Նուպար Ալիքսանեան
Նուպար Ալիքսանեան, (1950[1][2][3][…], Վուսթեր, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]
Կոստանդնուպոլիս, Թուրքիա), հայ երաժիշտ:
Նուպար Ալիքսանեան | |
---|---|
Ծնած է | 1950[1][2][3][…] |
Ծննդավայր |
Վուսթեր, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4] Կոստանդնուպոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն |
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Օսմանեան Կայսրութիւն Ֆրանսա |
Ուսումնավայր |
Պոսթընի համալսարան New England School of Photography? |
Մասնագիտութիւն | լուսանկարիչ, երաժիշտ |
Ծնողներ | հայր՝ Յարութիւն Ալիքսանեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՈրդի դերասան Յ. Ալիքսանեան ամոլին, Երեք տարի Գատըգիւղի Մխիթարեան վարժարանը յաճախելէ ետք՝ կ՛անցնի տեղւոյն Սէն ժոզէֆ Ֆրանսական Վարժարանը, զոր չի կրնար աւարտել պատերազմի պատճառաւ: Ուսանած է նաեւ Պարտիզակի Բարձրագոյն վարժարանը ուսոուցիչ ունենալով Գրիգոր Մխալեանը (Անգլերէնի եւ ուսողութեան), Պոլսոյ մէջ Յարութիւն Հազարապետեանը՝ (տոմարակալութեան): Շարունակելով ուսումը Փարիզ, նոյն ճիւղերուն մէջ ստացած է երկու վկայական, մին դրամատանց պաշտօնեաներ պատրաստող մասնաւոր վարժարանէն, միւսը՝ Փարիզի Բրիտանական Առեւտրական Սենեակէն: 1914-7 Պոլսոյ մէջ Օսմ. թղթատարական պաշտօնեայ, Իսկ 1917-22 Հանրային պարտուց վարչութեան մէջ հաշուակալ ու ապա մաքսային դեր-ստուգիչ, եւ 1922 թուականէն Փարիզ հաստատուած՝ Ֆրանսական եւ Ամերիկեան դրամատուններուն մէջ պաշտօնեայ:
Իր երաժշտութեան հանդէպ ունեցած հակումը կը պարտի իր ծնողած եւ թատրոնին: Ջութակի ուսուցիչները եղած են Ահարոն Մսրլեան Ռօմանօ, աւելի վերջը՝ (1915) Պոլսոյ Պետական Երաժշտանոցին մէջ Զէքի պէյ, Պրաուն: Տարի մըն ալ (1921-22) աշակերտած է Էտկառ Մանասի մօտ, դաշնամուրի դասեր առնելով բծախնդիր վարպետէն: Ժամանակի մը համար Պոլսոյ Արուեստասէր երաժշտական երկսեռ միութեան ատենապետը եղած է : Երաժշտական ուսումնասիրութիւններ ունի թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ֆրանսական թերթերու մէջ։ Աշխատակցած է Թէոդիկի վերջին տարեցոյցներուն:
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Ա․ հատոր, Էջ 66: