Ռըվիւ տէ զ'Էթիւտ զ'Արմենիէն

«Ռըվիւ տէ զ'Էթիւտ զ'Արմենիէն» (անգլերէն՝ Revue des Etudes Armeniennes), հայագիտական պարբերաթերթ, սկսած է լոյս տեսնել 1920-ին, Փարիզի։

Ռըվիւ տէ զ'Էթիւտ զ'Արմենիէն
Revue des Études Arméniennes եւ [Revue des études arméniennes][1]
Տեսակ Պատմական ամսագիր
Լեզու Ֆրանսերէն, գերմաներէն, անգլերէն եւ Հայերէն եւ բազմալեզու[1]
Հիմնադրուած է 1920
Հրատարակիչ Փարիզի Համալսարան
ISSN 0080-2549 եւ 1783-1741
OCLC 1605433
Կայք poj.peeters-leuven.be/…(ֆր.)
poj.peeters-leuven.be/…[2]

Առաջին աշխարհամարտէն ետք, 1920-ին Փարիզի մէջ, Անթուան Մէյէի ու Ֆրետերիք Մաքլերի նախաձեռնութեամբ սկսած է հրատարակուիլ «Ռըվիւ տէ զ՛Էթիւտ զ՛Արմենիէն»-ը, որ իբրեւ հայագիտական պարբերաթերթ իր գոյութիւնը կրցած է պահել մինչեւ 1933:

Այդ տարիներու ընթացքին վերոյիշեալ հայերէնագէտներ, ինչպէս նաեւ հայագէտներ արժէքաւոր յօդուածներ ստորագրեցին սոյն հանդէսին մէջ, որ ճոխապէս պատկերազարդուած ալ էր: Նիւթական անձկութիւնը պատճառ դարձած է, որ ան դադրի 1933-ին:

Ապա, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի օժանդակութեամբ հանդէսը սկսած է վերհրատարակուիլ։

Խմբագրակազմը գլխաւորած են՝ իրաւագէտ ու հայերէնագէտ փրոֆ. Էմիլ Պենվընիսթը (1964-1975), փրոֆ. Ժորժ Տիւմեզիլի (1975-1980), Ս․ Տէր Ներսէսեան (1981 թուականէն)։ Խմբագրակազմի անդամներէն եղած են նաեւ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի նման հայերէնագէտներ, Ա. Կրապարի նման հայ գեղարուեստի պատմութեան մասնագէտներ: Խմբագրական քարտուղարը եղած է Հայկ Պէրպէրեանը[3]:

Ծանօթագրութիններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 The ISSN portalParis: ISSN International Centre, 2005. — ISSN 0080-2549
  2. The ISSN portalParis: ISSN International Centre, 2005. — ISSN 1783-1741
  3. «50 տարի առաջ....»։ archive.azator.gr։ արտագրուած է՝ 2021-11-10 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։