Ղարաբաղի վէրքերը (ժապաւէն)

Ղարաբաղի վէրքերը (պուլկարերէն՝ Раните на Карабах), Ղարաբաղի հերոսամարտին յատուկ վաւերագրական ժապաւէն, պատրաստուած` պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւայի կողմէ[1]: Անիկա կ՛անդրադառնայ 1992-ին Շահումեանի եւ Մարտակերտի դէպքերուն` հասնելով մինչեւ 1993 ու ապա` 1994-ի զինադուլը[2]:

Ստեղծման պատմութիւն

Խմբագրել

Ցվեթանայի սոյն աշխատանքը բաղկացած է 7 վաւերագրական տեսերիզներէ, որոնց ընդհանուր շարքը հաւաքուած է «Ղարաբաղի Վէրքերը» խորագրով աշխատանքին «DVD» տարբերակին մէջ[3].

  • «Յոյսի բարձունքներ»,
  • «Արդեօք Ղարաբաղի մէջ լուսաբաց կ՛ըլլա՞յ»,
  • «Իմ թանկագին ողջեր եւ մեռածներ»,
  • «Ղարաբաղի վէրքերը»,
  • «Մայր հողին զինուորները»,
  • «Անդորր» եւ «Ոգի եւ հաւատ»։

Ցվեթանա Փասքալեւա առաջին անգամ Ղարաբաղ հասած է 1991-ին` իմանալով Ազրպէյճանի կողմէ տեղացի ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւններու մասին[4]: Ղարաբաղի ազատագրութեան տարիներուն ինք ժողովուրդին մօտ կը գտնուի, բնակավայրերու մէջ, հիւանդանոցներու եւ խրամատներու մէջ, նկարահանելով ամէն ինչ, օգնելով երեխաներուն, կիներուն եւ տարեցներուն, որոնք ծանր պայմաններու կը դիմադրէին այդ օրերուն:

Ղրաբաղեան պատերազմի ընթացքին նկարահանուած այդ ժապաւէնները[5], կ՛ընդգրկեն առաւելաբար յուզիչ, բայց ոգեւորիչ պատկերներ:

Ցուցադրուած երկիրնր

Խմբագրել

Աւելի քան մէկ ժամ տեւող վաւերագրական ժապաւէնը ցուցատրուած է՝ Պէյրութի, Փրակայի, Ֆրանսայի եւ Աւստրալիոյ մէջ։

Այն թարգմանուած է անգլերէնի, սպաներէնի, ռուսերէնի, պուլկարերէնի, ֆրանսերէնի եւ այլ լեզուներու։

Պարգեւներ

Խմբագրել

Հայոց բանակի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձին առթիւ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի կողմէ արժանացաւ «Երախտագիտութեան» մետալի[6]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել