Յարութիւն Ալիքսանեան
Յարութիւն Ալիքսանեան (Խաչիկ, 1857, Պուրսա, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1 Յունուար 1918, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ դերասան,
Յարութիւն Ալիքսանեան | |
---|---|
Ծնած է | 1857 |
Ծննդավայր | Պուրսա, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1 Յունուար 1918 |
Մահուան վայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | դերասան |
Ամուսին | Սիրանոյշ Ալիքսանեան |
Երեխաներ | Նուպար Ալիքսանեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Չինկիլէրի (Պրուսայի գիւղ)։ Մանուկ ատեն կորսնցուցած է ծնողքը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղին դպրոցին մէջ, ետքը ղրկուած է Պրուսա՝ իբրեւ կօշկակարի աշկերտ, 1864-ին ղրկուած է Պոլսոյ Ս. Փրկչեան Ազգային որբանոց-վարժարանը՝ իր Գէորգ Եպ. հօրեղբօրը միջնորդութեամբ, հոն մնացած է 7 տարի եւ աշակերտական թատերական ներկայացումներու ատեն ի յայտ բերած է իր դերասանական կարողութիւնները:
1878-ին Վարդովեանի դերասանական խումբին մէջ ընդունուած է, եւ երբ Վարդովեան գործէ քաշուած է՝ 1881-ին, Մնակեանի խումբին մէջ առաջին դարերը ստանձնած է 1891-2 կը բաժնուի Մնակեանէն եւ առանձին խումբ մը կազմելով կը մտադրէ Պրուսա մեկնիլ 1899-ին Տիկին Հրաչեա դերասանուհին զինքը Կովկաս կը հրաւիրէ. հոն՝ Գանձակի, Պաքուի, Թիֆլիսի մէջ բեմ կ'ելլէ կարեւոր դերերով. քիչ ատեն ետք Պոլիս կը վերադառնայ. 1896-ին Զմիւռնիա է, Մնակեանի հետ, իսկ 1897-ին՝ Եգիպտոս, Սերովբէ Պէնլեանի մեծ օփերէթի խումբին մէջ իբրեւ առաջին պառիթոն երգիչ-դերասան: 1899-ին Պոլիս կը դառնայ եւ սկսնակ դերասանուհի Օր. Աղաւնի Հայկազեանի հետ կ'ամուսնանայ, որ կը կոչուի Տիկին Սիրանոյշ Ալիքսանեան համանուն արուեստագիտուհիին շատ նմանելուն համար:
Ալիքսանեան մինչեւ 1903 դարձեալ Պոլսոյ բեմերուն վրայ է, իբրեւ օրուան տիրապետող արուեստագէտը: Ինքը հակառակորդի դերերը այնքան բնականօրէն տարած է, որ շատ անգամ հանդիսատեսներուն զայրոյթը գրգռած է իր դէմ, 1904-6-ին թատերապտոյտներ կ'ընէ այցելելով Սելանիկ, Տրամա, Սէրէզ, Քավալա, Իզմիտ, Սամսոն:
1907-ին՝ Ալիքսանեան Հոլասի եւ Տիկ. Հէքիմեանի հետ ուժեղ խումբ մը կը կազմէ, որ ասուպի կեանք մը կ'ունենայ. Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք խումբը դանդաղօրէն կը քայքայուի:
1908-18 պատերազմի օրերուն՝ իր անկումի շրջանը կ'ըլլայ: «Հաց»ին համար կը ստիպուի խել մը խումբերու մէջ մտնել. ելլել ու քաշկռտել իր փառքի ծիրանին անծանօթ բեմերու վրայ։ Վերջին ներկայացումը տեղի ունեցած է Դեկտեմբերին: 1918 Յունուար 1-ին. կը մեռնի, ու կը թաղուի Շիշլիի Ազգ. գերեզմանատան դերասաններու թաղամասին մէջ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հայր Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, Պուքրէշ, Ա․ հատոր, 1938, էջ 65։
- Նշան Պէշիկթաշլեան, Թէոդիկի Ամ. Տար. 1926 էջ 416-30։