Պաշշար Ասատ
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Պաշտոնատար Պաշշար Ասատ կամ Պաշշար Հաֆէզ Ալ Ասատ (արաբերէն՝ بشار حافظ الأسد), ծնած՝ 11 Սեպտեմբեր 1965-ին՝ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ), սուրիական քաղաքական եւ պետական գործիչ, սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ, Պաաս կուսակցութեան սուրիական ճիւղի նախագահ։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԵրիտասարդական տարիներ
ԽմբագրելՊաշշար Ասատը ծնած է Դամասկոսի մէջ՝ սուրիոյ ռազմաօդային ուժերու հրամանատար, գումարտակի հրամանատար՝ ժեներալ Հաֆէզ Ալ Ասատի ընտանիքին մէջ, որ կը պատկանի իսլամ փոքրամասնութիւն համարուող ալաուիներուն։[1] Երբ Պաշշար 5 տարեկան էր, իր հայրը կը դարռնայ Սուրիոյ նախագահ, իսկ աւելի ուշ կը սկսի գլխաւորել Պաաս կուսակցութիւնը։
Պաշշար Ասատ իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Դամասկոս գտնուող արաբա-ֆրանսական «Հուրրիա» գոլէճին մէջ։ 1982 թուականին ան կ՛աւարտէ գոլէճը ստանալով Պաքալորեան։ 1988 թուականին կարմիր վկայականով կ՛աւարտէ Դամասկոսի համալսարանի՝ բժշկական հմալսարանի ակնաբուժական բաժինը, որմէ ետք կ՛աշխատի «Թշրին» զինուորական հիւանդանոցին մէջ։[2].
1991 թուականին (այլ տուալներով՝ 1992 թ.-ին) կը մեկնի Մեծ Բրիտանիա՝ փորձառութիւնը կ՛ամբողջացնէ «Western Eye Hospital» ակնաբուժական կեդրոնին մէջ։ Արտասահմանի մէջ Ասատը իր անուան փոխարէն կ՛օգտագործէ կեղծանուն, որպէսզի ոչ մէկը գիտնայ, որ իր հայրը սուրիոյ նախագահն է։
Սկզբնական շրջանին Հաֆէզ Ասատը նախատեսած էր նախագահի պաշտօնին նշանակել իր որդի Պասելը, բայց վերջինը 1994 թուականին ինքնաշարժի արկածով կը մահանայ։ Դժբախտութիւնը պատահեցաւ երբ Պաշշարը կը գտնուէր Լոնտոն։[3]. Եղբօր մահէն ետք ան վերադարձաւ Սուրիա եւ ընդունուեցաւ Հոմս քաղաքի զինուորական ակադեմիոյ մէջ։ 1995 թուականին captainի կոչումով արդէն կը գլխաւորէր հրասայլային գումարտակ, այնուհետեւ Հանրապետական բաժինը։ 1999 թուականի Յունուարին անոր կը շնորհեն գնդապետի զինուորական կոչում։
Քաղաքական գործունեութիւնը
Խմբագրել10 Յունիս 2000-ին, Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատը սրտի տագնապով կը մահանայ։ Յաջորդ օրը նախագահի պաշտօնակատար երկրի առաջին փոխ-նախագահը Պաշշար Ասատին կը շնորհէ հրամանատարի զինուորական կոչում եւ կը նշանակէ զինք բանակի գերագոյն հրամանատար։ Յունիսի 20-ին իշխող կուսակցութեան նիստի ընթացքին Պաշշար Ասատ կ՛ընտրուի կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար եւ իր թեկնածութիւնը կը դրուի նախագահական ընտրութիւններուն։ Յուլիսի 10-ին՝ Սուրիական հանրապետական ընտրութեան արդիւնքով, Սուրիոյ նախագահ կը դառնայ Պաշշար Ասատը՝ հաւաքելով 97,29 % ձայն։[4] 27 մայիս 2007-ին Պաշշարը կը վերընտրուի։