Վեր. դոկտոր Ռընէ Լեւոնեան (ծնած է 4 Մարտ, 1952-ին, Մարսէյլ, Ֆրանսա):Եւրասիայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչ եւ միութեան նախագահ: ԼՂՀ անվտանգութեան ջատագով: ԼՂՀ արտաքին գործերի նախարարի եւ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի խորհրդատու: Ֆրանսայի Աստուածաշնչային ընկերութեան քարտուղար

Ռընէ Լեւոնեան
Ծնած է 4 Մարտ 1952
Ծննդավայր Մարսէյլ, Ֆրանսա)
Կրօնք Հայ Աւետարանական
Կարողութիւն խորհրդատու
Մասնագիտութիւն Աստուածաբանութեան մագիստրոս, Աստուածաբանութեան դոկտորի աստիճան
Աշխատավայր Եւրասիայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչ եւ միութեան նախագահ
Ամուսին Դեղագործ Սիլվի Պոյաճեան
Երեխաներ Սեդա Ֆապիէն՝մարդուժի բաժնի ղեկավար, Արմէն Քրիսթոֆ՝ գործարար

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեան ծնած է Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաք, Մարտ 4, 1952-ին: Ան Կիլիկիայէն Ֆրանսա գաղթած հայերու երրորդ սերունդէն Է: Մեծ հայրը Հռոմկլայէմ էր (Ճիպին): Մկրտութեան անունը Ներսէս է՝ ի յիշատակ Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսին:

Պատանեկան տարիներուն, ուսմանը զուգահեռ, հետաքրքրուած է ֆուտպոլով եւ, մինչեւ 16 տարեկան, խաղցած է տեղի պատանեկան թիմին մէջ։ Եղած է ֆիլատելիայի սիրահար: Հաւաքած է նախ ֆրանսական եւ Աֆրիկեան, աւելի ուշ ռուսական եւ հայկական դրօշմանիշեր:

Այդ տարիքին էր, որ առնչուելով Աստծոյ Խօսքին, ճանչնալով Աստուծուն Իր խօսքին միջոցով՝ հասու եղաւ Յիսուս Քրիստոսի ով լինելուն, անոր փրկութեան ծրագիրին, գիտակցեցաւ առանց Աստուծոյ ապրելու անորոշութիւնը, ապաշխարեցաւ, ընդունեց Յիսուս Քրիստոսին՝ որպէս իր կեանքի առաջնորդ եւ վերստին ծնունդ ապրեցաւ: Այդ ժամանակ սկսաւ յաճախել հայ եկեղեցի եւ, որպէսզի հասկնայ եկեղեցիի մէջ կատարուող արարողութիւնները, սկսաւ սորվիլ Հայերէն:

1973-ին ամուսնացած է Սիլվի Պոյաճեան - Լեւոնեանի հետ, ունի երկու զաւակ եւ վեց թոռնիկ:

Տիկին Սիլվին դեղագործ է, աշխատած է Երեւանի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան բժշկական կեդրոնին մէջ։ Ան ֆրանսերէն դասաւանդած է Երեւանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու անուան դպրոցին մէջ:

Դուստրը՝ Սեդա - Ֆապիէնը, ուսանած է Փարիզի համալսարանին մէջ, ստացած է աշխարհագրական գիտութիւններու մագիստրոսի աստիճան: Ան աւարտած է նաեւ քաղաքագետներու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը եւ ստացած է քաղաքագէտի որակաւորում: Այժմ կ՛աշխատի պետական հիմնարկութեան մէջ, որպէս մարդուժի բաժնի ղեկավար:

Տղան՝ Արմէն - Քրիսթոֆն ունի տնտեսագէտի բարձր որակաւորում: Ութ տարի ապրած է Երեւան: Ան իր զինուորական ծառայութիւնը կատարեց Հայաստան` Ֆրանսայի դեսպանատանը՝ առեւտրական կցորդի պաշտօնին մէջ, յետոյ ստանձնեց «Գասթել» ընկերութեան տնօրէնի պաշտօնը: Այժմ կը շարունակէ իր գործարարութիւնը Ֆրանսայի մէջ:

Աստուածաբանական Համալսարան Խմբագրել

Վերապատուելի Դոկտոր Ռընէ Լեւոնեան Աստուծմէ ստացած կոչումը իրականացնելու նպատակով ուսումը շարունակեց Փարիզի Աստուածաբանական եւ Լիոնի Կրթութեան գիտութեան ու Աստուածաբանական համալսարաններուն մէջ։ Աւարտելէն յետոյ ստացաւ համապատասխանաբար Աստուածաբանութեան մագիստրոսի (աւարտաճառը՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ վարդապետութիւնը) եւ կրթութեան ու մանկավարժութեան գիտութիւններու մագիստրոսի աստիճան (աւարտաճառը՝ Ֆրանսահայ համայնքի նոյնացումը՝ իւրացումը):

Ան շարունակեց ուսումը նաեւ Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ եւ ստացաւ «Արեւելեան լեզուներու (հայագիտութիւն) եւ քաղաքակրթութեան» մասնագէտի որակաւորում:

1999-ին Լիոնի համալսարանի աստուածաբանութեան կաճառին մէջ պաշտպանեց դոկտորական թէզ՝ «Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ վարդապետութիւնը» թեմայով եւ ստացաւ Աստուածաբանութեան դոկտորի աստիճան:

Համաշխարհային Մանկապատանեկան ճամբարներու Տնօրէն Խմբագրել

Երկար ժամանակ մասնակցած է Ֆրանսայի կրթութեան, երիտասարդութեան եւ մարզական նախարարութեան կազմակերպած յատուկ դասընթացներուն եւ ստացած է ամառային ճամբարներու տնօրէնի վկայագիր, որ իրաւունք կուտայ կազմակերպել եւ տնօրինել մանկապատանեկան ճամբարներ աշխարհի տարբեր երկիրներ՝ Ֆրանսիա, Իտալիա, Յունաստան, Թունիս...

Աստուածաշունչի Սերտողութիւն Ֆրանսայի Բանտերուն Մէջ Խմբագրել

Մոտ 20 տարի ծառայած է Ֆրանսայի բանտերուն մէջ՝ ինչպէս հայերու (Մոնթէ Մելքոնեան եւ միւս քաղաքական ջատագովներ), այնպէս ալ բոլոր բանտարկեալներուն համար: Ֆրանսական կառավարութեան կողմէն ունի յատուկ թոյլատրութիւն՝ այցելել բանտարկեալներուն, հանդիպիլ անոնց հետ առանձին, կազմակերպել հոգեւոր արարողութիւններ, վարել Աստուածաշունչի սերտողութիւն:

Համայնքային Ու Եկեղեցական Ծառայութիւն Խմբագրել

19741993 թուականներուն ծառայած է Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն եւ աշխուժորէն մասնակցած է տեղի հասարակական, համայնքային եւ եկեղեցական կեանքին:

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Պայքարի Մասնակից Խմբագրել

Ֆրանսայի հայ համայնքի միւս պատասխանատուներու հետ աշխուժօրէն մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին:

ԼՂՀ Անվտանգութեան Ջատագով Խմբագրել

1988-էն եղած է ԼՂՀ անվտանգութեան, բարդոյթի խաղաղ եւ արդարացի լուծման ջատագովը:

Երկրաշարժի Աւերածութիւններու Վերականգնողական Աշխատանքներ Խմբագրել

7 Դեկտեմբեր, 1988-ին Սպիտակի երկրաշարժէն յետոյ մասնակցած է երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման եւ վերականգնողական աշխատանքներուն:

Աջակցութիւն Ֆրանսայի Մէջ Ստեղծելու ՀՀ Դեսպանատուն Եւ Ղեկավարի Պաշտօններ Խմբագրել

1993 եւ 1994 տարիներուն կարողացաւ աջակցել ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեանը՝ Ֆրանսայի մէջ ստեղծելու ՀՀ դեսպանատուն, եւ սիրով ընդունեց դեսպանատան գրասենեակի վարիչի եւ հասարակութեան հետ կապերու ղեկավարի պաշտօններուն մէջ աշխատելու հրաւէրը:

Հարկ է նշել, որ Վեր. դոկտոր Ռընէ Լեւոնեան օգտագործեց ֆրանսական հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու հետ իր լայն կապերը, գիտելիքներն ու փորձառութիւնը՝ ի օգուտ դեսպանատան աշխատանքներու ձեւաւորման, հաստատման եւ ծաւալման: Սիրով համագործակցեցաւ այնպիսի դիւանագետներու հետ, ինչպէս Վահան Տեր-Ղեւոնդեանը, Ալեքսան Յարութիւնեանը, Վիգէն Չիթեչեանը, Վահան Փափազեանը...

ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի հանդիպման պատրաստման փուլին մասնակցութիւն Խմբագրել

Այդ փոքր ժամանակահատուածին պատիւ ունեցաւ մասնակցելու Հայաստանի պետական եւ կառավարական բարձրաստիճան հիւրերու Ֆրանսա այցելութիւններու եւ անոնց Ֆրանսայի պետութեան եւ կառավարութեան անդամներու հետ հանդիպումներու կազմակերպմանը: Մասնակցեցաւ ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի հանդիպման պատրաստման փուլին եւ ներկայ եղաւ Ելիսեան պալատին մէջ հանդիպմանը:

ԼՂՀ-ի պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի առաջին մամուլի ասուլիսը Փարիզի մէջ Խմբագրել

Այդ տարիներուն Վեր. դոկտոր Ռընէ Լեւոնեան պատրաստած եւ ղեկավարած է ԼՂՀ-ի պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի առաջին մամուլի ասուլիսը Փարիզի մէջ։ ԼՂՀ-ի անկախութեան երկրորդ տարեդարձին նուիրուած պաշտօնական հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Փարիզի Սէն Ճէյմս հիւրանոցին մէջ, որպէս արարողութեան ղեկավար, ընկերակցեցաւ Ռոբերտ Քոչարյան Ռոպերթ Քոչարեանին:

Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչ Խմբագրել

19942011 թթ. նշանակուած է Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչ եւ ստանձնած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան եւ Ֆրանսայի «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութիւններու ծրագիրներու ընդհանուր ղեկավարի պաշտօնը Հայաստանի մէջ։ Պետք է ըսել, որ 1981-էն իվեր բազմիցս անգամ եղած է Հայաստան, եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու կողմէն իր այս պաշտօններուն նշանակուիլը համարուեցաւ դեպքէրու տրամաբանական զարգացման արդիւնք:

ԼՂՀ արտաքին գործերի նախարարի եւ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի խորհրդատու Խմբագրել

Վեր. դոկտոր Ռընէ Լեւոնեան եղած է 1995 - 1997 թթ. ԼՂՀ արտաքին գործերի նախարարի խորհրդատու: 1998 - 2001 թթ. եղած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի խորհրդատու:

Ֆրանսայի Աստուածաշնչային ընկերութեան քարտուղար Խմբագրել

Վեր. դոկտոր Ռընէ Լեւոնեան նշանակուած է 20112012 թթ. Ֆրանսայի Աստուածաշնչային ընկերութեան քարտուղար:

Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչ եւ միութեան նախագահ Եւրասիա Խմբագրել

2012 թուականէն մինչեւ օրս Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչն է Եւրասիայի մէջ։ Նաեւ, Եւրասիայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահն է:

Պատուաւոր Քաղաքացի կոչում Խմբագրել

1999-ին արժանացած է Սպիտակ քաղաքի «Պատուաւոր քաղաքացի» կոչմանը:

Աղբիւրներ Խմբագրել

Տես նաեւ Խմբագրել

Հայ Աւետարանական Եկեղեցի[permanent dead link]

Հայ աւետարանական եկեղեցու Հիւսիսային Ամերիկայի համայնք