Շահան Գանտահարեան

տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր «Ազդակ» օրաթերթին

Շահան Գանտահարեան (Սեպտեմբեր 14, 1964, Անթիլիաս, Լիբանան), տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր «Ազդակ» օրաթերթին: Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծաբան:

Շահան Գանտահարեան
Գանտահարեան 2017-ին
Ծնած է 14 Սեպտեմբեր, 1964
Ծննդավայր Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Լիբանան եւ Հայաստան
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն Միջազգային յարաբերութիւններու Քաղաքականագիտական վերլուծաբան
Մասնագիտութիւն Քաղաքագիտութեան կաճառի պսակաւոր արուեստի աստիճան, Միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսի աստիճան
Աշխատավայր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր
Ծնողներ Գէորգ Գանտահարեան Մարօ Գանտահարեան
Երեխաներ Սանան և Ալիք
Կայքէջ aztagdaily.com

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Որդին՝ Գէորգ Գանտահարեանի, ծնած է Սեպտեմբեր 14, 1964ին, Անթիլիաս, Լիբանան: 1983-ին աւարտած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարան (վերանուանուած՝ Համազգայինի Մելանքթոն և Հայկ Արսլանեան ճեմարան

1987-ին շրջանաւարտ եղած է Հայկազեան համալսարանի քաղաքագիտութեան ճիւղէն՝ պսակաւոր արուեստի աստիճանով, իսկ 1988-ին՝ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի պատմագիտութեան բաժանմունքէն, պսակաւոր արուեստի աստիճանով։ 1995-ին աւարտած է ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղը մագիստրոսի աստիճանով:

1983-1984-ին աշխատած է «Ազդակ» օրաթերթի լրատուական բաժանմունքին մէջ։1984-2002 թուականներուն աշխատած է ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական հարցերու գրասենեակին մէջ, իսկ 1996-2000-ին «Կայծեր» երիտասարդական պարբերաթերթի խմբագիր եղած է։ 2002-էն մինչեւ այսօր կը վարէ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնի եւ գլխաւոր խմբագրի պաշտօնները։

2009-2018-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կից գործող հայկական լրատուամիջոցներու համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ եղած է, իսկ 2016-2018-ին՝ ՀՀ Սփիւռքի հասարակական խորհուրդի անդամ։

2011-2015 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կենդրոնական մարմինի փոխատենապետ եղած է։

Պարգեւներ եւ մրցանակներ

Խմբագրել

Շահան Գանտահարեան պարգեւատրուած է յուշամետալներով եւ գլխաւոր մրցանակներով շնորհիւ իր հայանպաստ եւ հասարակական ծաւալուն գործունէութեան:

  • 2011-ին «Անկախութեան 20-ամեակի յոբելեանական մետալ», ՀՀ պաշտպանութեան նախարար:
  • 2012-ին «Մովսէս Խորենացի » մետալ, ՀՀ նախագահ:
  • 2013-ին Մամուլի «Ազդարար» մրցանակ՝ հայապահպանման գործին ցուցաբերած աւանդի համար։
  • 2013-ին Տիգրան Նաղդալեանի անուան գլխաւոր մրցանակ, Երեւանի մամուլի ակումբի եւ ՀՀ լրագրողներու միութեան համատեղ մրցանակաբաշխութիւն, իբրեւ Միջին Արեւելեան տարածաշրջանի իրադարձություններու լաւագոյն վերլուծող:
  • 2013-ին «Մայրենիի դեսպան», ՀՀ Սփիւռքի նախարար:
  • 2014-ին Դրաստամատ Կանայեանի անուան մետալ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար:
  • 2016-ին «Ֆրիտիոֆ Նանսեն» ոսկէ յուշամետալ` հասարակական, քաղաքական մարդասիրական սկզբունքներու հաստատման եւ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման ուղղութեամբ ծաւալած գործունէութեան համար։
  • 2017-ին ՀՑԹԻ-ի Հենրի Մորկընթաուի երախտագիտութեան մետալ՝ ցեղասպանագիտական նիւթերու հրապարակման եւ ՀՑԹԻ-ի հետ համագործակցութեան համար։
  • 2017-ին ՀՀ Լրագրողներու Միութեան «Հաւատարիմ մասնագիտութեան» ոսկէ մետալ՝ 30-ամեայ լրագրական բեղուն գործունէութեան համար
  • 2019-ին, Արցախի «Մայրութիւն» ՀԿ-ի «Մայրական երախտագիտութիւն» յուշամետալ ՝ Արցախին ու Արցախի ժողովուրդին մշտական սատար կանգնելուն համար։
  • 2019-ին, Կիպրոսի Թեմի անունով պարգեւատրում՝ իբրեւ հայ առաջատար մամուլի գործիչ, որ կը համակարգէ նաեւ մամուլի համահայկական աշխատանքները, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետի 2019 տարին «Հայ Մամուլի տարի» հռչակման առիթով։
  • 2020-ին, Արմենփրեսի «Ակնառու նուաճում» մրցանակ՝ համագործակցութեան եւ արժէքաւոր վերլուծումներու համար։
  • 2021-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատուոյ գիր՝ Հայաստան-Լիբանան բազմակողմանի յարաբերութիւններուն, հայկական սփիւռքի հետ գիտակրթական կապերու եւ հայ մշակոյթի զարգացման բերած նպաստին համար։

Անդամակցութիւն

Խմբագրել

2003-էն ի վեր Շահան Գանտահարեան անդամ է Հայաստանի Հանրապետութեան Լրագրողներու Միութեան, Լիբանանի լրագրողներու միութեան, Լրագրողներու միջազգային ընկերակցութեան:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Տես նաեւ

Խմբագրել