Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան

(Վերայղուած է Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան-էն)

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (18 Օգոստոս 1828(1828-08-18), Օրթաքէօյ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 29 Նոյեմբեր 1868(1868-11-29), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), արեւմտահայ բանաստեղծ։

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան
Ծնած է 18 Օգոստոս 1828(1828-08-18)
Ծննդավայր Օրթաքէօյ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 29 Նոյեմբեր 1868(1868-11-29) (40 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, թատերագիր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս, կաթողիկէ աղքատ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրն ու մայրը շատ կանուխ մահացած են թոքախտէ։ Պէշիկթաշլեան կրթութիւն ստացած է Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, եղած է Ղեւոնդ Ալիշանի աշակերտը։ Ապրած է համեստ կեանք մը ու աշխատած՝ իբրեւ ուսուցիչ։

Նախակրթութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու Պոլսոյ եւ ապա Փատովայի (Իտալիա) վարժարաններուն մէջ։ Կազմաւորուած երիտասարդ, 1845-ին վերադարձած է ծննդավայրը։ Թաղային վարժարաններու մէջ ուսուցչութեան կողքին, մասնաւոր դասերու շնորհիւ, յաջողած է մայրենի լեզուի սէր եւ ազգային ոգի ներշնչել բարեկեցիկ, բայց օտարախօս շրջանակներու երիտասարդութեան։

Ազգային մշակոյթի եւ գիտակցութեան այս խանդավառ քարոզչութիւնը արդիւնաւէտ եղած է: Իր բազմաթիւ աշակերտներէն, հայ գրականութեան պատմութեան մէջ իր անունը պահողներէն է Սրբուհի Տիւսաբ։

Երիտասարդ ուսուցիչ-գրագէտը ջերմ զգացումներ տածած է զգայուն եւ փայլուն այս աշակերտուհիին հանդէպ, բայց կապը, թէեւ փոխադարձուած, անյոյս էր. Սրբուհի հարուստ ընտանիքէ կու գար, իսկ Պէշիկթաշլեան աղքատ էր ու աոողջութեամբ՝ թոյլ։

Աւելի ուշ, թոքախտէ հիւանդ եւ մահամերձ, բանաստեղծը այս կապին նուիրած է իր գեղեցկագոյն բանաստեղծութիւնները, գրաբարով։

Ուսուցչական գործունէութեան կողքին, Պէշիկթաշլեան բուռն թափով նուիրուած է միութենական աշխատանքներու։ Հիմնադիրներէն եղած է «Համազգեաց ընկերութեան», որ պիտի ունենար կրթական-հրատարակչական լայն գործունէութիւն, ջանալով նաեւ միասնութիւն ստեղծել հայութեան հատուածներուն միջեւ։

Իբրեւ կաթողիկէ համայնքի անդամ, Պէշիկթաշլեան անսահման հաւատքով ու զոհաբերումով գործած է վերացնելու համար առաքելական եկեղեցիին հետ շարունակուող պառակտիչ վէճերը։ Իրեն համար մնայուն հաւատք ու ապրում եղած է համահայկական եղբայրութիւնը։

Պէշիկթաշլեան էական դեր ունեցած է Ազգային Սահմանադրութեան (1860) ստեղծման գործին մէջ։ Աջակցած է «Բարեգործական ընկերութիւն հայոց»-ի ստեղծման (1860): Մասնակցած է «Անձնուէր ընկերութեան» (1860-63, ունեցած է կրթական նպատակներ) աշխատանքներուն, աջակցած է Տիգրան Չուխաճեանի եւ Գաբրիէլ Երանեանի ՝ «Քնար հայկական» վեցամսեայ հանդէսը խմբագրելու գործին:[2]

Պէշիկթաշլեան մեծ վաստակ ունի արեւմտահայ թատրոնի զարգացման մէջ, ե՛ւ իբր թատերախումբի հիմնադիր, ե՛ւ իբր թատերագիր։

Բանաստեղծը ունի 60 բանաստեղծութիւն, որոնց թեմաները բազմազան են: Գրած է գրաբար եւ աշխարհաբար լեզուներով:

Պէշիկթաշլեան երգած է սէրը, բնութիւնը, հայրենիքը, գրած է օրօրոցային, մանկական երգեր, եւ այլն:

Եղած է յարգուած ու սիրուած դէմք մը, որու բարութիւնը, ջերմութիւնը, հայրենասէր ու մարդասէր նուիրեալի պատկերը անցած են պատմութեան։

Պէշիկթաշլեանի ստեղծագործական բարձրակէտը կը համընկնի 1850-ականներու վերջերուն՝ հասարակական-քաղաքական միտքի եւ ազգային-ազատագրական շարժման բուռն վերելքին հետ: Անոր խոհերուն աղբիւրը կը դառնայ իսկական հայրենիքը:

1860-ականներու սկիզբը գրած բանաստեղծութիւնները արձագանգն են Զէյթունի հերոսամարտին: Զէյթունեան երգաշարը` «Հայ քաջորդին», «Մահ քաջորդւոյն», «Թաղումն քաջորդւոյն» եւ «Հայ քաջուհին», հերոսամարտի գեղարուեստական իմաստաւորումն ու տարեգրութիւնը կ'արտայայտեն Պէշիկթաշլեանի հաւատքը հայ ժողովուրդին ուժին նկատմամբ:

«Հայ քաջորդին» ներշնչուած է Վիքթոր Հիւկոյի «Տղան» բանաստեղծութենէն:

Մահացած է թոքախտէ։ Թաղուած է Պոլիս, Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 98. — ISBN 978-2-905686-93-0
  2. «ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-05-08-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-03 

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Պատմական ողբերգութիւններ

Խմբագրել
  • «Կոռնակ»
  • «Արշակ»
  • «Վահէ»
  • «Վահան»

Թարգմանական «փիէս»ներ

Խմբագրել
  • Վոլտէրի «Մահ Կեսարու»
  • Վ. Ալֆիերիի «Սաւուղ», «Բրուտոս Ա․»

Երաժշտական կատակերգութիւններ

Խմբագրել
  • «Կատակերգութիւն Երից Քաջաց»
  • «Կատակերգութիւն Աւազակաց» (1909)

Բանաստեղծութիւններ

Խմբագրել
  • «Զբօսանք Արտաշէսի Առաջնոյ» (1849, տպագրուած է«Բազմաւէպ»')
  • «Հրաւէր ի Մարտ Խոսրովու Մեծի»
  • «Ի Նահատակութիւն Վարդանանց»
  • «Դիւցազունք Հայոց»
  • «Գիշեր»
  • «Առ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան»
  • «Եղբայր Եմք Մենք»
  • «Գարուն»
  • «Ալ զեփիւռն Ալեմտաղիի»
  • «Ճեմք Ի Լեառն Հսկային»
  • «Հնացեէք Իմ Տաղք»
  • «Աշուն»
  • «Քնար Կուսին»
  • «Քնար Եւ Շիրիմ»

Զէյթունեան երգաշար

Խմբագրել
  • «Հայ Քաջորդին»
  • «Մահ Քաջորդւույն»
  • «Թաղումն Քաջորդւույն»
  • «Հայ Քաջուհին»
  • Մատենագրութիւնք, Կ. Պոլիս, 1870, 584 էջ:
  • Տաղեր, Թիֆլիս, 1903, 176 էջ:
  • Քերթուածներ եւ ճառեր, Փարիզ, 1904, 193 էջ:
  • Թատերգութիւններ, Կ. Պոլիս, 1909:
  • Տաղք եւ թատերգութիւնք, Նիւ Եորք, 1917, 528 էջ:
  • Տաղեր, Երեւան, 1947, 108 էջ:
  • Բանաստեղծութիւններ: Ճառեր: Հատուածներ, Վենետիկ, 1956, 104 էջ:
  • Տաղեր, Երեւան, 1961, 200 էջ:
  • Երկերի լիակատար ժողովածու, Երեւան, 1987, 564 էջ:
  • Երկեր, Անթիլիաս, 1995, 332 էջ:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Վաչէ Սաֆարեան «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան։ Կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը»։
  • Յարութիւն Քիւրքճեան, Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 32: