Պան Քի Մուն[2] (13 Յունիս 1944(1944-06-13)[3][4][5][…], Eumseong County, Կորեան Ճապոնիայի տիրապետության տակ), Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար, յաջորդած է Քոֆի Անանը։ Անկէ առաջ, 2004Յունուարէն մինչեւ 2006Նոյեմբեր, եղած է ՄԱԿՀարաւային Քորէայի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ[6]։ 13 Հոկտեմբեր 2006-ին, ընտրուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար։ 1 Յունուար 2004-ին, յաջողութեամբ փոխարինած է Քոֆի Անանը։

반기문
Բան Քի Մուն
քորէայերէն՝ 반기문
Ծնած է 13 Յունիս 1944
Ծննդավայր Չհունճու
Չհունչեոն նահանգ (Ճափոնական կայսրութիւն)

Հարաւային Քորէա
Քաղաքացիութիւն  Հարաւային Քորէա
Մայրենի լեզու կորեերեն?
Կրօնք Կոնֆուցիականություն? եւ Պուտտայականութիւն
Ուսումնավայր Սէուլի ազգային համալսարան
Հարվըրտի համալսարան
Կոչում Foreign member of the Russian Academy of Arts?
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ, գրագէտ
Աշխատավայր

Քորէայի ԱԳ նախարար (2004-2006)

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար (1 Յունուար 2004-էն)
Վարած պաշտօններ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար, Հարավային Կորեայի արտաքին գործերի նախարար?, chairperson of the Ethics Commission of the International Olympic Committee? եւ ambassador of South Korea to Austria?
Անդամութիւն ABLF alumni network?[1]
Կուսակցութիւն անկախ քաղաքական գործիչ?
Ստորագրութիւն

Որպէս ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար, Բան Քի Մունի առաջին կարեւոր գործողութիւնները դարձած են կլոպալ տաքացումին դիմակայելուն խնդիրը եւ Տարֆուրի ցեղասպանութեան խնդիրները: 21 յունիս 2011-ին Բան Քի Մուն ՄԱԿ-ի գլխավոր քարտուղար նշանակուեցաւ երկրորդ անգամը:

2013-ին «Ֆօրպսը» աշխարհի ազդեցիկ մարդոց շարքին մէջ ան ճանչուած է 32-րդը՝ հարաւքորէացիներէն ամենէ բարձրը:[7]: 2013-ին կոչուած է Հարաւային Քորէային երրորդ ազդեցիկ անձ՝ «Սամսունկի» նախագահ եւ փոխնախագահ, հայր եւ որդի Լի Գուն-հիէն եւ Լի-Ճէ-եոնէն ետք:[8]
Իր մայրենի Քորէերէնէն բացի, Պանը կը խօսէ նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Հարցեր եղած են, սակայն, անոր ֆրանսերէն իմացութեան վերաբերեալ, որ կը համարուէ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան քարտուղարութեան երկու աշխատող լեզուներէն մին:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Բան Քի Մուն ծնած է Չհունչհեոն-Փուքդոյ նահանգի Ըմսօն պստիկ շրջանին մէջ, 1944-ին՝ Քորէային ճափոնական իշխանութեան վերջին: Բան Քի Մունի հայրը պահեստարաններու գործարարութիւնով կը զբաղէր: Սակայն, ան սնանկացաւ եւ ընտանիքը կորցրեցաւ միջին դասին իր դիրքը: Քիմունին վեց տարեկանը եղած ատենը ընտանիքը պատերազմին պատճառաւ փախած է դեպի երկիրին հեռաւոր, լեռնային շրջանները: Պատերազմին աւարտին ընտանիքը նօրէն վերադարձաւ: Սա ընթացքին ան հանդիպած էր ամերիկացի զինուորները:

Չհունճուի դպրոցը սովորելուն ատենը դարձած էր առաջաւոր, մասնաւորաբար՝ անգլերէնին լաւ իմացութեան շնորհիւ: 1962-ին շահեցաւ Միջազգային Կարմիր Խաչի հովանաւորած էսսեներու մրցոյթը եւ վաստակեցաւ ճամբորդութիւն դեպի Միացեալ նահանգներ, ուր քանի մը ամիսներ ապրեցաւ Սան Ֆրանքիսքօյին մէջ հիւրընկալ ընտանիքին քով: Որպէս ուղեւորութեան մաս մը, Պանը հանդիպեցաւ ՄՆ նախագահ Ճոն Քենըտիին: Երբ հանդիպումին ատենը լրագրող մը հարցրեցաւ Պանը, ինչ կ'ուզենայ դառնալ մեծնալէն, ան պատասխանեցաւ. «Կ'ուզիմ դառնալ դիւանագէտ:»

1975-ին Պան Քի Մուն Սեուլի ազգային համալսարանը ստացաւ միջազգային հարաբերութիւներու պաքալաւրի աստիճան եւ 1985-ին Հարվըրտի համալսարանի Ճոն Քենըտի կառաւարումի դպրոցէն՝ պետական կառաւարումի մակիսդրոսի կոչում:[9] Հարվըրտին մէջ ան կ'ուսանէր Ճոզեֆ Նային (Joseph Nye) քովը, որ նշած է, որ Պանը ունեցած է «վերլուծական պարզութեան, խոնարհութեան եւ տոկնութեան հազւագիւտ համադրութիւն»:

Լեզուներ

Խմբագրել
 
Պան Քի Մունին ստորագրութիւնը հանկըլ գիրերով:
 
Պան Քի Մունին ստորագրութիւնը լատինական գիրերով:

Պանը իր մայրենի քորէերէնէն բացի, գիտեր նաեւ ճափոներէն եւ անգլերէն: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի թեկնածու եղած ատենը պաշտօնական կենսագրութեան մէջ կը նշուէր, թէ ան կը խօսէ ՄԱԿ-ին աշխատող երկու լեզուներով՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն, սակայն, նախընտրական արշաւի ժամանակ քանի մը անգամ դժուարացած է ֆրանսերէն պատասխանիլ լրագրողներու հարցերը:[10] Պանը քանի մը անգամ խոստովանած էր ֆրանսերէնի թերի իմացութիւնը, սակայն, հաւաատցրած էր ֆրանսացի դիւանագէտներուն, որ ինք պիտի շարունակէ ան սորվիլ: Ես ֆրանսերէնի դասեր առած եմ վերջին քանի մը ամիսներուն: 11 յունուար 2007-ի մամուլի ասուլիսի ժամանակ Պանը նշեցաւ, «իմ ֆրանսերէնս հնարաւոր է, որ պիտի լաւացուի եւ ես պիտի շարունակեմ ան սորվիլ: Ես ֆրանսերէնի դասեր առած եմ վերջին քանի մը ամիսները:» "[11]

Հարաւային Քորէայի Արտաքին Գործերու Նախարար

Խմբագրել

Նախագահ Ռօ Մու-հիւնին օրոք 2004-ին Պանը փոխարինեցաւ Իւն Եոն Քուանին որպէս Հարաւային Քորէայի արտաքին գործերու նախարար: Սա պաշտօնը ստանձնելէն ետք Պանը հանդիպեցաւ երկու մեծ ճգնաժամերու՝ 2004-ի Յունիսին որպէս արաբերէնի թարգմանիչ աշխատող հարաւքորիացի Քըմ Սուն-իլը առեւանգուեցաւ եւ սպաննուեցաւ Իրաքի իսլամական ծայրահեղականներու կողմէ, իսկ 2004-ի Դեկտեմբերին տասնեակ քորէացիներ մահացան Հնդկական ովկիանոսի ցունամիէն: Պանը դիմակայեցաւ իրաւաբաններուն քննադատութեանը եւ վերականգնեցաւ իր հեղինակութիւնը Հիւսիսային Քորէային հետ բանակցութիւններ սկսելէն ետք:
Պանը սկսաւ յամառ աշխատանքներ տանիլ Հիւսիսային Քորէային հետ կապեր ստեղծելուն համար:[12]
Որպէս արտգործնախարար, Պան Քի-մունը կը վերահսկէր Հարաւային Քորէային առեւտրական եւ քաղաքական կապերը: Սա աշխատանքը Պանին դրաւ առեւտրային պայմանագիրներ կնքելու դիրքը արտասահմանեան դիւանագիտական գործընկերներու հետ, որոնք հետագային պիտի ազդեցութիւն ունենային Գլխաւոր քարտուղարի ընտրութեան հարցին մէջ։ Օրինակ, Պանը առաջին հարաւքորէացի նախարարը եղած էր, որ 1960-ին անկախութենէ ետք առաջին ատենը մեկնեցաւ Քոնկօյի հանրապետութիւն:[13]

Գլխաւոր Քարտուղարին Պաշտօնավարումը

Խմբագրել

Գլխաւոր քարտուղար դառնալով Պան Քի Մունը ընդհարուեցաւ կարգ մը խնդիրներու հետ՝ միջուկային զարգացումներ Իրանին եւ Հիւսիսային Քորէային մէջ, Տարֆուրին արնահոսող վէրքը, անվերջանալի հակամարտութիւնները Միջին Արեւելքին մէջ, էքոլոկիական աղետներու սպառնալիքը, միջազգային ահաբեկչութեան սաստկացումը, ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ի տարածումը: Եւ նաեւ տեղային խնդիրները, ինչպես բարեփոխումները, որ պետք է արուէն կազմակերպութեան ներսը: Մինչեւ իր պարտականութիւնները անցնիլը, Քոֆի Անան տարածեցաւ առաջին Գլխաւոր քարտուղար Թրիւկուէ Լային (Trygve Lie) խօսքը, որ ասած էր իրեն յաջորդող Տակ Համմըրշեոլտը (Dag Hammarskjöld)՝ «Դուք կը պատրաստուիք վերցնիլ Ձեզ վրայ աշխարհին ամենէ անհնարին աշխատանքը»:
23 Յունուար 2007-ին Պանը առաւ գրասենեակը որպէս Միաւորուած Ազգերուն Գլխաւոր քարտուղար: Պանին առաջին ժամկետին պաշտօնավարումը սկսեցաւ միջադէպէն մը: Պաշտօնն ստանձնելէն ետք առաջին ասուլիսին ատենը 2007-ի Յունուար 2-ին Պան հրաժարուեցաւ դատապարտիլ Սատտամ Հուսէյնին մահապատիժը, որ նշանակած էր Իրաքին Բարձրագոյն Դատարանը, նշելով. «Մահապատիժին հարցը իւրաքանչիւր անդամ-երկիրին որոշէլիքն է»:[14] Պանին հայտարարութիւնը կը հակասէր որպէս մարդու իրաւունքը մերժող մահապատիժը դիմակայելուն Միաւորուած Ազգերու երկարատեւ դիրքորոշումին[15] Ան արագ կերպով մը պարզեցրեցաւ իր դիրքորոշումը Պարզան աթ-Թիքրիթին (Barzan al-Tikriti) եւ Աուատ ալ-Պանտարին (Awad al-Bandar) ՝ երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէպքին, որ մեղաւոր եղած են1980-ականները Իրաքին Տուճէյլ գիւղին մէջ 148 շիա մուսլիմներու մահուան: Իր մամուլի խօսնակին միջոցաւ Յունուար 6-ին արուած յայտարարութեան մէջը ըսուած էր, որ «ինք յամառորեն կը յորդորէ Իրաքին կառաւարութիւնը՝ տրամադրիլ տարկէտում անոնց համար, ումոնց մահապատիժը նշանակած է մօտ ժամանակները»:[16] Աւելի մէծ իմաստով, ան 2007-ի Յունուար16-ին ըսաւ Ուաշինկթընին մէջ, որ ինք իմացած է եւ կը խրախուսէ «միջազգային հանրութեան մէջ, միջազգային իրաւունքին եւ ներքին քաղաքականութեան եւ գործողութիւններով մահապատիժէն աստիճանական հրաժարումին միտումները»[17]

Քորէային արտգործնախարարութեան ներսը Պան Քի-մուն ունեցած էր «ուան ճուսայ» կոչական անունը, որ կը նշնակէր՝ «պիւրօքրաթ»: Ատոր մէջը կը մտցուէր թէ՛ դրական եւ թէ՛ ժխտական իմաստներ: Մի կողմէն ատորով կ'ընդգծուէր մանրուքներուն հանդէպ Պանին ուշադրութիւնը, անոր վարչարարական հմտութիւնները, միւս կողմէն ծառայակիցները կը ծաղրէին անոր բաւարար հմայքի եւ ղեկաւորութիւնը հաճոյանալուն ունակութեան բացակայութիւնը: Անհաճոյ հարցերէն խուսափելուն յատկութեան մը համար քորէական մամուլին ներսը անոր կը կոչէին «լպրծուն օձաձուկ»: Անոր պահուածքին ոճը նաեւ կը կոչէին «քոնֆուցիական»:
Լաւ յայտնի է Պանին վերաբերմունքը իր աշխատանքին: Իր իսկ խօսքերով, ինք կը քնանայ հինգ ժամ, իսկ գործէն երբէք կ'ուշանայ: Արտաքին գործերու նախարար եղած համարեայ երեք տարիներուն զինք թոյլ տուած մեն մի արձակուրդը դուստրին հարսանիքի առիթով եղած է:

Կաղապար:ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարներ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. https://www.ablf.com/network
  2. Ասիկա քորէական անուն է, Պանը սա մարդուն մականունն է, անունն է՝ Քի Մուն (Քիմուն)
  3. Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  4. http://www.nndb.com/people/190/000119830/
  5. Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  6. «ՄԱԿ-ի Հայաստանեան գրասենեակի պաշտօնական կայք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-11-23-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-06 
  7. «Ban Ki-moon»։ Forbes 
  8. http://www.forbes.com/powerful-people/list/#tab:overall
  9. Maggie Farley and Bruce Wallace (9 October 2006)։ «Aspiring U.N. Chief Is a Harmonizer, Not a Rock Star; South Korean career diplomat Ban Ki-moon may lack charisma, but he has many fans»։ Los Angeles Times 
  10. «Is Ban Ki-moon a franco-phoney?»։ CBC News։ 14 December 2006։ արխիւացուած բնօրինակէն 11 July 2007-ին։ արտագրուած է՝ 2 August 2007 
  11. «Secretary-General's press conference»։ United Nations։ 11 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 12 September 2007-ին։ արտագրուած է՝ 2 August 2007 
  12. «Profile: Ban Ki-moon»։ BBC News։ 13 October 2006։ արխիւացուած բնօրինակէն 11 September 2007-ին։ արտագրուած է՝ 4 August 2007 
  13. Colum Lynch (29 September 2006)։ «S. Korean Contender for U.N. Post Has an Edge; Ban Ki Moon's Rivals Complain About His Role in Foreign Aid and Trade Policy»։ The Washington Post 
  14. «Secretary-General's encounter with the UN press corps (transcript)»։ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութիւն։ 2 January 2007։ արտագրուած է՝ 29 January 2013 
  15. Julia Preston (3 January 2007)։ «New U.N. Chief Invites Controversy by Declining to Oppose Hussein Execution»։ The New York Times 
  16. «Statement attributable to the Spokesperson for the Secretary-General on the death sentences in Iraq»։ United Nations։ 6 January 2007։ արտագրուած է՝ 2 August 2007 
  17. «Address at the Center for Strategic and International Studies and Q&A (transcript)»։ United Nations։ 16 January 2007։ արխիւացուած բնօրինակէն 11 July 2007-ին։ արտագրուած է՝ 2 August 2007