Միսաք Պաղպուտարեան

խմբավար Միսաք Պաղպուտարեան՝ Սուրիոյ սիմֆոնիք ազգային նուագախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է 2003 թուականէն ի վեր. իր ջանքերով նուագախումբը հրապարակած է ձայնասկաւառակներ, նաեւ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է Սուրիոյ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։

Միսաք Պաղպուտարեան
արաբերէն՝ ميساك باغبودريان
Ծնած է Դամասկոս, Սուրիա
Ծննդավայր Դամասկոս, Սուրիա[1]
Քաղաքացիութիւն Կաղապար:Country data Սուրիա
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն Խմբավար-Ղեկավար
Մասնագիտութիւն երաժշտագէտ, Ֆլորանս քաղաքի երաժշտանոց
Ծնողներ Նուպար եւ Մարօ Պաղպուտարեաններ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ան Դամասկոսի վաստակաշատ համազգայնականի Նուպար Պաղպուտարեանի զաւակն է: Ունի արուեստագէտ երկու քոյրեր՝ Ծովակ՝ 33 տարեկան (ջութակ) եւ Գարուն՝ 29 տարեկան (թաւջութակ), որոնք մաս կը կազմեն իր նուագախումբին: Ներկայիս Գարունը, սուրիական պետութեան իբրեւ սան, թաւջութակի սերտողութեան ծիրէն ներս ուսանած է Լիոնի երաժշտական բարձրագոյն համալսարանին մէջ, Ֆրանսա:[2]

Ուսում եւ պաշտօն Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ վարժարանին մէջ, իսկ բարձրագոյնը՝ պետական: Փոքր տարիքէն մեծ սէր ունեցած է հանդէպ երաժշտութեան եւ հետեւած դասընթացքներու: Ապա, ութ տարի երաժշտական իր ուսումը շարունակած է High Institute of Music պետական համալսարանէն ներս՝ տնօրէն Սըլհի Էլ Ուատիի ղեկավարութեամբ: Նոյն այս մեծ երաժշտագէտին քաջալերանքին հարազատ արդիւնքով, իբրեւ բացառիկ աշակերտ պետութիւնը զինք ուղարկած է Իտալիա,Ֆլորանս քաղաքի երաժշտանոց, ուր մնացած է 5 տարի:

2001ին, աւարտելով խմբավարի իր բարձրագոյն ուսումը՝ Դամասկոս վերադարձած է եւ շնորհիւ իր հմտութեան ու բացառիկ կարողութեան, Սըլհի էլ Ուատի նոյնինքն երաժշտագէտը, որ եղած էր նաեւ հիմնադիրը Սուրիոյ պետական այս նուգախումբին, որ բաղկացած է 85 անդամներէ, խումբին ղեկավարութիւնը անձամբ յանձնած է արուսետագէտ Միսաք Պաղպուտարեանին:

Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 100ամեակ Խմբագրել

2003ին Դամասկոսի մէջ Մ. Պաղպուտարեան իր ղեկավարած նուագախումբով, դաշնակի ընկերակցութեամբ յատկապէս Երեւանէն հրաւիրուած Արմէն Պապախանեանի, մեծ հանդիսութեամբ մը յիշատակեց Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 100ամեակը:

Ելոյթ Միացեալ Նահանգներու մէջ Խմբագրել

խմբավար Միսաք Պաղպուտարեան Միացեալ Նահանգներ հրաւիրուած է Քալիֆորնիոյ Քոսթա Մեսա քաղաքի «Փասիֆիք Սինֆոնի» նուագախումբի խմբավար հանրայայտ Քարլ Սանդ Քրէլի կողմէ, ելոյթ ունենալու նոյն քաղաքին մէջ Մարտ 12, 13 եւ 14 2009-ին: Իրեն կ’ընկերանան Դամասկոսի իր խումբէն հինգ սուրիացի մեներգողներ, որոնք հիւրընկալող խումբին հետ միատեղ կը հրամցնեն սուրիական եւ համաշխարհային երգահաններու ստեղծագործութիւններէն բաժիններ՝ արաբական ուտի, «նայ»ի եւ «պըզոք» նուգարաններու ընկերակցութեամբ:

Սուրիոյ Սիմֆոնիք Ազգային Նուագախումբի Բացառիկ Ելոյթը Խմբագրել

Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2010-ին, Դամասկոսի Համագումարներու պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ սիմֆոնիք ազգային նուագախումբին ելոյթը՝ հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Ռիատ Իսմաթի եւ կազմակերպութեամբ Երաժշտութեան բարձրագոյն հիմնարկին։

Յայտագիրին մէջ նկատի առնուած էին ստեղծագործական մեկնաբանութիւններ՝ Պեթհովենէն, Պութչինիէն, Ռոսինիէն, Պրամզէն, Մասաքնիէն։[3]

Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակ Խմբագրել

2015 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով, Մայեսթրօ Պաղպուտարեանի ջանքերով եւ ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի եւ Դամասկոսի երաժշտական սենեկային երգչախումբի մասնակացութեամբ Դամասկոսի «Տար ալ-Ասատ» օփերայի «Տրամա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս նահատակ հանճարը» երաժշտական ձեռնարկը:

ՍԱՍՆ-ի սուրիահայ երաժիշտներէն է նաեւ ջութակահար Ծովակ Պաղպուտարեանը, որ մեծ փորձառութիւն ունեցած է երեխաներու ուսուցման, իսկ վերջին տարիներուն 6 տարեկանէն սկսեալ երեխաներու յատկացուած երաժշտական դասերու ծրագիրի ձեռնարկած է:

Ծովակ Պաղպուտարեան մասնագիտացած է ջութակի գործիքին եւ հարուածային գործիքներու մէջ: Միեւնոյն ժամանակ աւարտած է Ֆրանսերէն գրականութեան բաժինը` տիրանալով նաեւ բարձրագոյն վկայականի: 1988-1992 մասնակցած է Երաժշտութեան արաբական ուսումնարանի սենեկային նուագախումբի ելոյթներուն, որ ապագային դարձաւ ՍԱՍՆ, իսկ 1997 թուականէն ի վեր ան կ’ընկերակցի այդ նուագախումբին բոլոր ելոյթներուն` իբրեւ ջութակի երկրորդ նուագող:

Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով, կիրակի 26 ապրիլ 2015 թուականին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի հովանաւորութեամբ, Դամասկոսի Հին քաղաքի՝ Պապ Շարքի հայ առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կողքին Դամասկոսի նահանգապետարանի կողմէ յատկացուած հրապարակի «Հայոց ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց» անուանակոչումը:

Նկատի առնելով, որ Սուրիոյ հիմնական կրթական կեդրոն Դամասկոս քաղաքի մէջ է ամենամեծ եւ ամենահին համալասրանը Դամասկոսի համալսարանը Սուրիոյ մէջ: Առ այդ, 2014 թուականին Դամասկոսի Պետական Համալսարանին մէջ կը բացուի Հայագիտական ամպիոն մը, որուն ղեկավարն է դոկտ. Նորա Արիսեանը:

[4]

Աղբիւրներ Խմբագրել

Սուրիահայ 35ամեայ Պետական Սինֆոնիք նուագախումբի խմբավար Միսակ Պաղպուտարեանի ելոյթները ԱՄՆ.ի՝ մէջ

Պատերազմի ընթացքին մեր իրական հերոսը Սուրիոյ ժողովուրդն էր».Միսաք Պաղպուտարեան[permanent dead link]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել