Հայկաշէն Ուզունեան
Հայկաշէն Ուզունեան (20 Հոկտեմբեր 1920), հրապարակագիր, մշակութային-հասարակական գործիչ, հիմնադիր՝ իր անունը կրող գրական մրցանակին:
Հայկաշէն Ուզունեան | |
---|---|
Ծնած է | 20 Հոկտեմբեր 1920 (104 տարեկան) |
Մասնագիտութիւն | ճարտարապետ |
Մրցանակին Գնահատիչ Յանձնախումբը 1971 թուականի մրցանակը կը յատկացնէ Շահան Շահնուրի եւ Անթիլիասի Դպրեվանքի ուսուցչապետ Բիւզանդ Եղիայեանի, այս վերջնոյն Հայ Յարանուանութեանց Բաժանումը երկասիրութեան համար:
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Ատանա։ Նախնական կրթութիւնը ստանալէ վերջ, Լաթաքիոյ մէջ, մեկնած է Կիպրոս, ուր աւարտած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վարժապետանոցը՝ 1938ին։ Տարի մը աշակերտելէ վերջ, Պէյրութի Լիսէ Ֆրանսէին ստացած է պաքալորիա Բ․ բարթին։
Ժամանակ մը ձգած է դպրոցը ու պաշտօնավարած է Հ.Բ Ը. Միութեան Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց Բարձր․ Վարժարանին, ինչպէս եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ որպէս գիտութեան եւ մաթեմաթիկի ուսուցիչ։
1944-ին ներկայացած է Պէյրութի Ֆրանսական Համալսարանի Երկրաչափական Բաժնի մուտքի մրցումին եւ ընդունուած է Համալսարան: Չորս տարի հետեւած է համալսարանի դասընթացքներուն, որպէս սան Գահիրէաբնակ Ընկեր եւ Ընկերուհի է. Կականեանի․ 1947-ին աւարտած է համայսարանը։
Պէյրութի մէջ իր համախոհ ռամկավար ընկերներուն հետ, 1947 թուականին, հիմնադրած է Թէքէեան մշակութային միութիւնը:
1953 թուականին ընտանիքով` կնոջ եւ դստեր՝ Թալինի հետ տեղափոխուած է Ատիս Ապեպա[1]։
Հայկաշէն Ուզունեան սփիւռքահայ ականաւոր հասարակական-քաղաքական գործիչ եղած է, հարիւրաւոր յօդուածներու եւ շարք մը գիրքերու հեղինակ։
Շնորհիւ իր նկարագրի ազնիւ գիծերուն, իրեն վստահուած են կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ զորս վարած Է ձեռնհասութեամբ:
ԱՆ անդամ եղած է Ռ. Ա. Կուսակցութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Ներգաղթի կեդրոնական Կոմիտէին։
Պարգեւներ եւ մրցանակներ
ԽմբագրելԱրժանացած է․
- Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի, Ս․ «Գրիգոր Լուսավորիչ» Պատուոյ շքանշանի,
- «Ալեք Մանուկեան» պատուաւոր մրցանակի,
- 2006 թուականկն, Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան բարձրագոյն պարգեւին՝ «Ադամանդակուռ Արարատ» (շքանշան)[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 «Հայկաշէն Ուզունեան – ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ»։ armtmm.com։ արտագրուած է՝ 2024-08-30