«Մասեաց Աղաւնի», ամսագիր («Աւետաբեր Հայաստանեայց» ենթաւերնագրով)։ Լոյս տեսած է 1855-1858, Փարիզի մէջ` հայերէն եւ ֆրանսերէն, 1860-1865 թուականին՝ Թէոդոսիայի մէջ հայերէն եւ ռուսերէն։ Խմբագիր-հրատարակիչը Գաբրիէլ Այվազովսկին եղած է։ Նպատակն էր ծանօթացնել եւրոպական քաղաքակրթութեան եւ գիտութեան նուաճումներուն, սէր առաջացնել արուեստներու ու արհեստներու հանդէպ, նպաստել ժողովուրդի բարոյական դաստիարակութեան։ Կարեւոր նշանակութիւն տուած է կրթութեանն ու գիտութեան, տպագրած գիտահանրամատչելի զրոյցներ, մանկավարժական ու պատմական բնոյթի յօդուածներ։ 1860 թուականէն ունեցած է «Ռադուգա» յաւելուածը[1][2]։

Մասեաց Աղաւնի
La colombe du Massis
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն, Ֆրանսերէն եւ ռուսերէն
Հիմնադրուած է Յունուար 1855
Հիմնադիր Գաբրիէլ Այվազովսկի
Երկիր  Ֆրանսա
 Ռուսական Կայսրութիւն
Գրասենեակ Փարիզ
Թէոդոսիա, Տաւրիկեան նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն

«Մասեաց Աղաւնի»ի պատմութիւն

Խմբագրել

­Յու­նո­ւար 15ին, 162 տա­րի ա­ռաջ, ­Փա­րի­զի մէջ սկսաւ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը երկ­լե­զու՝ հա­յե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն բա­ժին­նե­րով թեր­թի մը, որ կը կրէր «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի» խօ­սուն ա­նու­նը։

­Միայն ե­րեք տա­րի տե­ւեց թեր­թին հրա­տա­րա­կու­թեան փա­րի­զեան շրջա­նը։

1858-ին դադ­րե­ցաւ լոյս տես­նե­լէ, բայց տա­րի մը ետք՝ 1859ին վերսկ­սաւ «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը այս ան­գամ ԹԷո­դո­սիա­յի մէջ (Խ­րիմ), հա­յե­րէ­նի եւ ֆրան­սե­րէ­նի կող­քին նաեւ ռու­սե­րէն նիւ­թեր լոյս ըն­ծա­յե­լով։ ­Թեր­թին հրա­տա­րա­կու­թեան այդ երկ­րորդ շրջա­նը հա­մե­մա­տա­բար եր­կար տե­ւեց, մին­չեւ 1865 շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս շի­ջե­ցաւ, երբ «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ին հիմ­նա­դիրն ու պա­հա­պան խմբա­գի­րը՝ ­Գաբ­րիէլ Արք. Այ­վա­զովս­կի վախ­ճա­նե­ցաւ։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դին քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատքն ու ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւ­նը նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ջամ­բե­լու, հա­յոց ­Մայ­րե­նին եւ ­Հայ­րե­նի­քը պաշ­տե­լու աս­տի­ճան սի­րե­լու, պահ­պա­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան նո­ւի­րո­ւած պատ­գա­մա­բեր մը ե­ղաւ «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ն, ո­րուն է­ջե­րուն իշ­խեց շուն­չը հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան լու­սա­միտ, այ­լեւ ա­ւան­դա­պահ թե­ւին։

­«­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի» ամ­սագ­րին հրա­տա­րա­կու­թեան փա­րի­զեան շրջա­նը յատ­կանշո­ւե­ցաւ հայ ազ­գա­յին ե­կե­ղեց­ւոյ տեղն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շեշ­տող նիւ­թե­րու ա­ռա­տու­թեամբ՝ ընդ­հան­րա­պէս ա­ւան­դա­պահ­պան բուռն պայ­քար մղե­լով կրօ­նա­կան, գրա­կան թէ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ա­մէն կար­գի օ­տա­րա­մուտ ազ­դե­ցու­թեանց եւ նո­րա­րա­րու­թեանց դէմ։

Գաբ­րիէլ Այ­վա­զովս­կի
Խմբագրել

­Գաբ­րիէլ Այ­վա­զովս­կի ա­ւագ եղ­բայրն է աշ­խար­հահռ­չակ ու հան­ճա­րեղ հայ ծո­վան­կա­րիչ Յ. Այ­վա­զովս­կիի։ Ծ­նած է 1812-ի ­Մա­յիս 10-ին Խ­րի­մի սեւ-ծո­վեան ­Թէո­դո­սիա քա­ղա­քը, ուր եւ վե­րա­դար­ձաւ 1858-ին իբ­րեւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ ­Բե­սա­րա­բիոյ ­Վի­ճա­կի թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ։

Այդ ա­ռու­մով ալ «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ի հրա­տա­րա­կու­թեան երկ­րորդ եւ վեր­ջին՝ ­Թէո­դո­սիա­յի շրջա­նը, որ շուրջ եօ­թը տա­րի տե­ւեց եւ ու­նե­ցաւ նաեւ «­Ծիա­ծան» ա­նու­նով ման­կա­պա­տա­նե­կան յա­ւե­լո­ւած մը, իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հաս­ցուց ­Գաբ­րիէլ Այ­վա­զովս­կի Ար­քե­պիս­կո­պո­սին եւ ա­տե­նի հայ յե­ղա­փո­խա­շունչ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան (­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեան, Ս­տե­փան Ոս­կան) մի­ջեւ գա­ղա­փա­րա­կան բուռն պայ­քա­րը։

Գաբ­րիէլ Այ­վա­զովս­կիի պահպանողական գաղափարները
Խմբագրել

Ոչ միայն իր ժա­մա­նա­կին, այ­լեւ քսա­նե­րորդ դա­րուն ու մին­չեւ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րը, ­Գաբ­րիէլ Արք. Այ­վա­զովս­կին եւ իր «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ն­ ընդ­հան­րա­պէս մե­ղադ­րո­ւե­ցան ի­րենց պաշտ­պա­նած «թունդ պահ­պա­նո­ղա­կան» գա­ղա­փար­նե­րուն հա­մար։ Իսկ խորհր­դա­հայ պաշ­տօ­նա­կան դի­տան­կիւ­նէն՝ Գ. Այ­վա­զովս­կի մին­չեւ վերջ ալ նկա­տո­ւե­ցաւ ար­տա­յայ­տի­չը հայ կղե­րի եւ ու­նե­ւոր խա­ւե­րու շա­հե­րուն՝ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն պաշտ­պան կանգ­նե­լով ա­տե­նին տի­րող հա­սա­րա­կա­կան ու քա­ղա­քա­կան ա­նար­դար կար­գե­րուն։

Ըստ ­Հայ­կա­կան ­Սո­վե­տա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րա­նին՝ «ազ­գա­սի­րու­թեան» ու «միա­բա­նու­թեան» կո­չե­լով ազ­գը, նա դա­տա­պար­տում էր քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը, ապս­տամ­բու­թիւ­նը, «անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը», յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը եւ նրանց, ով­քեր ընդ­դի­մա­նում էին «օրհ­նա­բա­նեալ տէ­րու­թեա­նը» եւ «երկ­պա­ռա­կու­թեան» հրահ­րում ազ­գը»…

­Բայց ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն, յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ պահ­պա­նո­ղա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան դիր­քե­րէ կա­տա­րո­ւող վե­րար­ժե­ւո­րում­նե­րու ծի­րէն ներս, հայ­րե­նի հե­ղի­նակ­ներ սկսած են մատ­նան­շել, որ ազ­գա­սի­րու­թիւնն ու հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը ա­ւան­դա­պա­հա­կան ար­մատ­ներ ու­նէին Գ. Այ­վա­զովս­կիի մտա­ծո­ղու­թեան մէջ։ ­Դի­տել կու տան, որ ցա­րիզ­մի հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ սուլ­թա­նա­կան հա­կա­հայ խժդժու­թեանց դէմ պար­բե­րա­բար բո­ղո­քած է հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան այս ա­ւան­դա­պահ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։ ­Բայց ա­նոր մէջ միշտ իշ­խեց այն խոր հա­մո­զու­մը, որ ըմ­բոս­տու­թեամբ եւ յե­ղա­փո­խա­կան քայ­լե­րով կը վտան­գո­ւին հա­յոց ազ­գա­յին հա­ւատն ու լե­զուն, ո­րոնք ­Գաբ­րիէլ Արք. Այ­վա­զովս­կիի հա­մար «հա­յօ­րէն գո­յա­տե­ւե­լու ա­մէ­նէն ա­պա­հով ու ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան­ներն էին»՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած դա­ժան բռնա­տի­րու­թեանց պայ­ման­նե­րուն տակ։

«­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ն­ կը վերահրատարակուի
Խմբագրել

«­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ն­ իր ժա­մա­նա­կա­կից կեան­քը ապ­րե­լու բախ­տը ու­նե­ցաւ մեր օ­րե­րուն, երբ 1990ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան թեր­թը վե­րահ­րա­տա­րա­կե­լու քայ­լին դի­մե­ցին Այ­վա­զովս­կիի հա­մա­քա­ղա­քա­ցի­ներ։

1990-էն 1992, ­Սիմ­ֆե­րո­պո­լի մէջ, լոյս տե­սաւ նոր շրջա­նի «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի» ամ­սա­գի­րի 12 հա­մար։ Իսկ 1994-ի ­Դեկ­տեմ­բե­րէն ետք ան սկսաւ լոյս տես­նել իբ­րեւ շա­բա­թա­թերթ։

2004-էն ետք թեր­թը հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ իբ­րեւ պար­բե­րա­կան հան­դէս՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն, ռու­սե­րէն եւ ուգ­րաի­նե­րէն լե­զու­նե­րով, ե­ռամ­սեայ յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ լոյս տես­նե­լով:

«­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ի ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան ընդ­հա­նուր ուղ­ղու­թեան մա­սին պատ­կե­րա­ցում մը
Խմբագրել

Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի «­Հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թեանց» բա­ժան­մուն­քի կայ­քէ­ջէն ար­տատ­պուած ­Խա­ռա­տեան Ա.ի հե­տա­գայ անդ­րա­դար­ձը այս թերթի գաղափարախօսութեան մասին.

«­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ի գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է ե­ղել նրա խմբագ­րի դիր­քո­րո­շու­մով: ­Մին­չեւ 1856ը՝ Գ. Այ­վա­զովս­կին, լի­նե­լով Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան ան­դամ, հե­տե­ւել է Մ­խի­թա­րեան ու­ղեգ­ծին՝ ձգտե­լով հիմ­նա­կա­նում շրջան­ցել հայ ա­ռա­քե­լա­կան եւ Հ­ռո­մի կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րի դա­ւա­նա­կան հա­կա­սու­թիւն­նե­րը կամ զուսպ դիրք գրա­ւել դրանց հան­դէպ:

1855ի հա­մար­նե­րում հե­տա­մուտ է ե­ղել այն տե­սա­կէ­տին, որ ազ­գա­յին միա­բա­նու­թեան հար­ցում կրօ­նը եւ դա­ւա­նան­քը ա­ռաջ­նա­յին չեն, էա­կա­նը հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­ցիա­կան միա­բա­նու­թիւնն է: ­Նա­խա­պա­տո­ւու­թիւ­նը տա­լով կա­թո­լի­կա­կան դա­ւա­նան­քին՝ «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ն­ եր­բեմն կաս­կա­ծի տակ է ա­ռել ­Հայ Ե­կե­ղե­ցու ուղ­ղա­փա­ռու­թիւ­նը, եր­բեմն էլ փոր­ձել է հա­մա­հար­թեց­նել կա­թո­լիկ եւ հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րի տար­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ շեշ­տը դնե­լով քրիս­տո­նէա­կան դա­ւա­նան­քի ընդ­հան­րու­թիւն­նե­րի վրայ:

Գ. Այ­վա­զովս­կու մայր ե­կե­ղե­ցի վե­րա­դառ­նա­լուց (1856) յե­տոյ, «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ն կտ­րուկ փո­խել է իր դիր­քո­րո­շու­մը. քննա­դա­տել է Մ­խի­թա­րեան­նե­րին, նրանց մե­ղադ­րել մո­լե­ռան­դու­թեան, ազ­գից հե­ռա­նա­լու մէջ, ազ­գա­պահ­պան­ման ա­մե­նահ­զօր լծակ հա­մա­րել ազ­գա­յին դա­ւա­նան­քը:

Օ­րի­նակ բե­րե­լով լե­հա­հա­յե­րին՝ նրանց ձու­լո­ւե­լու պատ­ճա­ռը հա­մա­րել է՝ «Ի­րենց հայ­րե­նի դա­ւա­նան­քէն ետ կե­նա­լու ու կա­թո­լիկ ըլ­լա­լու մէջ» (1857, դ. 1, էջ 3): «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ն տ­պագ­րել է կա­թո­լիկ Մ. ­Չամ­չեա­նի «Ե­կե­ղե­ցի հա­յոց թուղթ ­Վա­հա­նայ Ար­շա­րուն­ւոյ» յօ­դո­ւա­ծը, որ­տեղ հե­ղի­նա­կը հեր­քել է ­Հայ Ե­կե­ղե­ցու հեր­ձո­ւա­ծող լի­նե­լու մտայ­նու­թիւ­նը եւ պար­սա­ւել գո­լէճ­ցի կրօ­նա­մոլ­նե­րին:

1857-58ին ամ­սա­գի­րը հրա­պա­րա­կել է ­Հայ Ե­կե­ղե­ցու կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը՝ «­Սահ­մանք տես­չու­թեան ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ ի ­Ռու­սիա»:

«­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ն ­կա­թո­լի­կու­թեան քննա­դա­տու­թեա­նը զու­գակ­ցել է բո­ղո­քա­կա­նու­թեան հան­դէպ իր ան­հաշտ կե­ցո­ւած­քը, անդ­րա­դար­ձել Օս­ման­յան ­Թուր­քիա­յում ազ­գի կրօ­նա­կան միաս­նու­թիւ­նը խարխ­լող բո­ղո­քա­կա­նու­թեան գոր­ծու­նէու­թեա­նը: ­Հայ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քում ա­զա­տամ­տու­թեան դէմ մղած իր պայ­քա­րը Գ. Այ­վա­զովս­կին ներ­կա­յաց­րել է իբ­րեւ պայ­քար բո­ղո­քա­կա­նու­թեան դէմ:

«­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի»ն հե­տաքրք­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ է հա­ղոր­դել ­Հայ Ե­կե­ղե­ցու տօ­նե­րի, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րի մա­սին, տպագ­րել հա­յոց վան­քե­րի, ե­կե­ղե­ցի­նե­րի պատ­մու­թեա­նը նո­ւի­րո­ւած յօ­դո­ւած­ներ: Ու­շագ­րաւ են «Կ­րօ­նը ա­րո­ւես­տում» թե­մա­յով նրա հրա­պա­րա­կած նիւ­թե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ եւ­րո­պա­կան կեր­պա­րո­ւես­տում ա­ւե­տա­րա­նա­կան սիւ­ժէի մարմ­նա­ւոր­մա­նը նո­ւի­րո­ւած է­ջե­րը՝ հա­մա­պա­տաս­խան պատ­կե­րագ­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ: Ք­րիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան եւ ազ­գա­յին ե­կե­ղե­ցու դա­ւա­նան­քի քա­րոզ­չու­թեամբ՝ «­ՄասԵաց Ա­ղաւ­նի»ն իր ու­րոյն տեղն ու­նի հայ կրօ­նա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րի շար­քում»:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հանրագիտակ, «Մշակոյթի աշխարհ», ՀԳՄ հրատարակչութիւն, 2007, 195-րդ էջ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ազատ Օր, «15 Հունաուր 2018,15 Յունուար 1855. Սկսաւ «Մասեաց Աղաւնի» թեր­թին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ­Փա­րի­զի մէջ»

Նազարէթ Պէրպէրեան

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։