Ռեթէոս Պէրպէրեան

Ռեթէոս Պէրպէրեան (10 Հոկտեմբեր 1848, Խասգիւղ (Կ. Պոլիս) - 6 Ապրիլ 1907, Կ. Պոլիս), հայ գրող, մանկավարժ, բանաստեղծ, հրապարակախօս, տնտեսագէտ եւ թարգմանիչ, Պէրպէրեան վարժարանի հիմնադիր[3]։ Նշանաբանը եղած է․ «Առանց կրթութեան չկայ կեանք, չկայ երջանկութիւն»[4]։

Ռեթէոս Պէրպէրեան
Ծնած է 10 Հոկտեմբեր 1848
Ծննդավայր Կ. Պոլիս
Մահացած է 6 Ապրիլ 1907
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2][1]
Ուսումնավայր Ներսէսեան վարժարան[1]
Մասնագիտութիւն Մանկավարժ, լրագրող, գրող, բանաստեղծ, տնտեսագէտ եւ հրապարակախօս
Աշխատավայր Պէրպէրեան Վարժարան[1]
Երկրագունտ
Վարած պաշտօններ տնօրէն
Երեխաներ Օննիկ Պէրպէրեան, Շահան Պէրպէրեան եւ Մաննիկ Պէրպէրեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1851-ին, Խասգիւղ, Պոլիս․ հայրը՝ սափրիչ Յակոբ, մայրը՝ Աննա։ Թաղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ ստացած է իր նախակրթութիւնը, որ զարգացուցած Եւրոպական լեզուներու սերտողութեամբ՝ Պոլսոյ օտար վարժարաններու մէջ, բայց յատկապէս ինքնազարգացման։ Կանուխ տարիքէն դրսեւորած է մանկավարժական իր կոչումին ուղղութեամբ նուիրում։ 16 տարեկանին արդէն սկսած է անձնական դասեր տալ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ իր տարեկիցներուն։ Հազիւ 25 տարեկան, 1876-ին կը ձեռնարկէ նախ Քաղկեդոնի (Գատըգիւղ), ապա Սկիւտարի մէջ սեփական վարժարանի հիմնումին։ Իր անունով կոչուած Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը բառին բուն իմաստով սերնդակերտումի օճախ դարձած է արեւմտահայ իրականութեան մէջ, ներգրաւելով ոչ միայն Պոլսոյ, այլեւ գաւառներու նորահաս սերունդը գիշերօթիկի իր բաժնով։

Սիամանթոյի, Վահան Թէքէեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի տարողութեամբ բանաստեղծ ու մտաւորական մեծութիւններ հասցուցած Պէրպէրեան վարժարանը ի սկզբանէ եղած է դաստիարակչական մեծ կոչումի տէր հաստատութիւն։ Մինչեւ 1907-ի իր մահը, Ռէթէոս Պէրպէրեան վարած է իր պաշտօնը իբրեւ վարժարանին տնօրէնը եւ ուսուցչապետ։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Պերպերեանի բանաստեղծությունները («Առաջին Տերեւները», 1877, «Խոհք Եւ Յուշք», 1904 ժողովածուներ) կը կրեն ֆրանսական ռոմանթիզմի, մասնաւորապէս Լամարթինի ազդեցութիւնը։ Վերջինիս շարք մը բանաստեղծութիւնները թարգմանած է հայերէնի («Մահ Սոկրատա», «Լիճ» եւայլն)։ Անդրանիկ բանաստեղծութիւնները հիմնականօրէն սիրոյ եւ բնութեան երգեր են, որոնց մէջ կը գերակշռէ փիլիսոփայական խոհը։ Լեզուն գրաբար է կամ գրաբարախառն։

Պէրպէրեանի մանկավարժական ձեռնարկներուն մէջ («Դաստիարակի մը Խօսքերը», 1901, «Դպրոց եւ Դպրութիւն», 1907 եւ այլ) կը դրսեւորուին գեղեցիկի, բարիի, ճշմարտութեան սկզբունքները, որոնց դիրքերէն ան կոչ ըրած է ծառայել ժողովրդին, հրաժարիլ սերտողական մեթոտներէն, դասաւանդումը դարձնել հետաքրքիր եւ ուսանելի, ժամանակի յառաջդիմական պահանջներուն համապատասխան՝ ուսուցիչներ պատրաստել ազգին համար։ Պէրպէրեան կնոջ կրթութիւնը համարած է բարիք՝ շեշտելով այն կարծիքը, որ կինն ընտանիքի հիմքն է, իսկ ընտանիքը՝ հասարակութեան յենարանը։ Ըստ Պէրպէրեանի՝ բարոյական դաստիարակութեան ամենազօրեղ միջոցը դաստիարակի անձնական օրինակն է։

Մանկավարժական գործունէութեան առընթեր Պէրպէրեան աշխուժօրէն ներգրաւուած է հրապարակախօսական բնագաւառէն եւ հասարակական կեանքէն ներս, գրի առած է հրապարակախօսական-փիլիսոփայական գործեր։

Հանդէս է եկած նաեւ Հրաչեայ կեղծանունով[5]։

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել
  • Փողը, 1872
  • Առաջին տերեւները, Կ. Պոլիս, 1877
  • Առաջին քոնֆերանսը, 1880
  • Յայտնի զուարճանքները, 1880
  • Թշուառութիւն եւ բախտ, 1880
  • Քաղաքատնտեսութիւն, 1883
  • Ֆրանսերէն-Հայերէն Թարգմանչական Գիրք, 1885
  • Դաստիարակի մը խօսքերը, Վիեննա, 1901
  • Մտքեր եւ յիշողութիւններ, 1903
  • Դպրոց եւ գրականութիւն, 1907[6]

Ծանօթագրութիւն

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 9 — հատոր 9. — է. 279.
  2. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 105–106. — ISBN 978-2-905686-93-0
  3. «Քրմապետ Մը` Իմաստասիրութեան Մեհեանին Մէջ (Յիշելով Անմահանուն Դաստիարակ Շահան Ռ. Պէրպէրեանը)»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-08-29։ արտագրուած է՝ 2019-10-29 
  4. Ռեթէոս Պէրպէրեան. Հայ Մտքի ԵւՀոգիի Մեծանուն Մշակը
  5. Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր երկրորդ, Երեւան, 2007 
  6. Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեան

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «19-րդ Դարու Հայ Մեծ Դէմքեր», Պետրոս Կարապետեան, Կ․ Պոլիս 1933։

Արտաքին Յղումեր

Խմբագրել