Յովհաննէս Թերզեան

Յովհաննէս Թերզեան Կիրակոսի (Կարապետի) (1883 (1888) - 1915 (1916)), հայ բժիշկ, ՀՅԴ անդամ։

Յովհաննէս Թերզեան
Ծնած է 1883 կամ 1888
Մահացած է 1915 կամ 1916
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Կրթութիւն Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, քաղաքական գործիչ
Կոչում հա­զա­րա­պետ
Աշխատավայր Տիգ­րա­նա­կեր­տի «Յա­ռաջ­դի­մական վար­ժա­րա­ն»
Երզնկայի Ազի­զիէ հիւան­դա­նո­ց
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է 1883 (1888) թուականին, Տիգրանակերտի նահանգի կեդրոն Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ, հայ առաքելական ընտանիքի մէջ։ Հայրը՝ դերձակ (թուրքերէն` թերզի) Չութպարմաղեան Կիրակոսը, Տիգրանակերտի մէջ յայտնի էր իբրեւ ազգասէր, հայրենասէր, ուսումնասէր ու բարերար մարդ։

Յովհաննէս Թերզեան նախնական կրթութիւնն ստացած է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ կից ազգային վարժարանին մէջ։ Աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Խարբերդի Եփրատ Գոլէճը։ 1899 թուականին մեկնած է Պէյրութ ուսանելու։ 1904 (1906) թուականին ստացած է «պսա­կա­ւոր ար­ուես­տից» վկայականը։ 1904 (06)-10 թուականներուն, ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական ֆակուլտետին մէջ։ Եղած է «Համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան» հիմնադիրներէն մէկը։ 1905 թուականին՝ համալսարանին մէջ ուսանելու ժամանակ, ՀՅԴ հիմնադիրներէն, գիւղատնտես Սիմոն Զաւարեանի ազդեցութեան տակ ընդունուած է ՀՅԴ-ի շարքերը եւ դարձել ՀՅԴ Պէյրութի կոմիտէի հիմնադիր ու եռանդուն 4 անդամներէն մէկը։ 1910 թուականին վերադարձած է Տիգրանակերտ եւ որպէս բժիշկ աշխատած։

Այստեղ եւս աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է կուսակցական-քաղաքական կեանքէն ներս, եղած է ՀՅԴ Տիգրանակերտի կեդրոնական կոմիտէի եւ անոր Գաղտնի մարմնին անդամ։ Եղած է նաեւ Տիգրանակերտի Բանուորներու եւ Բանուորուհիներու միութիւններու կազմակերպման օժանդակողներէն մէկը։ 1911 թուականին, անոր նախաձեռնութեամբ եւ մի քանի գաղափարակիցներու բարոյական ու նիւթական աջակցութեամբ, Կ. Պոլսոյ Կրթութեան նախարարութենէն արտօնագիր ստանալով վերաբացուած եւ մինչեւ 1914 թուականին գործած է Տիգրանակերտի «Յա­ռաջ­դի­մական վար­ժա­րա­նը», ուր դասաւանդելու էին հրաուիրած յառաջադէմ ուսուցիչներ Կ. Պոլսէն, Խարբերդէն, Կարինէն եւ Այն­թէ­պէն։ Եղած է այդ վարժարանի նախագահը։

Արսէն Եարմանի գիրքին մէջ Յովհաննէս Թերզեանը յիշատակուած է նաեւ Զմիւռնիոյ հայկական հիւանդանոցի բժիշկներու ցանկին մէջ։ 1912-13 թուականներուն, որպէս Օսմանեան բանակի հազարապետ բժիշկ՝ մասնակցած է Պալքանեան պատերազմին։ 1914 թուականի Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն Յովհաննէս Տիգրանեանի հետ, որպէս Տիգրանակերտէն ընտրուած պատգամաւոր, մասնակցած է Կարնոյ ՀՅԴ 8-րդ ընդհանուր ժողովին։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելուն պէս, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած՝ Երզնկայի Ազիզիէ հիւանդանոցին մէջ։

1915 թուականի Յուլիսին, Կարինէն Երզնկա ընկած ճամբուն վրայ՝ Բաբերդ չհասած, Մուշի Քոբ (Կոպ) լեռան ստորոտին, 32-րդ զօրաբաժինի սպայ Մեհմետ Ալիի հրամանով սպանուած է բժիշկ Լութֆի Լեւոն Հալէպլեանի հետ միասին, թուրք սպայի եւ թուրք զինուորներու ձեռքով՝ մօտ 33 տարեկան հասակին։ Այլ տուեալով՝ նահատակուած է 1916 թուականին Կարնոյ ռազմաճակատին վրայ ծառայելու ընթացքին։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940),

Սթանպուլ, 1940։

  • Մկունդ Տիգրան, Ամիտայի արձագանգներ, Ուիհոքըն, Նիւ Ճըրզի, 1950։
  • Մկունդ Տիգրան, Ամիտայի արձագանգներու վերակոչումն եւ Բ. հատոր, Ուիհոքըն, Նիւ Ճըրզի, 1953։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Աւօ, Յեղափոխական Ալպոմ, Պէյրութ, Բ. շարք, թուականին 8 (26)։
  • Սահակեան Լիլիկ, Ոճրագործները չխնայեցին նոյնիսկ մարդու կեանքը փրկողներուն, «Առող­ջա­պա­հու­թիւն», Երեւան, 1965, թ. 4։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, ապրիլ 24, 1985։
  • Ատաշ Ատնան, 20-րդ դարի նահատակ եղած բժիշկները (թուրքերէն), Թուրքիա, 1997։
  • Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալպոմ-ատլաս, Բ.հատոր, Գոյամարտ, 19141925, Լոս Անճելըս, 2001։
  • Յարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • ՀՑԹԻՖ, ֆ-49, ծ-229, պ-14։
  • Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազ­դակ», 01-11-2012։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։