Պետրոս Քափամաճեան

Պետրոս Քափամաճեան (1840 - 1912), հայ քաղաքացի՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։ Ան եղած է կտաւի վաճառական եւ քաղաքապետ Վան քաղաքի[1]։

Պետրոս Քափամաճեան
Ծնած է 1840
Մահացած է 1912
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
 Օսմանեան Կայսրութիւն
Մայրենի լեզու թրքերէն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է 1840-ին Վան: Երիտասարդ հասակէն առեւտրական ասպարէզն ընդգրկելով, զարկ տուած է իր գործառնութեանց եւ ընդարձակ յարաբերութիւններ հաստատած՝ Այնթապի, Հալէպի եւ գլխաւորաբար Մանչէսթըրի հետ: Մօտաւորապէս քառորդ դարու իր առեւտրական զբաղումներով (մանիֆաքթուրա), շահած է առաջնակարգ վաճառականի համբաւ: Ազատութեան հռչակումէն ետք քաղաքապետ ընտրուած է Վանայ, կատարեալ ձեռնհասութեամբ վարելով այդ փափուկ պաշտօնը: Քափամաճեան Պետրոս պէյի ջանքերուն շնորհիւ է որ Վանայ Ծովը հուսկ ուրեմն ունեցաւ իր շոգենաւային երթեւեկութիւնները:

1870-ին Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ Ս. Սանդխտեան Ընկերութիւնը, որուն ձեռամբ կը բացուի Վանի համանուն աղջկանց անդրանիկ դպրոցը: 1872-ին Վանի մէջ կը կազմէ «Հայկազեան Ընկերութիւն»ը (ընդդէմ տադիմական Քոլոզ վարժապետի) որուն ձեռամբ կը բացուի Քէնտրիզիի վրայ համանուն դպրոց մը՝ մանչերու: Դարձեալ 1875-ին «Կրթասէր» Ընկ.ն Այրյարոյց եկեղեցւոյ քհ. Տ. Դիոնեսիոսի նախագահութեամբ:

1879-ին Քէֆսիզեան կթղ.ի եւ Յովհաննէս Նուրեանի նախաձեռնութեամբ գումարուած ընդհ. ժողովին կողմէ կ’ընտրուի ատենապետ՝ Հալէպի ազգ. գործոց վարիչ մարմինին եւ կաթողիկիսի ներկայացուցիչ:

1880-ին Վանի «խնամատար» ընկերութեան, 1882-ին քաղաքական եւ ուսումնական խորհուրդի ատենապետ: 1887-ին առեւտրական գործով երբ Բեթերսպուրկ կ’անցնի, կը տեսակցի Աղա Մկր Սանասարեանի հետ, յաջողելով ապահովել 60 ոսկիի տարեկան կտակ մը՝ Վանի Սանդխտեան օրիորդաց վարժարանին համար: 1896-ի Վանի ջարդին շատ մը ընտանիքներ ապաստանած եւ խնամուած են իր ամուր նկատուած բնակարանին մէջ:

1900-ին Պատրիարքարանէն կ’ընտրուի հոգաբարձու Վարագայ վանքի, որուն շէնքերը դէպքին աւերակ դարձած էին: Իր օրով կը վերաշինուին անոնք, նախկինէն աւելի հասութաբեր դառնալով: Իր ազգօգուտ ձեռնարկներուն առ ի գնահատանք, ստացած է Խրիմեան կաթողիկիսէն եւ օրուան պատրիարքէն օրհնութեան կոնդակներ:

1900-1904 Վանայ կուսակալութեան ժողովի անդամ: Երբ 1900-ի գարնան Վանի մէջ խուզարկութիւնները յաճախադէպ կը դառնան եւ շատ մը հայեր կը սկսին ձերբակալուիլ՝ չարաշահ պաշտօնեաներու զրպարտութիւններով, Քափամաճեան ամէն ճիգ կը թափէ այդ հետապնդումները չէզոքացնելու համար՝ կառավարութեան մօտ իր անվերջ ու անվախ դիմումներով եւ հիւպատոսներէ օգնութեան խնդրանքով:

Կաթողիկիսական պատգամաւոր՝ իր ծննդավայրէն, Իզմիրլեանի ընտրութեան առթիւ:

Երկրագործական Սենեակի ժողովի նախագահ ընտրուելուն, Վանեցի հողագործ դասուն մեծ ծառայութիւն մատուցած է՝ երկրագործական դրամատունէն սերմնացուի համար դրամ տրուելու գործին մէջ:

1900-ին անդամ՝ քաղաքապետական ժողովի, յետոյ նախագահ:

1910-ին կ’ընտրուի Օսմ. Գռ. Ընդհ. Միութեան Վանի մասնաճիւղը:

Օսմանեան կայսրութեան երկրորդ սահմանադրական շրջանին Քափամաճեան նշանակուած էր Վան քաղաքի քաղաքապետ 2 Փետրուար, 1908-ին[2]։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը մեղադրէ Քաբամաճեանի կատարած ծառայութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան[3]։

Թրքական աղբիւրներուն համաձայն՝ Քափամաճեան մահապատիժի ենթարկուած է երկու կապարի հարուածներով գլուխին մէջ, ձեռամբ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավար՝ Արամ Մանուկեանի եւ իր ընկերներոուն 1912-ին[4]։

Թուրք պատմաբան՝ Հասան Օքդայ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ կը նշէ թէ ոճրագործները ձերբակալուած են եւ կուսակցութեան միջնորդութեամբ անոնք ազատ արձակուած են[5]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. By Y. G. Çarkçıyan, (1953), "Armenians working for the Ottoman Empire between 1453-1953 (tr:Türk devleti hizmetinde Ermeniler, 1453-1953) 302 pages.
  2. BOA İrade Taltifat, 1325. Za/111.
  3. By Altan Deliorman, "Türklere Karsi Ermeni Komitecileri" Published 1973 Boğaziçi Basım ve Yayınevi 335 pages
  4. Hüseyin Çelik, ‘The 1915 Armenian Revolt in Van: Eyewitness Testimony’, in The Armenians in the Late Ottoman Period, pp. 91-92.
  5. Oktay Hasan։ «On the assassination of Van Mayor Kapamacıyan Efendi by the Tashnak Committee»։ Republic of Turkey Ministry of Culture and Tourism։ արտագրուած է՝ 15 October 2013 

Աղբիւրներ

Խմբագրել