Ռաշմոր լեռը
Ռաշմոր լեռ (անգլերէն՝ Mount Rushmore), ազգային յուշարձան, որ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Տաքոթա նահանգի Քիսթոմ քաղաքին մօտակայքը, Սեւ լեռներուն մէջ, երկար ժամանակ գնահատուած է իբրեւ աշխարհի ամենամեծ դիմաքանդակը[1]:
Պատմական ակնարկ
ԽմբագրելՌաշմոր լեռը յայտնի է ԱՄՆ-ի չորս նախագահներու՝ Ճորճ Ուաշինկթընի, Թոմաս Ճեֆըրսընի, Թէոտոր Ռուզվելտի եւ Ապրահամ Լինքոլնի (ձախէն աջ հերթականութեամբ) հսկայական դիմաքանդակներով, որոնք քանդակուած են հատաքարէ ապարի վրայ՝ 18.6 մեթր բարձրութեամբ: Դիմաքանդակներէն ամէն մէկը շուրջ 18 մեթր բարձրութիւն ունի:
Նախքան Ամերիկայի գաղութացումը՝ այս լեռը, տեղաբնակ ցեղերուն լեզուով, կոչուած է «Վեց նախահայրեր»[2], բայց 1930 թուականին վերակոչուած է Չարլզ Ռաշմորի՝ ամերիկեան ձեռնարկատիրոջ անունով: Չարլզ Ռաշմորն էր, որ 1885 թուականին կազմակերպած էր այս շրջանը ոտք դրած առաջին արշաւախումբին այցը: Ան նախագահներու քանդակին համար յատկացուցած է 5 հազար ամերիկեան տոլար:
Յուշարձանի ստեղծման գաղափարն ու նպատակը
ԽմբագրելԱյս գաղափարը Ռաշմորին յուշած է տեղացի պատմաբան մը, իսկ նպատակը զբօսաշրջութեան զարգացումն էր Հարաւային Տաքոթայի մէջ: Նախաձեռնութեան հեղինակները քանդակին համար ընտրած են այս նախագահները, քանի որ անոնք կը խորհրդանշէին Ամերիկայի պատմութեան առաջին հարիւրյիսուն տարիներն ու հանրապետական ոգին:
Քոնկրէսի կողմէ արտօնութիւն ստանալէ ետք արձանագործ Հաթսըն Փորկլում 1925 թուականին[3] սկսած է աշխատանքներուն, որոնք շարունակուած են շուրջ տասնչորս տարի եւ արժած՝ 1 միլիոն ամերիկեան տոլար: Հաթսըն Փորկլում իբրեւ մարգարէութիւն ըսած է.
Ամերիկան շարասիւներով կը քալէ այս հորիզոնով: |
Տարածքը մարդոց պակաս չ՚ունենար ոչ մէկ եղանակի: Կարծր լերան վրայ աշխատանքները դիւրին չեն ընթացած: Պայթեցումներուն ժամանակ ապարի խոշոր կտոր մը պոկուած է, այդ պատճառով ալ Թէոտոր Ռուզվելտի գլուխը իր դիրքով միւսներէն աւելի խոր է:
Քանդակներուն վրայ աշխատած են աւելի քան չորսհարիւր մասնագէտներ։ Յուշարձանի կառուցողական աշխատանքները աւարտելէ ետք, Ռաշմոր լեռը համաշխարհային համբաւի տիրացած է:
Զբօսաշրջութիւն
ԽմբագրելԱմէն տարի շուրջ երեք միլիոն մարդ կ՚այցելէ՝ տեսնելու ազգային յուշարձանը: Լեռը լուացող հեղուկներով անընդհատ կը մաքրուի լեռնագնաց պահապաններու կողմէ, որոնք կը սրբեն անոր բնական մակերեսը, մանաւանդ քարաքոսերէն պաշտպանելու համար:
Ռաշմորի քանդակներուն վրայ միշտ քարաքոսերու աճ կայ, ինչ որ մէկ կողմէն օգտակար է բնութեան, իսկ միւս կողմէն՝ կրնայ հողի վերածել պատմական արձանը: Բնապահպանները կողմնակից են, որ քարաքոսերը մնան բնական միջավայրի մէջ, քանի որ հիւսիսային թռչող սկիւռը քարաքոսերը կը գործածէ բոյն սարքելու, սնուելու համար եւ իբրեւ ջուրի աղբիւր՝ ձմրան:
Բայց ԱՄՆ-ի պետութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ մաքուր եւ լերկ վիճակի մէջ պահպանելու համար ժողովուրդին մէջ Նախագահներու լեռը անունով նշանաւորուած ազգային այս յուշարձանը: Ամէն երեկոյ երկու ժամով կը լուսաւորուի սարը եւ երեկոյեան այցելուներուն առջեւ գեղեցիկ պատկեր կը պարզէ:
Զանազան ժամանակներու ընթացքին միշտ եղած են յուշարձանին դէմ արտայայտուողներ, որոնց հաճելի չեն եղած քարերու արանքէն նայող նախագահներուն դէմքերը: Քննադատողները ամայի ու անբնակ նկատած են վայրի բնութեան մէջ ազգային խորհրդանիշներու հսկայական գոյութիւնը[4]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Ռաշմոր լեռ ազգային յուշարձան»։ www.1tv.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2022-03-01
- ↑ Hope Native։ «The Six Grandfathers Before It Was Known as Mount Rushmore»։ blog.nativehope.org (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-03-01
- ↑ «Wayback Machine»։ web.archive.org (անգլերէն)։ 2006-10-10։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-10-10-ին։ արտագրուած է՝ 2022-03-01
- ↑ «ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԼԵՌԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-01