Ճանիկ Արամեան
Արամեան Ճանիկ (20 Ապրիլ 1820, Իզմիթ, Անատոլիայի էլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 16 Ապրիլ 1879[2], Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), արհեստաւոր հայ գրագէտ, վիմգրող, գրաձուլիչ, փորագրիչ ու նշանաւոր տպագրիչ։
Ճանիկ Արամեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 20 Ապրիլ 1820 |
Ծննդավայր | Իզմիթ, Անատոլիայի էլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 16 Ապրիլ 1879[2] (58 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Մասնագիտութիւն | տպագրիչ, գրագէտ, վիմագրող, հրապարակախօս, արուեստագէտ |
Ծնած՝ Նիքոմիտիա քաղաքին մէջ 1820 թուականին։ Հայրը, որ հասարակ արհեստաւոր մըն էր, որդիին ուղարկեց Կ․Պոլիս արհեստ սովորելու, ան ալ իր կարգին մտաւ դերձակի մօտ, իբրեւ աշակերտ։ Պոլսոյ մէջ արհեստի հետ զուգընթացաբար ան սկսաւ մայրենի լեզուն սովորել, իսկ ազատ ժամերը նուիրեց տպագրական գործին, որու համար ե՛ւ տպարան կը յաճախէր ե՛ւ կը սորվէր։
1846 թուականին Փարիզ կ՛երթայ ու կը սկսի դերձակութեամբ զբաղիել, իսկ փոքր-ինչ նիւթապէս ապահովուելէ յետոյ, հայերէն տառեր ձուլել կու տայ եւ Վալտերի տպարանին մէջ կը սկսի հայերէն գիրքեր տպագրել։ Շուտով կը կարողանայ սեփական տպարան բանալ եւ 1859 թուականէն սկսած անոր տպարանին մէջ կը սկսի տպագրուիլ՝ Ստեփան Ոսկանի, «Արեւմուտք» կիսամսեայ հանդէսը։ 1862 թուականին ան տպարանը կը ծախէ եւ Կ․ Պոլիս կը տեղափոխուի, այնտեղ ալ տպարան կը բանայ։ Ինչպէ՛ս Փարիզի, այնպէս ալ Կ․ Պոլսոյ մէջ ան բաւական օգտակար գիրքեր կը տպագրէ՝ մեծ մասամբ դասագիրքեր։ 1879 թուականի Ապրիլ 16-ին կը մահանայ եւ կը թաղուի Կ․ Պոլսոյ՝ «Խասգիւղի», գերեզմանատան մէջ։ Ճանիկ Արամեանը եղած է հազուագիւտ աշխատասէր ու գործունեայ մարդ մը։
Գրական վաստակ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938 Պուքչէշ, Բ. հատոր, էջ 255 - 256: