Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան, թանգարան Երեւանի մէջ, ուր կը ցուցադրուին՝ 1915-էն 1923 իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, գրականութիւն եւ այլն։

Ծիծեռնակաբերդ (Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան), Երեւան, Հայաստան

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը իր դռները կը բանայ 1995-ին, երբ կը նշուէր Ցեղասպանութեան 80-ամեակը։ Թանգարանին կառոյցը (ճարտարապետեր՝ Ս. Քալաշեան, Ա. Թարխանեան, քանդակագործ՝ Ֆ. Առաքելեան) բացառիկ նախագիծ ունի։

Աւելի քան տասնամեայ գործունէութեան ընթացքին թանգարանը կ'ընդունի բազմաթիւ այցելուներ՝ դպրոցականներ, ուսանողներ եւ աննախադէպ թիւով զբօսաշրջիկներ Հայաստանէն ու արտասահմանէն։

Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած պաշտօնական պատուիրակութիւններու այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան նախատեսուած է պետական արարողակարգով, ուստի բազմաթիւ օտարերկրեայ պատուիրակութիւններ, նշանաւոր հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ արդէն իսկ այցելած են թանգարան։

Շինարարական կառոյցը

Խմբագրել

Թանգարանին երկյարկանի շէնքը կառուցուած է բարձունքին մէկ կողմը՝ չնսեմացնելու համար յուշահամալիրին խիստ ազդեցիկ տպաւորութիւնը։

Թանգարանին տանիքէն կ'երեւին Արարատեան դաշտն ու Արարատ լեռը։ Թանգարանին առաջին յարկը ստորգետնեայ է, հոն կը գործեն վարչական, գիտարուեստական ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ 170 հոգիի համար նախատեսուած Կոմիտասի անուան դահլիճը։

Հոն տեղակայուած են նաեւ գիտական ու թանգարանային արժէքներու պահոցները, գրադարանը եւ ընթերցասրահը։ Թանգարանային ցուցադրութիւնը տեղակայուած է երկրորդ յարկը՝ ընդգրկելով շուրջ 1000 ք.մ. տարածք։ Անիկա ունի երեք հիմնական փակ եւ մէկ բացօթեայ ցուցասրահներ։

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը կառուցուած է յաւերժացնելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը։ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին առաքելութիւնը խարսխուած է այն համոզումին վրայ, որ ցեղասպանութեան ընդունումը կարեւոր քայլ է՝ ապագային նմանատիպ ողբերգութիւնները կանխելու համար։

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին աշխատանքային ժամերը

Խմբագրել

Երեքշաբթի-Կիրակի՝ 11:00-16:00, ազատ օր՝ Երկուշաբթի, թանգարանը փակ է պաշտօնական ոչ աշխատանքային օրերուն (30-31 Դեկտեմբեր, 1-6 Յունուար, 8 Մարտ, 1-9-28 Մայիս, 5 Յուլիս, 21 Սեպտեմբեր), 24 Ապրիլին թանգարանի աշխատանքային ժամերը կ'երկարաձգուին։

Մուտքը անվճար է, թանգարանին մուտքին տեղադրուած է դրամարկղ մը՝ նուիրատուութիւններու համար։

Գրախանութ

Խմբագրել

Թանգարանին մէջ կը գործէ գրախանութ մը, որ բաց է թանգարանին աշխատանքային ժամերուն։

Ճամբան

Խմբագրել

Հետիոտն՝ Մարզահամերգային համալիրէն կամ Աթէնքի փողոցէն՝ 15-20 վայրկեան քալելով։

Ինքնաշարժով՝ Հրազդան մարզադաշտէն դէպի աջ՝ Աթէնքի փողոցով։ Ճանապարհին աջ կողմը կ'երեւի դէպի թանգարան ուղղող ցուցանակը։

Թանգարանին կանոնները

Խմբագրել

Թանգարանին մէջ խստիւ արգիլուած է ուտել, խմել, ծխել։ Թանգարանին մէջ թոյլատրելի չէ լուսանկարել, տեսագրել եւ խօսիլ հեռախօսով։

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին ցուցասրահները

Խմբագրել

Թանգարանին երեք փակ եւ մէկ բացօթեայ ցուցասրահները կը զբաղեցնեն աւելի քան 1000 ք.մ. տարածք։

  • Թանգարանին առաջին ցուցասրահին արեւմտեան պատին, ինը մեթր լայնքով եւ հինգ մեթր բարձրութեամբ, քանդակուած է հայկական բարձրաւանդակին եւ հարեւան երկիրներու քարտէսը. հիւսիսէն Սեւ ծովն է, արեւելքէն՝ Կասպից ծովը, հարաւէն՝ պարսկական բարձրաւանդակը եւ հարաւ արեւմուտքէն՝ Միջերկրական Ծովը։ Քարտէսին վրայ ներկայացուած են Օսմանեան կայսրութեան, մինչեւ 1915, գոյութիւն ունեցող հայաբնակ այն վայրերը, որոնց բնակչութիւնը ենթարկուած է զանգուածային տեղահանութիւններու եւ սպանդի։

Այս սրահին մէջ ներկայացուած են լուսանկարներ եւ ժողովրդագրական աղիւսակներ՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան Թուրքիոյ մինչեւ 1914-ին հայկական բնակավայրերու եւ հայ բնակչութեան թուաքանակի վերաբերեալ։ Աղիւսակները տուեալներ կը պարունակեն նաեւ յիշեալ ժամանակահատուածին այս բնակավայրերուն մէջ գործող հայկական եկեղեցիներու ու դպրոցներու մասին։ Ցուցասեղաններուն մէջ տեղ գտած լուսանկարները եւ նիւթերը կը ներկայացնեն հայ բնակչութեան խաղաղ կեանքը մինչեւ Ցեղասպանութիւն։

  • Երկրորդ ցուցասրահը (700ք.մ.) կը ներկայացնէ ականատեսներու վկայութիւններ եւ փաստաթուղթեր՝ հայերու դէմ իրագործուած կոտորածներուն եւ վայրագութիւններուն վերաբերեալ։ Ցուցադրութիւնը կ'ընդգրկէ 1915-1917 թուականներուն կատարուած բազմաթիւ մեծադիր լուսանկարներ, արխիւային փաստաթուղթեր, վայրագութիւններու զոհ դարձած նշանաւոր հայերու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին բարեկամներու լուսանկարներ։
  • Երրորդ սրահին մէջ փակցուած աղիւսակները կ'ամփոփեն հայ բնակչութեան թուաքանակը 1914-ին եւ 1922-ին, կու տան տեղահանուածներու եւ սպաննուածներու թիւը։ Յատուկ տեղ յատկացուած է միջազգային կազմակերպութիւններու եւ տարբեր երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու ընդունած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող փաստաթուղթերու բնագիրներու ներկայացման։ Հոս կը ցուցադրուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հրատարակուած բազմալեզու հնատիպ գրականութիւն։ Ցուցասեղաններուն մէջ ներկայացուած է ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական երկիրներու, Ռուսաստանի մէջ ծաւալած մարդասիրական շարժման վերաբերեալ նիւթեր։

Նոյն սրահին մէջ, կրանիտէ պատուանդաններու վրայ տեղադրուած են բիւրեղապակեայ սկահակներու մէջ ամփոփուած Արեւմտեան Հայաստանի վեց նահանգներէն բերուած հողեր. Կարին (Էրզրում), Վան, Բաղէշ (Պիթլիս), Սեբաստիա (Սվազ), Խարբերդ, Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր)։ Հոս կը տեսնենք նաեւ ճիւղերը տարածած կրանիտէ ծառ մը, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդին վերածնունդն ու յաւերժութիւնը։

  • Թանգարանին վերջին սրահը հայկական հին շինութիւններուն բնորոշ բացօթեայ ներքին բակն է։ Կիսաշրջանաձեւ, տասներկու հաւասար հատուածներու բաժնուած պատին վրայ փորագրուած են օտար, ժամանակի ակնառու պետական գործիչներու, դիւանագէտներու, գիտնականներու եւ գրողներու՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող խօսքերը։ Սրահը նման է դատարանի, ուր ականատեսները կու տան իրենց դատապարտող վկայութիւնները. վերջին խօսքը այցելուինն է։

Թանգարանին նորութիւնները

Խմբագրել
  • 2017-ին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նուիրաբերուած է բացառիկ արժէք ներկայացնող գորգ մը, զոր գործած են Ղազիրի որբանոցի սանուհիները, 1925-ին: Անոնց գործած համանման գորգ մը նուիրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ք. Քուլիճին` իբրեւ երախտագիտութիւն ամերիկացի ժողովուրդին` հայերուն ցուցաբերած օգնութեան համար: 1920-ականներուն Ղազիրի որբանոցին մէջ ապաստանած էին Ցեղասպանութենէն փրկուած շուրջ 1400 հայ որբուհիներ, որոնք, ի թիւս այլ արհեստներու, կը սորվէին նաեւ գորգագործութիւն: 1923-1930 թուականներուն հոն կը գործուի 3000-է աւելի գորգ, շուրջ 1000 որբ հայուհիներ կը ստանան գորգագործի վկայագիր: Գորգը պատկանած է պէյրութաբնակ Սրապեաններու ընտանիքին եւ աւելի քան 90 տարի պահուած է իբրեւ մասունք [1]
  • 2017-ին Գերմանիոյ մէջ բնակող ալեւի Հասան Դուինը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կը յանձնէ հայելի մը, որ 1915-ին յայտնուած էր անոր պապին մօտ: Ծնունդով պատմական Երզնկայէն Հասան կը պատմէ, որ փայտէ պատեանով հայելին իր Հասան պապին հայերուն նկատմամբ իրականացուող կոտորածներուն ընթացքին պահ տուած են բռնագաղթի ենթարկուած հարեւան հայերը` յոյսով, որ գուցէ օր մը ետ վերցնեն իրենց իրերը: Սակայն, ինչպէս ծանօթ է, Երզնկայի հայութիւնը թրքական վայրագութիւններէն առաւելապէս տուժած շրջաններէն է: Երզնկայի հայութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ տեղահանուած է եւ գազանաբար սպաննուած. ձերբակալուած եւ գնդակահարուած է նաեւ տեղի մտաւորականութիւնը [2]:
  • 19 Սեպտեմբեր 2017-ին թանգարան-հիմնարկը համալրուած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող արժէքաւոր փաստաթուղթերով, որոնք ձեռք բերուած են Վատիկանի գաղտնի արխիւներէն Փաստաթուղթերը 1914-1917 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն կը վերաբերին[3]:
  • Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին կարելի եղած է ձեռք բերել 1915-ին պատկերահանուած անյայտ լուսանկարի մը բնօրինակը: Լուսանկարը կը պատկերէ Տիգրանակերտ քաղաքի փողոցներուն մէջ թափառող անօթեւան հայ որբերն ու անոնց հաց տուող աւստրիացի զինուորները: Այդ մասին կը փաստէ լուսանկարին վրայ կատարուած գերմաներէն գրութիւնը: Ամենայն հաւանականութեամբ, որբերը լուսանկարուած են գերմանացի զինուորներու կողմէ, որովհետեւ լուսանկարը յայտնաբերուած է Գերմանիոյ մէջ:[4]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել