Յարութիւն Սելիմեան

Վեր. Յարութիւն Սելիմեան (ծն․՝ 13 Ապրիլ 1963, Հալէպ[1]), Վերապատուելի, համայնքապետ, Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի նախագահ[2][3][4]։


Ծնած է 13 Ապրիլ 1963
Ծննդավայր Հալէպ
Կրօնք Հայ Աւետարանական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն Պատուելի
Ամուսին Շողակաթ Աբարդեան
Երեխաներ Արմանի Հերա եւ Առնօ Ճորճիօ

Կենսագրական Գիծեր Խմբագրել

Վեր. Յարութիւն Սելիմեան՝ նախնական ուսումը ստացած է Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Վարժարանէն ապա յաճախած է Հալէպի Ամերիկեան Գոլէճը, ուրկէ ստացած է իր միջնակարգ եւ Երկրորդական ուսումը: Ան հոգեւոր կոչում ստանալով յաճախած է Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարան միանգամայն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան եւ Հայկազեան Գոլէճ: 1988-ին ստացած է Պսակաւոր Արուեստից աստուածաբանութեան գիտութեան տիտղոսը B.TH:

1995-ին ամուսնացած է Շողակաթ Աբարդեան- Սելիմեանի հետ (Հալէպ-Սուրիա) եւ ունին երկու զաւակներ՝ Արմանի-Հերա եւ Առնօ Ճորճիօ:

Գործունէութիւն Խմբագրել

1988-1990-ին, ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ՝ Քեսապի Հայ Աւետ. Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիին, ապա մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ շարունակելու իր մասնագիտական ուսումը: 1992-ին, ստացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու «McCormick Theological Seminary»–էն, Մագիստրոս աստուածաբանութեան տիտղոսը M.DV:

1992-ին, ստանձնած է Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիի հովուական պաշտօնը մինչեւ օրս:

2000-ին ստացած է Զուիցերիոյ «Bossey» ուսումնարանէն միջ-եկեղեցական համագործակցութեան սերտողութիւններու համապատասխան վկայագիր[1]:

2001-ին, հետեւած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Շիքակոյի «McCormick Theological Seminary»–ի եւ «Near East School of Theology»-ի զոյգ Համալսարաններէն ներս ուսումնական յատուկ ծրագրի եւ կը տիրանայ սրբազան Աստուածաբանութեան Մագիստրոս կոչումին ٍSTM[1]:

1992-էն ի վեր ան կը վարէ վարչական բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ Հայ Աւետարանական Համայնքին եւ միջ–Համայնքային կառոյցներու մէջ, որոնցմէ կը յիշենք՝

  • 1994-1997-ին, ան վարած է ատենապետի պաշտօնը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Քրիստոնէական Ջանից Գործադիր Մարմինի[5], որ կը բովանդակէ` կազմակերպչական աշխատանքներ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Քրիստոնէական Ջանից Երիտասարդաց խումբերու, կազմակերպելով համագումարներ, սեմինարներ եւ ազգային թեմայով հաւաքներ։
  • 1997-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան որոշումով ձեռնադրուած է իբրեւ հոգեւոր Հովիւ։
  • 1998-2003-ին, ան վարած է ատենապետի պաշտօնը, Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Համայնքային Գործադիր Մարմինի, միանգամայն` փոխ Համայնքապետի պաշտօնը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի, ուր մշակած է միջ-համայնքային փոխ յարաբերութիւններու սահուն ընթացք քոյր Համայնքներու հետ։
  • 1998-էն մինչեւ օրս ան կը վարէ ատենապետի պաշտօնը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Կրթական Խորհուրդի[6], հսկելով Համայնքապատկան հինգ վարժարաններով (Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարան, Հայ Աեւտ. Էմմանուէլ Վարժարան, Սուրիանի Աւետարանական Վարժարան, Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարան եւ Դամասկոսի Հայ Աւետարանական Կենաց Վարժարան)։ Վեր. Սելիմեանի ջանքերով Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանը հանգրուանային զարգացումներով իր դասարանային կարգերը բարձրացուց 6-րդ կարգէն մինչեւ 12-րդ կարգ, առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի պատմութեան մէջ։ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան որպէս խորհուրդի ատենապետ եւ նախաձեռնող, Հայ Աւետարանական Վարժարաններով ուսուցիչներուն կարողութիւնները վերաորակաւորելու նպատակով ամէն տարի կը ծրագրէ ուսուցչաց վերապատրաստման դասընթացքներ, համագումարներ եւ դասախօսոիթիւններ։
  • 1995-2003-ին, Վեր. Յարութիւն Սելիմեան վարած է փոխ ատենապետի պաշտօնը, Հալէպի Հայ ծերանոցի, որ կը վայելէ հովանաւորութիւնը Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական Համայնքներու։
  • 2000-2003-ին, Վեր. Յարութիւն Սելիմեան ծառայած է իբրեւ հիմնադիր խնամակալ Հայ Թերաճ Մանուկներու «Արեւիկ» կեդրոնի։ Ան վարած է ատենապետի պաշտօնը խնամակալութեան կազմին մէջ։
  • 1995-են մինչեւ օրս կը վարէ ատենապետի պաշտօնը Հալէպի Աչազուրկներու Յառաջդիմասէր Միութեան:
  • 1998-2003-ին, ան վարած է ատենապետի պաշտօնը Արաբական Աշխարհի Աւետարանական Հովիւներու Ընկերակցութեան, որ կը բովանդակէ` կազմակերպչական աշխատանքներ Արաբական Աշխարհի Աւետարանական Երիտասարդաց եւ Տիկնանց խումբերով։
  • 2004-էն մինչեւ օրս ան կը վարէ Համայնքապետի պաշտօնը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի։
  • 2004-էն մինչեւ օրս Վեր. Յարութիւն Սելիմեան Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Միութեան ներկայացուցիչի հանգամանքով կը ծառայէ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի, նաեւ կ՛ընտրուի որպէս խորհուրդի Նախագահ 2009-2011 տարիներուն։
  • 2004-էն մինչեւ օրս ան կը վարէ ատենապետի պաշտօնը Հալէպ-Գոլէճ Աղջկանց Բաժնի խնամակալութեան կազմին մէջ։

Վերապատուելի Համայնքապետ` Յարութիւն Սելիմեան անդամ է միջազգային այլ միջ-եկեղեցական եւ հասարակական խորհուրդներու։ Ան պատգամաբեր եղած է բազմաթիւ եկեղեցական համագումարներու, բեմերու եւ երիտասարդաց Համագումարներու եւ համաժողովներու։

Պարգեւատրումներ Խմբագրել

2000-ին , Հ․Հ․ Վսեմաշուք Նախագահ՝ Տիար Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ ստացած է Հ․Հ․ Պատուոյ անձնագիր:

Յունիս 2008-ին, Համագործակցաբար Հալէպի Պետական Համալսարանի Նախագահ՝ Դոկտ. Նիզար Աքիլի եւ Հ․Հ․ Կրթութեան Նախարարութեան՝ Փրոֆ. Սպարտակ Սէյրանեանի հետ, նախաձեռնած է Հայագիտական Ամպիոնի ստեղծումը Հալէպի Պետական Համալսարանէն ներս:

Մարտ 2009-ին, Հ․Հ․ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան ձեռամբ ստացած է Հ․Հ․ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէ պատուոյ գիր, իբրեւ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Կրթական Խորհուրդի ատենապետ, Հայ Աւետարանական Վարժարանները ազգային ոգիով կրթելու եւ դաստիարակելու գործին ունեցած աւանդին համար եւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Վարժարանի հիմնադրման 85 Ամեակի առիթով:

Մայիս 2009-ին, Վեր. Համայնքապետը ստացած է Հալէպի քաղաքապետի ձեռամբ Հալէպ քաղաքի պատուոյ քաղաքացիի յուշանուէր:

Յունիս 2010-ին, Վեր. Յ. Սելիմեան պարգեւատրուած է «Ֆրետեոֆ Նանսէն Հիմնադրամի հիմնարկի նախագահի ձեռամբ՝ «Ֆրետեոֆ Նանսէնի ոսկեայ յուշամետալով, իր տարած նախանձախնդիր եւ արժանաւորեալ գործունէութեան համար[7]:

Մարտ 2011-ին, Վեր. Համայնքապետը պարգեւատրուած է Սուրիոյ որակաւորման եւ վերականգման տնօրէնութենէն ներս ուսուցչաց Տօնին առթիւ, ուսուցման մաշտապով, դաստիարակութեան բնագաւառէն ներս իր կատարած ողջմիտ մասնակցութեան:

Սեպտեմբեր 2011-ին, Վեր. Համայնքապետը Հ․Հ․ Վսեմաշուք Նախագահ՝ Տիար Սերճ Սարգսեանի ձեռամբ պարգեւատրուած է «Մխիթար Գօշ»ի պետական բարձր ոսկեմետալով, զոր կը շնորհուի դիւանագիտական ու քաղաքագիտութեան ասպարէզներու մէջ նշանակալի ծառայութիւններ կատարող անձնաւորութիւններու:

Հոկտեմբեր, 2012-ին, Սուրիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանի Նախագահ՝ Տիար Ճիհատ Լահհամ պարգեւատրուած է Վեր. Համայնքապետը փոխանցելով՝ խորհրդարանի պաշտօնական յուշանուէր, իբրեւ գնահատանք անոր տարած մարդկային իրաւունքներու՝ խղճի ու մտքի ազատութեան ջատագով, բազմազանազանութեան իրականութեան հաւատացող եւ խաղաղութեան դեսպանութեան առաքելութիւն ստանձնող ներկայութիւն:

Մարտ 2014-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիի Միացեալ ժողովին կողմէ Վեր. Համայնքապետը կը պարգեւատրուի արծաթեայ պնակով, առ ի գնահատանք իր 25 տարիներու՝ հովուական ծառայութեան Հայ Աւետ. Համայնքէն ներս եւ 20 ու աւելի տարիներու՝ Բեթէլ եկեղեցիի հովուական ծառայութեան համար:

2017-ի Հոկտեմբեր 8-ին, պարգեւատրուեցաւ խաղաղութեան մրցանակի միջազգային յանձնախումբի կողմէ եւ Գերմանիոյ Տրէստըն քաղաքի քաղաքապետի Տէթլէֆ Սիթըլի ձեռամբ “Swords into Plowshare” խաղաղութեան մրցանակով[8]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել