Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարան (Հալէպ)

Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարան, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ կրթական ու մշակութային կեդրոնը եղած է նոյնանուն (Բեթէլ) վարժարանը, որ հիմնուած է 1923-ին եւ այդ օրերուն ունեցած՝ 200 աշակերտներ:

Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարան
Տեսակ կրթօջախ?
Հիմնադրուած է 1923
Տնօրէն Այժմ՝ Արուսեակ Հալլաճեան
Աշակերտներ 250 աշակերտ (2015)
Երկիր  Սուրիա
Տեղագրութիւն Հալէպ

Հալէպի հայ­կա­կան հինգ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րէն մէկը:

10 Հոկտեմբեր, 2016 թուականին, դպրոցը կը հրթիռակոծուի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ:[1][2]

Պատմական Ակնարկ

Խմբագրել

1923-ին, այ­սօր­ուան Հա­միտիէ եւ Ճապրիէ թա­ղա­մա­սե­րուն մի­ջեւ տա­րա­ծուող ու Ռամ կոչ­ուած հիւ­ղա­ւա­նին (քէմփ) մէջ ծնունդ առած խեղ­ճուկ հաս­տա­տու­թիւն մըն էր Բե­թէ­լը, որուն Հիմնադիր տնօրէնն էր Տիար Յովհաննէս Հայտօսթեան (պաշ­տօ­նավարած մին­չեւ 1941): Քա­ռան­կիւն փայ­տա­շէն սրահ մը, որ կը ծա­ռա­յէր թէ՛ իբ­րեւ եկե­ղե­ցի եւ թէ իբ­րեւ դպ­րոց: Իր կտա­ւէ հաստ վա­րա­գոյր­նե­րով ան­ջատ­ուած «դա­սա­րան»նե­րուն մէջ ոտա­բո­պիկ հայ որբ աշա­կերտ­ները կը նս­տէ­ին հո­ղա­ծածկ գե­տի­նը փռ­ուած խսիր­նե­րու վրայ՝ գրել- կարդալ սորվելու մարմաջով տարուած:

 

Տաս­ներ­կու տա­րիներ շարունակ, մին­չեւ 1935, դպ­րո­ցը կը գո­յա­տե­ւէ հայ­կա­կան այդ հիւ­ղա­ւա­նին մէջ, 250-350 աշա­կերտ­նե­րով:

1944-1955 տարիները բոլորելէ ետք, կ'ունենայ ինը դասարաններ, տարի մըն ալ 10-րդ դասարան մը: 1955-էն ետք դպրոցը իր մանկապարտէզ եւ նախակրթարան բաժանումներով կը շարունակէ գործել:

 

2004-2005 տարեշրջանին վարժարանը կ'օժտուի միջնակարգ դասարաններով:

2006-2007 տարեշրջանին միջնակարգը իր առաջին հունձքը կու տայ, ապա Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդի ատենապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի ջանքերով, Բեթէլ Վարժարանի շէնքին վրայ կը կառուցուի երկրորդ յարկաբաժին մը, որուն պաշտօնական բացումը տեղի կ'ունենայ 11 Հոկտեմբեր, 2009-ին: Այնուհետեւ, 2009-2010 տարեշրջանը կու տայ իր Երկրորդականի անդրանիկ հունձքը:

Վարժարանը ընդմիշտ կը վայելէ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի անմիջական հետեւողականութիւնը:

Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է 17 տնօրէններ, 1989-էն ցայսօր վարժարանի տնօրէնուհին է Տիկ. Պէթթի Գրաճեան-Եփրեմեան:

2011 տարեշրջանին սկիզբը, վարժարանին աշակերտութեան թիւը կը հաշուէր շուրջ 330 հոգի: Սակայն վերջին քառամեայ շրջանին Սուրիոյ մէջ տիրող անապահովութեան ու տնտեսական ճգնաժամի ծանր պայմանները պատճառ կը հանդիսանան աշակերտութեան թիւին նուազումին:

2015-ին Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի աշակերտութեան թիւը կը հասնի 250-ի:

Սուրիոյ կրթական նախարարութեան կազմակերպած պետական քննութիւններուն (պրէօվէ եւ պաքալորիա), հալէպահայ գաղութի մակարդակին, աշակերտները կ'արժանանան հարիւր առ հարիւր յաջողութեան եւ բարձր նիշերու:

Հիմք ունենալով, որ դպրոցին դերը դաստիարակութիւն եւ գիտելիքներ ջամբելու կողքին կ'ընդգրկէ նաեւ այլազան ձիրքեր ունեցող աշակերտները մղել, ուղղել եւ քաջալերել, վարժարանը բազմաթիւ առիթներ կը ստեղծէ, որ աշակերտները բեղուն մասնակցութիւն բերեն արտադասարանային եւ միջ- դպրոցական միջոցառումներու:

Բեթէլ վարժարանը հայադրոշմ ազգային դիմագիծը վառ պահելու եւ սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու միտումով, մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայ լեզուի դասաւանդման եւ հայոց փառապանծ մշակոյթի ու պատմութեան ճանաչման:

Վարժարանէն ներս կը կազմակերպուին աշակերտական ձեռնարկներ, տօնակատարութիւններ, ասմունքի, շարադրութեան, ուղղագրութեան, ընդհանուր զարգացման մրցումներ, հիւրերու ընդունելութիւն, միջ - դպրոցական ձեռնարկներու եւ մրցոյթներու մասնակցութիւն եւ այլն: Իսկ Ազգային տօներէն՝ Սրբոց Թարգմանչացը, Վարդանանցը, Ապրիլեան Մեծ Եղեռնը[3], Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու Շուշիի ազատագրումը[4]:

Վարժարանէն ներս կը նշուին նաեւ աւանդական տօները, ինչպէս՝ Կաղանդը, Սուրբ Ծնունդը, Բարեկենդանը, Մայրերու օրը եւ Յարութեան տօնը:

Վարժարանը ձեռնամուխ եղած է հրատարակչական գործերու, ինչպէս տարեգիրքերու, պարբերաթերթերու եւ այլ աշակերտական հրատարակութիւններու:

Այժմ Բեթէլ Վարժարանի տարեգրութիւնը՝ «Տա­րեգ­րու­թիւն Հայ Աւետ. Բե­թէլ վար­ժա­րա­նի», սկիզբէն մինչեւ 2010 տարեշրջանը ընդգրկող յուշամատեանին տպագրական աշխատանքները ընթացքի մէջ են[5]:

Շրջանաւարտներ

Խմբագրել
  • Պար­գեւ Օր­ջան­եա­ն (1928)
  • Գերսամ Ահարոնեան, «Զար­թօնք» օրա­թեր­թի խմ­բագ­րա­պետ (1928)
  • Եր. Ակիշ­եա­ն (1943), եր­բեմ­նի տնօ­րէն
  • Պար­գեւ Ան­տոն­եա­ն (1943), բժիշկ­
  • Ժան Օհան­եա­ն (1952 միջ.) բժիշկ­
  • Ազ­նիւ Արապ­եա­ն (1945), հա­յե­րէ­նա­ւանդ ու­սուց­չու­հի­
  • Բիւ­զանդ Մի­նաս­եա­ն, հա­յե­րէ­նա­ւանդ ու­սու­ցիչ
  • Մա­նու­շակ Փի­լոյ­եա­ն (1947), հա­յե­րէ­նա­ւանդ ու­սուց­չու­հի­
  • Վեր. Պար­գեւ Աբարդ­եա­ն (1950)
  • Նու­պար Շոր­վօղլ­եա­ն (1952)
  • Պօ­ղոս Ապաճ­եա­ն (1953), խմ­բա­վար-երաժշ­տա­գէտ
  • Եր­ուանդ Քա­սունի­ (1953 միջ.), հա­յա­գէտ
  • Յա­կոբ Թախ­թա­պու­րուն­եա­ն (1956), դե­ղա­գործ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Մա­նա­սէ Շնոր­հօք­եա­ն, 24 էջա­նի մէկ գր­քոյ­կ (Հա­լէպ, 1973
  • Պար­գեւ Օր­ջան­եա­ն (Ուը­թըր­թաուն, 2001, 392 էջ)։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել