Հենրի Մորկընթաու Գ.

Հենրի Մորկընթաու Գ. (11 Յունուար 1917(1917-01-11), Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 11 Յուլիս 2018(2018-07-11) կամ 10 Յուլիս 2018(2018-07-10)[1], Ուաշինկթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2]), ամերիկացի գրող եւ հեռատեսիլի յայտագիրներու ծանօթ արտադրող[2]։

Հենրի Մորկընթաու Գ.
Ծնած է 11 Յունուար 1917(1917-01-11)
Ծննդավայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 11 Յուլիս 2018(2018-07-11) (101 տարեկանին) կամ 10 Յուլիս 2018(2018-07-10)[1] (101 տարեկանին)
Մահուան վայր Ուաշինկթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Փրինսթընի Համալսարան
Մասնագիտութիւն ժապաւէն արտադրող, գրագէտ
Ամուսին Ruth S. Morgenthau?
Ծնողներ հայր՝ Հենրի Մորկընթաու, մայր՝ Elinor Morgenthau?
Երեխաներ Քրամեր Մորգենթաու?

1913-1916 Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի թոռը[3]։

Մորկընթաու պայքարած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու կողմէ:

Ան Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մանրամասնութիւնները լսած է ականատեսէն` իր մեծ հօրմէն եւ իբրեւ օրինակ ունեցած է անոր կեանքի պայքարը` յանուն արդարութեան հաստատման եւ մարդասիրութեան:

Իր ելոյթներէն մէկուն մէջ ան նշած է.

Մեծ հայրս յաճախ կ'ըսէր, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու կեանքը փրկելու փորձերը եւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին ստեղծումը իր կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկն էր:

1999-ին ան այցելած է Հայաստան եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր[4]` մասնակցելով իր մեծ հօր գերեզմանէն բերուած հողը յուշապատին մէջ ամփոփելու արարողութեան:

2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացուած է Մորկընթաուի անունը կրող աշխատասենեակ մը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել