Գէորգ Գանտահարեան
Գէորգ Գանտահարեան ( 27 Սեպտեմբեր 1925, Դամասկոս, Սուրիա - 17 Օգոստոս 2006), կրթական, մշակութային, կուսակցական եւ ազգային-հանրային գործիչ, մանկավարժ, երաժիշտ եւ խմբավար:
Գէորգ Գանտահարեան | |
---|---|
Պատկեր:KEVORK KANDAHARIAN -.jpg | |
Ծնած է | 27 Սեպտեմբեր 1925-ին |
Ծննդավայր | Դամասկոս, Սուրիա |
Մահացած է | 17 Օգոստոս 2006-ին: |
Մասնագիտութիւն | մանկավարժ, Հայագիտութիւն |
Աշխատավայր | մանկավարժ, երաժիշտ, խմբավար, |
Ամուսին | Մարօ Գանտահարեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԳէորգ Գանտահարեան ծնած է 1925-ին Դամասկոս, Սուրիա: Ծնողները Այնթապցիներ էին: Իր ծնունդէն կարճ ժամանակ մը ետք, ընտանիքը կը տեղափոխուի Պէյրութ, Լիբանան:
Պատանի Գէորգը իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ «Կէրթմէնեան» Հայ Աւետարանական դպրոցին եւ Հայ Աւետարանական քոլէճին մէջ:
Այնուհետեւ ան կը փոխադրուի Հալէպ, Սուրիա ուր կը յաճախէ Կրթասիրաց եւ Ուսումնասիրաց վարժարանները վերջինիս ընթացքը աւարտելով 1938-ին:
Ամերիկայի Ա. միութիւնը նոյն տարին կ'որոշէ Հալէպի երկու յառաջադէմ աշակերտ ուղարկել Անթիլիասի դպրեվանք` մասնագիտանալու հայագիտութեան մէջ: Ըստ նախնական ծրագիրին` դպրեվանքը աւարտելէն ետք, անոնք իրաւունք պիտի ստանային շարունակելու իրենց ուսումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ իրենց նախասիրած մարզին մէջ:
Ընտրուող երկու աշակերտներէն մին կ'ըլլայ Գէորգ Գանտահարեանը, որ կը դառնայ Անթիլիասի դպրեվանքին աշակերտ:
Կեանքի հանգամանքները միշտ աւելի ուժեղ եւ բախտորոշ կրնան ըլլալ, քան կանխապէս լաւ մշակուած, բաղձալի որեւէ նպատակի հասնելու ձգտում կամ մտադրութիւն:
Ի բարեբախտութիւն հետագայ իր հազարաւոր սաներուն ու աշակերտներուն, Գէորգ Գանտահարեանին Ամերիկա մեկնելու ծրագիրը զանազան հանգամանքներու բերումով չ'իրականանար: Փոխարէնը դպրեվանքին մէջ ուսումը աւարտելէն անմիջապէս ետք, ան կը նշանակուի դպրեվանքի ուսուցիչ, այնուհետեւ իր ամբողջ կեանքը կապելով դպրեվանքին:
Գէորգ Գանտահարեան նշանակուած է առաջին տնօրէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաստատութենէն ներս, պաշտօնավարած է Մեսրոպեան վարժարանին մէջ (հետագային՝ Ազգային Մարտիկեան վարժարան, ապա Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճ)։
Ան ամուսնացած էր վաստակաշատ մանկավարժ Տիկ. Մարօ Գանտահարեանին հետ, որ տասնամեակներ հայկական տարբեր վարժարաններու եւ յատկապէս Պէյրութի «Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլէճ»ին մէջ կրթած է սերունդներ`անգլերէն լեզու դասաւանդելով։ Վերջինս իր մահկանացուն կնքած է Պէյրութի մէջ, 21 Յունիս 2020-ին: Իրենց որդին՝ Շահան Գանտահարեան Պէյրութի Ազդակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է:
Գէորգ Գանտահարեանին Մանկավարժական Գործունէութիւնը
Խմբագրել1960-ական թուականներուն Զարեհ սքանչելի վեհափառին կողմէ նշանակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատկանող Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն:
1965-էն սկսեալ Գէորգ Գանտահարեան երեսուհինգ տարի անընդմէջ դասաւանդած է նաեւ «Համազգային»ի Ճեմարանին, Հայկազեան համալսարանին եւ «Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկ»ին մէջ:
Իր մանկավարժական բեղուն գործունէութեան ընթացքին Գէորգ Գանտահարեան դասաւանդած էմատենագրութիւն, հայ հին գրականութեան պատմութիւն, գրաբար, հայ երաժշտութեան պատմութիւն եւ այլ առարկաներ:
Տարիներ շարունակ վաստակաշատ բանասէրն ու մանկավարժը ինքնաշխատութեամբ հաւաքած է անհրաժեշտ բոլոր նիւթերը, դասընթացքներ եւ ձեռնարկներ շարադրած՝ իր սաներուն եւ աշակերտներուն համար: Դժբախտաբար, այդ շարադրանքներն ու մշակումները ամբողջութեամբ չեն պահպանուած:
Գէորգ Գանտահարեանին Երաժշտական-Խմբավարական Գործունէութիւնը
ԽմբագրելՄանկավարժական գործունէութեան զուգահեռ, Գէորգ Գանտահարեան տասնեակ տարիներ զբաղած է նաեւ երաժշտական-խմբավարական գործունէութեամբ: Դպրեվանքի ուսանողութեան տարիներուն, ինչպէս իր տարեկիցներն ու սերնդակիցները կը վկայեն, յատուկ սէր ու հակում ցուցաբերած է երաժշտութեան, մանաւանդ հայ հոգեւոր եւ դասական երաժշտութեան հանդէպ:
Ան հիմնած է բազմաձայն շարք մը երգչախումբեր, երգացանկը ընդգրկելով թէ՛ հոգեւոր-եկեղեցական երաժշտութիւնը, թէ՛ աշխարհիկ-ժողովրդական երգերը: Այդ երգչախումբերով ան համերգային բուռն գործունէութիւն ծաւալած է` շրջելով հայկական գաղութները, տարածելով հայ երգն ու երաժշտութիւնը, երաժշտութեամբ դաստիարակելու նոր սերունդները, հայ երաժշտութեան ճամբով անոնց ներարկելու ազգային ոգի եւ ինքնագիտակցութիւն: Իր երգչախումբերուն ելոյթներն ու համերգները միշտ ալ արժանացած են մեծ ընդունելութեան:
13 Ապրիլ 1961-ին, հովանաւորութեամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին եւ նախագահութեամբ Խորէն Արք. Բարոյեանին Գէորգ Գանտահարեանին ղեկավարութեամբ, «Կոմիտաս» երգչախումբը համերգ մը կու տայ, Քոլէճ տը լա Սալի մէջ: Ղեկավարը, շնորհիւ իր բացառիկ զգայնութեան եւ այդ զգայնութիւնը խումբին փոխանցելու յատուկ շնորհքով, կը յաջողի ստեղծել ոգեշունչ պահեր եւ յուզել ներկաները:
Գէորգ Գանտահարեանին Հիմնադրած Ու Ղեկավարած Երգչախումբերը
ԽմբագրելԳեորգ Գանտահարեանի կազմակերպած հիմնադրած ու ղեկավարած «Զուարթնոց», «Կոմիտաս», «Կանաչեան», «Շնորհալի», «Յոբելենական» երգչախումբերը վիթխարի դեր կատարած են հայ համայնքներու կեանքին մէջ։ Շրջան մը, ստանձնած է «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէնի պաշտօնը:
Գէորգ Գանտահարեանին Ծառայութիւնը Հայապահպաման եւ ազգապահպանման Ի խնդիր
ԽմբագրելՀայ համայնքներու կեանքին մէջ Գանտահարեանին ղեկավարած երգչախումբերը վիթխարի դեր կատարած են`
−ձեւաւորելով տարբեր սերունդներու երաժշտական ճաշակը,
−գիտելիքներով եւ ազգային զգացողութեամբ անոնց ներաշխարհը լեցնելով հայկական բառի ու խօսքի, երգի ու երաժշտութեան հարստութեամբ եւ գեղեցկութեամբ,
−համակելով զանոնց ազգային ոգիով եւ երգի շունչով,
−թոյլ չտալով, որ մարդոց հոգիներուն մէջ իշխեն օտար երգն ու բառը, ոչ հայեցի ապրումներն ու զգացումները, այդպիսով Գէորգ Գանտահարեան նպաստած է հայապահպաման եւ ազգապահպանման մեծ գործին:
Գէորգ Գանտահարեանին Ներդրումը Հայ Համայնքի Հանրային-Մշակութային Կեանքին
ԽմբագրելԳէորգ Գանտահարեան եղած է նաեւ Լիբանանի հայ համայնքին նշանաւոր հանրային գործիչներէն մէկը:
Ան մշտապէս անդամակցած է Լիբանանի թեմի Քաղաքական ժողովին, Ազգային Վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդին եւ Ազգային ընդհանուր ժողովին: Եղած է նաեւ Ազգային խորհուրդի ատենապետ:
Իր ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը համասփիւռքեան եւ համահայկական խորհրդաժողովներուն եղած է միշտ գործուն եւ արգասաւոր:
Ան նմանած է այն զինուորին, որ անտրտունջ ընդունած է ծառայութեան հրահանգը եւ իր առջեւ դրուած նպատակը համարած է ամէնէն կարեւորը:
Շքանշաններ, Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի Գիրեր
ԽմբագրելԳէորգ Գանտահարեանի մանկավարժական, հանրային ու մշակութային գործունէութիւնը իրեն շնորհած է համընդհանուր յարգանք եւ մեծ ճանաչում:
- 1974-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոսը զինք պարգեւատրած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
- 1988-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Օրհնութեան գիրով գնահատած է անոր կեանքն ու գործը:
- 2005-ին, ծննդեան 80-ամեակին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, Օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրով, արժեւորած է Գէորգ Գանտահարեանի յիսնամեայ մանկավարժական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ծառայութիւնները հայ եկեղեցւոյ եւ հայ հանրային-մշակութային կեանքին մէջ:
- 2008-ին, յետմահու, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը արժեւորած եւ գնահատած է Գէորգ Գանտահարեանին վաստակը կրթութեան եւ մանկավարժութեան ասպարէզին մէջ՝ զինք պարգեւատրելով նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով`«Ոսկեայ շքանշան»ով: Իսկ Սփիւռքի նախարարութիւնը զինք պարգեւատրած
Գէորգ Գանտահարեանի անուանումով Հանդիսասրահներ եւ գրադարան-թանգարաններ
Խմբագրել- 29 Սեպտեմբեր, 2007-ին Հայաստանի Նոր Այնթապ շրջանին մէջ տեղի ունեցած է «Գէորգ Գանտահարեան Հանդիսասրահ»ին բացումը։
- 9 Նոյեմբերին, 2008-ին, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 75 ամեակին առիթով, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Գէորգ Գանտահարեան գրադարանին բացումը:
Գէորգ Գանտահարեան՝ ԱՄԷՆՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ. «ՈՒՍՈՒՑԻՉ՝ ԱՌԱՆՑ ԴԱՍԱԶԱՆԳԻ
Խմբագրել20 Սեպտեմբեր 2011-ին «Էրեբունի» սրահին մէջ տեղի կ'ունենայ մանկավարժ խմբավար Գէորգ Գանտահարեանին յիշատակին նուիրուած «Գէորգ Գանտահարեան` ամէնուն ուսուցիչը» գիրքին շնորհահանդէսը՝:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, բարձր գնահատելով մանկավարժը, ազգային եւ մշակութային մեծ գործիչը` զայն կ'անուանէ «Մեծ Հայ»:
«Սա մի գրքի շնորհահանդէս է, որը նուիրուած է մի Մեծ Հայի, Լաւ Հայի, Հայրենասէր Հայի: Մարդ, որ իր կեանքը նուիրաբերեց լիբանանահայ համայնքային կեանքին, կրթեց եւ իր հայրենասիրութեամբ վարակեց սերունդներ»:[1] |
«Եթէ այսօր Գէորգ Գանտահարեան հրաշքով այստեղ լինէր, ես խոնարհաբար կը համբուրէի նրա ձեռքը, բայց նա երկնքում է եւ այնտեղից լոյս ու ջերմութիւն է ճառագում, սփռում բոլորիս վրայ»: |
«Եթէ ես չհանդիպէի Գէորգ Գանտահարեանին, շատ աւելի աղքատ կը լինէի, քան այսօր եմ. մենք միասին ենք դասաւանդել, եւ այդ ժամանակահատուածում ես ապշեցի նրա գիտելիքներից, եւ նա եղաւ Պէյրութի իմ ուսուցիչը», ըսաւ Գիրքի խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատուրեան:[1]« |
Առաջին բաժինը կազմուած է 29 գրութիւններէ, որոնք քաղուածք մըն են Գէորգ Գանտահարեանի դասախօսութիւններէն, յօդուածներէն, բանախօսութիւններէն, մահախօսականներէն ու միտքի այլ արտայայտութիւններէն: Կարեւոր բաժին կը կազմեն հայ երաժշտութեան կալուածին վերաբերող գրութիւնները, որոնք կը յուշեն, թէ դաստիարակին մէջ ինչպիսի տեղ ունէր մեր երաժշտական արուեստը, որովհետեւ ան, գրաբարի, հին գրականութեան, պատմութեան ուսուցիչ-դասախօսի իր վաստակին կողքին, տարիներ շարունակ եղած է երգչախումբի խմբավար ու երգի դրօշակիր: (Ափսոս, որ հատորին մէջ արժանի յիշատակութեան չէ արժանացած Պէյրութի հայկական ռատիոժամին անոր աշխատակցութիւնը, ուշ 60-ականներուն ու կանուխ 70-ականներուն, երբ հերթականօրէն ունկնդիրին կը հրամցնէր Կոմիտաս ու Կանաչեան, Ալթունեան ու մաքուր հայ երգի տաղանդաւորներ) կը գրէ Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ:[2]« |
Շատ սիրելի «մայսթրօ»` Գէորգ Գանտահարեան, ներող եղիր, որ յետմահու միայն տեղեկացայ քու արժանիքներուդ տակաւին մէկ մասին, շնորհիւ աչքիս առջեւ ունեցած այս գիրքին, որուն վրայ գրուած է` «Գէորգ Գանտահարեան` ամէնուն ուսուցիչը» Ննջէ հանգիստ, որովհետեւ դուն ալ առանց հարուստ ըլլալու մեծահարուստ մըն ես: ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Լոս Անճելըս 2013 [3]« |
«Երգ Հաւատարմութեան» Ձօն` Գէորգ Գանտահարեանին
ԽմբագրելԲանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի «Երգ Հաւատարմութեան» բանաստեղծութիւնը, նուիրուած է Գէորգ Գանտահարեանի Մահուան 10-Ամեակի յիշատակին: Բանաստեղծութիւնը երաժշտաւորուած է Հայաստանի երգահաններու միութեան նախկին նախագահ Ռոպերթ Ամիրխանեանի կողմէ եւ զայն առաջին անգամ կատարած է «Կոմիտաս»ի անուան քամերային երգչախումբը` ղեկավարութեամբ խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանի:
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- 50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 18 ապրիլ 1961 ) «ԿՈՄԻՏԱՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
- Մահացած է սփիւռքի յայտնի հասարակական գործիչ Գէորգ Գանտահարեանը 17 Օգոստոսի 2006
- «Գէորգ Գանտահարեան» Հանդիսասրահի Բացում Հայաստանի Նոր Այնթապ շրջանի զօր. Գարամանուկեանի անուան վարժարանին մէջ, 29 Սեպտեմբեր 2007 Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.
- Աթէնքի Մէջ «Գէորգ Գանտահարեան» Գրադարանի Բացում 9 Նոյեմբեր,2008 Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.
- «Գ. ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ՝ ԱՄԷՆՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ. «ՈՒՍՈՒՑԻՉ՝ ԱՌԱՆՑ ԴԱՍԱԶԱՆԳԻ» 20 Սեպտեմբեր 2011
- ԳԻՐՔ` ՄԱՐԴՈՒ, ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԻ, ԽՄԲԱՎԱՐԻ ՄԱՍԻՆ. ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆ. «ԱՆ ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԷՐ ԳԻՐՔԻ. ԻՆՔ ԿԵՆԴԱՆԻ ԳԻՐՔ ԷՐ» 24 Սեպտեմբեր 2011
- «Գ. ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ՝ ԱՄԷՆՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ. «ՈՒՍՈՒՑԻՉ՝ ԱՌԱՆՑ ԴԱՍԱԶԱՆԳԻ» September 28, 2011
- Նոր Գիրքերու Հետ. «Գէորգ Գանտահարեան` Ամէնուն Ուսուցիչը» 3 Մարտ 2012
- Յիշատակի Երեկոյ` Նուիրուած Կրթական, Մշակութային, Կուսակցական Եւ Ազգային-Հասարակական Գործիչ Գէորգ Գանտահարեանի 10 Մայիս 2013
- ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ Նուիրուած` ԳԷՈՐԳ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն 10 Մայիս 2013
- Մահուան 10-Ամեակ Երգ Հաւատարմութեան 20 Օգոստոս 2016
- Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Ի Յիշատակ Սփիւռքահայ Յայտնի Գործիչ Գէորգ Գանտահարեանի Օգոստոս 2016
- ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ՝ ԱԶՆԻՒ ԲԱՐԵԿԱՄԻՍ ԳԷՈՐԳ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ[permanent dead link]
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- «Կէրթմէնեան» Հայ Աւետարանական դպրոց Armenian Evangelical Guertmenian School Nahr Street, Hadjin, Achrafieh, Beirut, Lebanon
- ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ ՝ ԱՄԷՆՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ » ԳԻՐՔԻՆ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ[permanent dead link]
- ԱՄԷՆՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ[permanent dead link]
- Գանդահարեան Գէորգ Archived 2018-01-22 at the Wayback Machine.
- Կայացաւ Գէորգ Գանտահարեանի յիշատակին նուիրուած՝ «Գէորգ Գանտահարեան՝ ամէնուն ուսուցիչը»գիրքի շնորհանդէսը