Մարի Փելթէքեան՝ կ'աւարտէ Լիբանանի Ազգային Երաժշտանոցը ուսուցիչ ունենալով տիկ.Պատիա Սապրա Հատտատը: 1977-ի ամրան իր երգարուեստի ճիւղը կը կատարելագործէ Սիէննայի (Իտալիա) երաժշտական Աքատեմիի հանրածանօթ Մայէսթրօ Ֆաւարօթիի հսկողութեան տակ։ Աւելի քան 25 տարի իր օժանդակութիւնը բերած է բազմաթիւ նուագահանդէսներու, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ բարեսիրական ձեռնարկներու Պէյրութի, Ամմանի, Լակոսի եւ Լոնտոնի մէջ։ 1970-ին հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կազմակերւպած «Կոմիտաս մրցումին» առաջնութիւնը շահեցաւ Պէյրութի մէջ։

Մարի Փելթէքեան

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր Գ. (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։