Շիրակ Երգարան
Շիրակ Երգարան, Կարապետ Հաննէսեան եւ Յովհաննէս Հաննէսեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած երգարան, Պէյրութ։
Պատմական ակնարկ
Խմբագրել1953-ին լոյսին կու գայ Շիրակ Երգարանի, առաջին հատորը, թիւ 1ը, նուիրուած Արամ Խաչատուրեանին: Հատորը հարուստ էր «նոր կենցաղի երգերով, որոնք գրեթէ կը ձայնասփռուէին հայրենի րատիոկայանէն կամ արտասահմանի մէջ ձայնապնակներու միջոցաւ կը ձայնասփռուէին տուներէ ներս»: Հատորին առաջին երգը «Գարուն Երեւան»ն էր: Հաննէսեան եղբայրները այնուհետեւ ամէնամեայ ճշդապահութեամբ հրատարակեցին երգարան մը: Այդ երգարանները նուիրուած էին Յովհաննէս Պատալեանին, Մարթէն Եորկանցին, Ատիս Հարմանտեանին, Լեւոն Գաթրճեանին, Արմինէ Մարտիրոսեանին, Ռոպերթ Ամիրխանեանին, Սեդրակ Օվիկեանին, Արամ Խաչատուրեանին, Հայաստանի Պարի Պետական Անսամպլին, Հայաստանի Երգի Պարի Անսամպլին, Լուսինէ Զաքարեանին, Գոհար երգչախումբին,...:
Անոնցմէ ոմանք ունեցան վերամշակուած վերահրատարակութիւններ: Այդ երգարաններուն թիւը հասաւ 31-ի, աւելի քան 31,000 ընդհանուր տպաքանակով: Աւելի ետք, անոնք լոյս ընծայեցին նաեւ Շիրակ Մանկապատանեկան Երգարաններ [1]«օժանդակելու համար նոր սերունդի իգական եւ արական անդամներուն»:
Հրատարակուեցաւ նաեւ 766 էջանի Շիրակ Ընդարձակ Երգարանը, 1990-ին, հրատարակուեցաւ Շիրակ ճամբորդական Երգարանը, եւ երգարանաշարքի յիսնամեակին առթիւ' 875-էջանի Շիրակ Երգարան լոյս կը տեսնէ Հայրենասիրական-Յեղափոխական, Դասական, Ժողովրդական, Հոգեւոր, Մայրական, Աշուղական, Էսթրատային երգեր, օրորներ եւ օփերէթներ, Կարապետ Հաննէսեան (Խմբագիր)[2]
Յաջողութիւնը շատ մեծ էր. ահա թէ ինչու եղբայրները կը նախաձեռնեն մեծածաւալ ձայնագրեալ երգարաններու հրատարակութեան' 1960-ին, 1963-ին, 1967-ին, 1970-ին, 1973-ին եւ 1979-ին լոյսին բերելով Ձայեագրեալ Շիրակ Երգարաններու վեց հատոր: Սակայն, երբ դժուար էր դեոեւս անտիպ երգեր ընդգրկել նոր հատորներուն մէջ, Կարապետ Հաննէսեան կը հրաւիրուի Հայաստան, ուր •զեկոյց տոփ գործունէութեանս վերաբերեալ եւ նորագոյն երգերով վերադարձայ հայրենիքէն.
Պէտք է մատնանշել, թէ լիբանանահայ համայնքի կազմաւորման առաջին իսկ տասնամեակէն առանձնացող դրսեւորում կ՚ունենայ հայ երգը, կը կազմուին երգչախումբեր, համայնքին մէջ յառաջացնելով երգի ու երաժշտութեան հանդէպ
յատուկ մշակուածութիւն եւ հետաքրքրութիւն: Հաւանաբար այս «շուկային» յառաջացումն էր նաեւ որ մղում տուաւ Կարապետ Հաննէսեանի մտածումին գործադրութեան դրուելուն: - Դոկտոր Անդրանիկ Տաքէսեան Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն
|
Շիրակ Երգարաններու շարք հրատարակելու գաղափարը
ԽմբագրելՒսկ թէ ինչու՛ եւ ինչպէս յառաջացած է Շիրակ Երգարաններու շարք հրատարակելու գաղափարը, Կարապետ Հաննէսեան կը պատմէ.
«Շիրակ» մատենաշարի Խմբագրութիւնը 1953
ԽմբագրելԻնչո՞ւ «Շիրակ» մատենաշարը, սոյն երգարանին հրատարակութեամբ, գոհունակութիւնը կ՚ունենայ հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու այն հին ու մանաւանդ նոր կենցաղի երգերը, որոնց գրեթէ բոլորը կը ձայնասփռուին մեր Մայր Հայրենիքի ձայնասփիւռի կայանէն, կամ արտասահմանի մէջ ձայնապնակներու միջոցաւ կը նուագուին հայ տուներէն ներս։
Որպէսզի գոհացուցած ըլլանք հայ երգը սորվիլ ուզողներուն փափաքը, կը հրատարակենք սոյն երգարանը՝ այն հաստատ համոզումով թէ ան մեծ ժողովրդականութիւն պիտի գտնէ եւ արդարացնէ իր հիմնական նպատակը, այսինքն՝ պիտի սատարէ հայ երգի տարածման, առանց աղաւաղելու հեղինակներուն բառերը։ Կը հաւատանք թէ հայ երգը արտասահմանի մէջ կարեւոր դեռ կը կատարէ ազգապահպանման տեսակէտով ու կը զօրացնէ հայրենիքի ու արտասահմանի հոգեկան ու մշակութային կապերը։
Այս հաւատքով ու վստահութեամբ կը հրատարակենք սոյն երգերու փունջը, որ քաղուած է Աբովեանի հայրենիքէն եւ իր բոյրը կը տարածէ աշխարհի չորս ծագերուն։
Շիրակ Մատենաշարի Խմբագրութիւն 1953
Վկայութիւններ Շիրակ Երգարանի մասին
Խմբագրել
Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ՝Վարդգէս Համազասպեանի վերջին ելոյթէն հատուած մը Շիրակ գրատան բացման առիթով
Խմբագրել