Հիլտա Գալֆայեան

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան (1942, Պոլիս, Թուրքիա), մանկավարժ եւ բանաստեղծ, հոգեբանական գիտութիւններու դոկտոր (1973)։ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտուհիներէն է։ Փարիզ հաստատուելէ վերջ տեղւոյն Էսաեան սանուց միութեան հիմնադիր-նախագահը եղած է 1970 թուականին։ Եղած է հայերէնի ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի։ Ան ծանօթ է՝ որպէս արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութեան պաշտպան եւ համապատասխան աշխատանքը յառաջ կը տանի Փարիզի ՄԱՇՏՈՑ Հայ լեզուի պաշտպանութեան միութեան միջոցաւ, որու հիմնադիր-նախագահն է[1]։

Հիլտա Գալֆայեան
Ծնած է 1942
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծուհի, մանկավարժ, գրագէտ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Յաճախած է Եսայեան երկրորդական վարժարան, հայագիտական յաւելեալ պատրաստութիւն ստանալով Փրոֆ. Հրանտ Տէր Անդրդասեանէ, բազմավաստակ ուսուցիչ Պեզազեան եւ Կեդրոնական լիսէներու եւ տնօրէն Կեդրոնականի։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է նախ Պոլսոյ համալսարանի, ապա նաեւ Սորպոնի մէջ (Փարիզ)՝ ուր պաշտպանած է տոքթորայի իր թէզը, 1973-ին։ աւարտած է նաեւ Փարիզի Արեւելեան Կենդանի Լեզուներու Վարժարանի հայագիտութեան բաժինը։

Նախ քան հրատարակութիւնը իր երկու հատորներուն, քերթողական ստեղծագործութիւնները եւ գրական-վերլուծման էջերը տեղ գտած են սփիւռքեան մամուլի մէջ,- «Հանդէս Մշակոյթի» (Պոլիս), «Այգ» (Պէյրութ), «Սփիւռք» (Պէյրութ), առաւելաբար «Մարմարա» (Պոլիս):

1980-ին յաջորդաբար լոյս տեսան «Կաթիլ մը» եւ «Լեզուէն անդին» խորագրուած սեւեռումի կը բերուին ընդհանրապէս Մարդուն ու մասնաւորաբար Հայուն միօրեայ կեանքը, յատկապէս ներաշխարհը յուզող երեւոյթներ,- մարդ էակի մարդկայնական եւ անձնական իմացումներուն հակադրուող տմարդի եւ անձնապաւէն հակումներ, մեծամտութիւն ու կեղծիք, դիմակաւոր պարահանդէս եսերու, խզում՝ մարդուն գոյութիւնը արժեւորող իմացական ու հոգեկան ծարաւներէ, երազէ ու տենչերէ, պարտութիւն՝ անկարելիին եւ անիրականին առջեւ, խուսաբեկում տառապանքէ եւ ինքնութիւն կերտելու այն այն բոլոր ներանձնական տագնապներէն՝ որոնք ապրող էակին ասկողոպտելի հարստութիւնը կը կազմեն. «ուրացում սիրելի ու սուրբ բաներու. Փճացում, փոշիացում, ջնջում եւ մոխրացում մեծութիւններու», ինչպէս ինք կ՝ եըէ տեղ մը՝ իր էջերուն մէջ։

Սփիւռքեան հայ կեանքի վերծանելի կամ վկայագրելի իրողութիւննետրէն շատերու անդրադարձը մտածական խորքով ու ձեւի ինքնատպութեամբ յատկանշող իր քերթուածներուն մէջ՝ համակերպութեան եւ պարտուողականութեան ամէն տրամադրութիւն կը մերժէ։ Առանց իրատեսութենէ հեռանալու՝ Հիլտա Գալֆայեան պայքարի յանձնառու հոգի մըն է, որ, տարացիր հայ կեանքի համայնապատկերին դէմ հատորներէն քիչ անդին արտագրուած ու մէկտեղուած երեք-չորս քերթուածներուն մէջ որքան սփիւռքեան մեր ողբերգութիւնը՝ նո՛յնքան եւ տոկալու, բռունցք դառնալու եւ գոյատեւելու յաղթերգութիւնը կայ։

Պոլսէն սերած, իր մտածական ու հոգեկան աշխարհով անմիջական ներկային, Արեւմուտքին որքան Հայութեան պատկանող այս բանաստեղծին Հայ Լեզուի հանդէպ կեցուածքը առանձնապէս վերլուծական քննարկումի արժանի երեւոյթ է՝ «Մեծասքանչ»ին մէջ լեզուէն ու լեզուականէն անդին Հայուն ինքնութիւնը, նկարագիրն ու խառնուածքը, յաւերժութեան ձգտումն ու իրաւունքը, հրաշալի յարութեան գաղտնիքն ու ստեղծագործական տաղանդը որոնող մարդուն համար:

Հիլտա Գալֆայեան իր քերթողութեան ամէնէն տոկուն հոգեյատակը եւ մտածական Էատարրով հարուստ ստեղծումները յաճախ Հայ Քէզուի նուիրած իր այդ բանաստեղծութիւններուն մէջ կ՝արժեւորէ:

Խառնուածք, իմացականութիւն եւ ստեղծագործ երեւակայութիւն՝ իր առջինեկ քերթուածներուն, արձակին ինչպէս գրական-գեղարուեստական վերլուծութիւններուն վաւերականութիւնը վկայագրող ցայտուն գիծեր եղած են առաջին օրէն, երբ Պոլսոյ Խիենն. Մխիթարեաններու Սանուց Միութեան պարբերաթերթ «Սան»ի եւ օրաթերթ «Մարմարա»յի գրական էջերուն կ՝ աշխատակցէր, բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի խրախուսանքով[2]:

Նոր հրատարակութիւն

Խմբագրել

Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Միշտ ծլարձակող»։ Գիրքը կը բովանդակէ հեղինակի շարք մը բանաստեղծութիւնները, որոնք դասաւորուած են չորս գլուխներու տակ՝ հետեւեալ անուանումներով. «Բառն եմ ես Մեսրոպեան», «Միշտ յառաջ», «Յիշողութեան կաթիլներէն», «Տեսիլք»։ Յառաջաբանը գրի առնուած է Սուրէն Դանիէլեանի կողմէ՝ «Պատկերներ սփիւռքեան բանաստեղծութեան տեսլական ճանապարհից» խորագրով[1]։

Պարգեւներ, կոչումներ

Խմբագրել
  • Սորպոնի համալսարանի հոգեբանութեան դոկտոր, 1973
  • Ֆրանսահայ գրողներու միութեան մրցանակ, 1981
  • Արցախի վարչապետի պատուոգիր, 2009
  • Սերժ Սարգսեանի շնորհակալագիր, 2009
  • Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի Խաչատուր Աբովեան մետալ, 2009
  • Մովսէս Խորենացու մետալ, 2014[3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Ժամանակակից Իսթանպուլահայ Գրողներ», Կարօ Աբրահամեան, Ա․ հատոր, Անթլիաս 2004, էջ 21-22։