Հռիփ Կանանեան Կրթական մշակ, Խաչուհի, Քարտուղար, ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի: Հասարակական գործիչ:

Հռիփ Կանանեան
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն Սուրիա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Կարողութիւն Կրթական մշակ, Խաչուհի, հասարակական գործիչ
Աշխատավայր ատենապետուհի
Ամուսին Գէորգ Կանանեան
Երեխաներ Նարեկ եւ Շանթ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Հռիփ Կանանեան ծնած է Հալէպ: Ան սկզբնապէս յաճախած է տեղւոյն Ուսումնասիրաց վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք, իր ուսումը շարունակածէ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին մէջ:

1962-ին մտած է ուսուցչական ասպարէզ եւ 10 տարի դասաւանդած յատկապէս հայերէն Ազգային Սահակեան վարժարանէն ներս:

1972-ին վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ կը հրաւիրուի ստանձնելու նոյն վարժարանի մանկապարտիզպանուհի պաշտօնը, զօր մինչեւ 1987 կը վարէ բծախնդրութեամբ եւ մեծ պատասխանատուոթեամբ:

Երիտասարդութեան սեմին 15 տարիներ շարունակ ստանձնած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան քարտուղարութիւնը:

1965-ին անդամակցած է Հայ Օգնութեան Միութեան ՀՕՄ եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին եւ ապա Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն

Հաւատալով կամաւոր ծառայութեան իր բաժինը բերած է գաղութիս կրթական, ազգայի եւ դաստիարակչական մարզին:

1974-ին Համազգայինէն ներս ստանձնած է վարչական պաշտօն եւ նոյն տարին ամուսնացած Գէորգ Կանանեանին հետ եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով՝ Նարեկ եւ Շանթ:

Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ, Անդամ

Խմբագրել

1983-ին ընկհ. Հռիփ Կանանեան ընտրուած է Ս.Օ. Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ եւ ստանձնած ատենադպրուհիի պաշտօնը, իսկ 1987-ին՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ եւ ապա երկար տարիներ Շրջանային վարչութեան ատենադպրուհի. միջանկեալ, կանոնագրային կերպով դադրած է եւ աշխատած գոյգ միութիւններու յանձնախումբերէն ներս:

1987-ին ընտրուած է Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ եւ յաջորդական երկար տարիներ վարած ատենապետի պաշտօնը մինչեւ 2010 թուական:

Համազգայինի Սուրիոյ 18րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովը տեղի ունեցաւ 23 Օգոստոս 2009-ին:Հռիփ Կանանեան ընտրուեցաւ Շրջանային Վարչութեան նորընտիր անձնակազմին մէջ:

2010-ին եղած է Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան մէջ:

2011-2015 տարիներուն եղած է Հալէպի Ազգային Պատսպարանի ատենապետ:

2015-2019 Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ:

ընկհ. Հռիփ Կանանեան Մասնակցած է Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան տարբեր շրջաններէ ներս կազմակերպուած Համահայկական Պատգամաւորական ժողովներուն: Բարձր աստիճանի նուիրումով ծառայած է հայ մշակութային արժէքներու զարգացման ու տարածման, իր կեանքի առաւելագոյն բաժինը նուիրելով հասարակական գործունէութեան: Իր ընտանիքին չափ սիրած է հասարակական գործունէութիւնը, ձգտելով լաւագոյնին եւ ազգային նուիրումի օրինակ հանդիսացած իր գործակիցներուն:

Պարգեւատրում - Շքանշան

Խմբագրել

2000 թուականին ընկհ. Հռիփ Կանանեան պարգեւատրուած է Ս.Օ. Խաչի «Կանթեղ» շքանշանով, առ ի գնահատանք իր տարած մարդասիրական եւ բարեսիրական աշխատանքներուն:

Իր յարատեւ ճիգերով եւ մեծ խանդավառութեամբ զինուած, յաջողած է արդարացնել իրեն վստահուած պարտականութիւնները հաւաքական մեր կեանքէն ներս:

Եղած է իր շարքերը խանդավառող եւ գործի անկրկնելի օրինակ հանդիսացող կամաւոր խաչուհի մը եւ համազգայնական մը, որուն համար աշխատանքը կը բնորոշուի կատարելագործութեան ձգտումով, մերժելով մակերեսային մօտեցումները որեւէ աշխատանքի նկատմամբ:

Հակառակ իր ստանձնած բազմաթիւ ու բազմակողմանի պաշտօններուն Հռիփ Կանանեան եղած է համեստ ու կառչած մնացած անոնց պարտադրած պատասխանատուութեանց: Ընկհ. Հռիփ Կանանեան իր դրօշմը, հետքը դրած է իր կեանքի օրերուն եւ էջերուն վրայ, ինքնավստահ գործելով, նախանձախնդրութեամբ եւ գերագոյն նուիրուածութեամբ:

Համահայկական Պատգամաւորական ժողով

Խմբագրել

Հռիփ Կանանեան Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Հռիփ Կանանեան 2015 Հոկտեմբերի 4-9-ը Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովին կը մասնակցի նաեւ Սուրիոյ պատուիրակութիւնը, որ յատուկ Հալէպէն մեկնեցաւ դէպի Հայաստան: Սուրիոյ պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէ՝ ընկհ. Հռիփ Կանանեան: Այս մասին կը յայտնէ Perio news-ը:

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տես Նաեւ

Խմբագրել