։ Հայկական ժողովրդական երգերու, պարերու ու պարեղանակներու, թատերական հանդիսութիւններու ու բազմաթիւ այլ բանահիւսական նիւթերու հաւաքումին, պարերու բեմադման մեծապէս նպաստած են Սրբուհի Լիսիցեանը եւ Թաթուլ Ալթունեանը։ Վերջինս Հայկական ժողովրդական երգի-պարի պետական անսամբլի մէջ (հիմնադրուած է 1938 թ., 1974 թուականէն՝ Թաթուլ Ալթունեանի անուան) միաւորուած է ժողովրդական երգը, խմբերգը, պարը, գործիքային նուագակցութիւնը ու տարազը։
ՀՀ երգի-պարի խումբերը
Խմբագրել1946 թուականին Վանաձորի մէջ հիմնադրուած է «Հորովել» ազգագրական երգի ու պարի պետական, 1958 թ. Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի պարի պետական (1978 թուականէն՝ վաստակաւոր հաւագածոյ), 1963 թուականին՝ «Բերդ», 1987 թուականին՝ «Բարեկամութիւն» պարի անսամբլները, 1976 թուականին՝ «Ակունք», 1988 թուականին՝ «Սասուն» ազգագրական երգի-պարի խումբերը եւ այլն։ Հայ ժողովրդական պարարուեստի զարգացման մեջ ներդրում ունին նաեւ շարք մը ինքնագործ խումբեր («Աշնակ» պարի խումբը՝ Վահրամ Արիստակեսեանի, Երկաթուղայիններու պալատի «Հայաստան» պարի անսամբլը՝ Վարդգես Ռաշիդեանի, գործարանի երգի ու պարի անսամպլը՝ Ե. Ենգոեանի, Քանաքեռի ալիւմինի գործարանի մշակոյթի պալատի «Կանազ» պարի անսամբլը՝ Ս. Գյանջումեանի, էլեկտրատեխնիկայի գործարանի «Եղեգը» պարի անսամբլը՝ Ժորա Այվազեանի ղեկավարութեամբ եւ այլն), ուր պարած են ուսանողներ, հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու, գործարաններու ու աշխատանոցներու աշխատողներ։
1990-ական թուականներ
Խմբագրել1990-ական թուականներէն սկսած է հայկական ժողովրդական պարարուեստի զարգացման նոր փուլը, ստեղծուած են բազմաթիւ պարախումբեր, անսամբլներ, որոնք ժողովրդական պարը լրացրած են դասական եւ խորեոգրաֆիկ ոճերու տարրերով՝ սկզբնաւորելով նոր ուղղութիւն ժողովրդական պարարուեստի մէջ։ Ազգային պարեր բեմադրուած են Արամ Խաչատուրեանի, Առնո Բաբաջանեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, Ավետ Տերտերեանի, Էդգար Յովհաննէսէանի, Գրիգոր Հախինեանի, Ռոպերդ Ամիրխանդանի, Ռուբէն Ալթունեանի, Սեդրակ Երկանեանի, Ալան Յովհաննէսի, Արա Գեւորգեանի ստեղծագործութիւններու ու մշակումներու հիման վրայ։ Հիմնադրուած են «Սարդարապատ» (1992, հիմնադիր՝ Մուրատ Յակոբեան), «Զարթօնք» (1995, հիմնադիր՝ Ղուկաս Ղուկասեան), «Առաւօտ» (2000, հիմնադիր՝Զարուհի Խաչատուրեան), «Վալենս» (2001, հիմնադիր՝ Վահագն Գասպարեան) պարի անսամբլները, «Շիրխանի» աւանդական պարի անսամբլը (2003, հիմնադիր՝ Յովհաննէս Յակոբեան), «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբը (2001, հիմնադիր՝ Գագիկ Գինոսեան) եւ այլն։ Հայկական ժողովրդական պարարուեստը Հայաստանի մէջ, ինչպէս եւ արտասահմանի մէջ ճանչցուած է պարուսոյցներ Գեւորգի Ասատրեանի, Էտուարտ Մանուկեանի, Վանուշ Խանամիրեանի, Նորայր Մեհրաբեանի, Սուրեն Չանչուրեանի, Կարէն Գեւորգեանի, Գագիկ Գինոսեանի, Ասատուր Կարապետեանի, Գագիկ եւ Արտաշէս Կարապետեաններու եւ ուրիշներու ջանքերով։