Ոզնի (երգիծական հանդէս)

Երգիծական պատկերազարդ հանդէս։

«Ոզնի», երգիծական պատկերազարդ հանդէս։ Լոյս կը տեսնէ 1954 թոիականէն, Երեւան։ «Ոզնի» հանդէսի խմբագիրներնը եղած են Հրաչեայ Քոչարը[1], Գրիգոր Տէր Գրիգորեանը, Արամայիս Սահակեանը[2]։

Ոզնի
Տեսակ հանդէս
Լեզու Արեւելահայերէն
Խմբագիր Հրաչեայ Քոչար
Գրիգոր Տէր Գրիգորեան
Արամայիս Սահակեան
Երկիր Հայաստան Հայաստան

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Ծաղրի զէնքով պայքարած է խորհրդային եւ նոր հայ իրականութեան անհարիր երեւույթներուն դէմ, ծանակած է Բիւրոկրատներուն, պաշտօնամոլներուն, բանսարկուներուն, օրինազանցներուն եւ այլն։

Օրուան հրատապ հարցերուն արձագանգող թերթօններէ ու թղթակցութիւններէ բացի տպագրած է երգիծական պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, հումորիստական մանրապատումներ։

Ունի «Ոզնու ընդունարան», «Ակամա երգիծաբաններ», «Անօգտակար խորհուրդներ», «Խորթ բարքեր» մշտական խորագրերը։

Հանդեէսի հեղինակութեան նպաստած էէ Լեռ Կամսարի, Եդուարդ Խոճիկի, Աշոտ Փալանջեանի, Դերենիկ Դեմիրճեանի, Նայիրի Զարեանի, Սուրէն Վահունիի, Սերգէյ Արուտչեանի, Վալենտին Պոդպոմոգովի, Արա Բեքարեանի, Արամայիս Սահակեան եւ ուրիշներու աշխատակցութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ՀՐԱՉԵԱՅ ՔՈՉԱՐ (մահ՝ Մայիս 2, 1965)»։ Armenian Prelacy (en-US)։ 2020-04-30։ արտագրուած է՝ 2023-08-22 
  2. «Ոչ Եւս Է Արամայիս Սահակեան - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-08-22 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։