Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջ

Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջ (յուն․՝ Γέφυρα Ρίου – Αντιρρίου) եւ կամ պաշտօնապէս անուանուած՝ «Խարիլաոս Թրիքուփիս» կամուրջ:

Ռիօ-Անթիրիօ կայմապարան կամուրջը, նկարուած Փաթրայի Համալսարանէն, Ռիօ, 8-10-2008

Կայմապարան կամուրջ մը, որուն կառուցման աշխատանքները կ'աւարտին 2004-ի ամրան։

Կարեւոր խաչմերուկ մը, որ Պելոպոնեսը Πελοπόννησος եւ Ատիկէն Αττική կը կապէ Յունաստանի մայր ցամաքամասի արեւմտեան մասին՝ Կեդրոնական Յունաստանի արեւմտեան բաժինին ու Իփիրոսին։

  • Անթիրիօ կը նշանակէ Ռիոյին դիմացի կողմը:

Ռիօ-Անթիրիօ երթեւեկութեան կամուրջը մաս կը կազմէ Յոնիան Մայրուղիին (Α5) եւ Եւրոպական Մայրուղիին (Ε55)։ Կ'ընդգրկէ նաեւ մայթուղի եւ հեծիքներու համար նախատեսուած վազքուղի մը։

 
Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջին օդային լուսանկարը․ արեւմուտքէն՝ (նկարին հիւսիսը) Փաթրայի Ծոցը եւ արեւելքէն՝ (նկարին հարաւը) Կորնթոսի Ծոցը։
 
Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջին դիրքը

Կամուրջը կը գտնուի Ռիօ Նեղուցին վրայ եւ իրարու կը կապէ իր երկու ծայրամասերուն գտնուող՝ Ռիօ քաղաքը (Պելոպոնես) եւ Անթիրիօ գիւղը (Էթոլօաքարնանիա)։ Կամուրջին արեւելեան կողմը կը գտնուի Կորնթոսի Ծոցը, իսկ արեւմտեան կողմը՝ Փաթրայի Ծոցը։

Պատմութիւն

Խմբագրել

1880-ին Յունաստանի վարչապետ Խարիլաոս Թրիքուփիս, առաջիններէն է, որ Ռիօ նեղուցին վրայ երկաթագծային կամուրջի մը կառուցման տեսլականը կ'ունենայ, Կորնթոսի Ջրանցքին կառուցման աշխատանքներուն ընթացքին։

3 Յունուար 1996-ին, կամուրջին ճարտարապետական աշխատանքները կ'իրագործուին յունա-ֆրանսական ընկերակցութեան կողմէ, զոր կը գլխաւորէ ֆրանսական «Vinci» ընկերութիւնը։ Ընկերակցութեան մաս կը կազմեն յունական շինարարական ու ճարտարագիտական ընկերութիւններ․ «ΤΕΒ», «J&P-ΑΒΑΞ», «Αθηνά», «Προοδευτική» եւ «Παντεχνική»։ Կամուրջին կառուցման աշխատանքները կը գլխաւորէ հայազգի ճարտարապետ՝ Պերճ Միքայէլեան։ 1999-ին կը սկսին կառուցման բարդ աշխատանքները։

7 Օգոստոս 2004-ին, կամուրջին պաշտօնական բացումը տեղի կ'ունենայ եւ 12 Օգոստոս 2004-ին, կամուրջը հանրութեան կը յանձնուի․ Աթէնքի ողիմպիական խաղերուն բացումէն մէկ օր առաջ։

«Խարիլաոս Թրիքուփիս» անուանում

Խմբագրել
 
Փաթրայի համալսարանին համալիրը, Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջը եւ դիմացը՝ Անթիրիօն․ կամուրջին արեւմուտքը Փաթրայի Ծոցը, իսկ արեւելքը՝ Կորնթոսի Ծոցը:
 
Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջը՝ վերջալոյսին:

25 Մայիս 2007-ին, կամուրջին կառուցման ընկերակցութեան վարչական շէնքին մէջ, բացառիկ հանդիսութեամբ մը Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս Ռիօ-Անթիրիօ կայմապարան կամուրջը կ'անուանէ «Խարիլաոս Թրիքուփիս», որովհետեւ ԺԹ․ դարու Յունաստանի վարչապետ Խարիլաոս Թրիքուփիս երկաթագծային կամուրջի մը տեսլականը ունեցած էր։ Սակայն այդ օրերուն, Յունաստանի տնտեսական պայմանները չէին ներեր նման կամուրջի մը կառուցումը։

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Կայմապարան կամուրջը կը յենի չորս սիւներու վրայ եւ երկարութիւնն է 2,252 մ․ իսկ երկու անցուղիներով միասին՝ 2,883 մեթր։ Լայնքն է 27,2 մ․։ Երկու անցուղիներն են՝

  • Հարաւէն՝ Ռիօ
  • Հիւսիսէն՝ Անթիրիօ

Կամուրջին հիմերը «պառկած» են ծովուն յատակը 700 մ․ ծովային ժայռոտ խորքի վրայ։ Կամուրջին հիմերուն խորութիւնը ծովու մակերեսէն 65 մ․-ի կը հասնի։

Շրջանը ենթակայ ըլլալով զօրաւոր քամիներու եւ երկրաշարժի յաճախակի ցնցումներու, որոնք Եւրոպայի ամենաշխուժներէն են, կամուրջը նախագծուած է, որպէսզի դիմանայ՝

  • Երկրաշարժին մինչեւ 8 ռիխթըր ուժգնութեամբ ցնցումներուն, շրջանին մէջ վերջին զօրաւոր ցնցումը 6,3 ուժգնութեամբ տեղի ունեցած է 15 Յունիս 1995-ին։
  • Զօրաւոր քամիներուն, որոնք յար ու նման են արեւադարձային պտուտամրրիկներու հարուածներուն․ միջին հաշուով՝ ըստ Բրիտանական չափանիշներուն, 5-րդ Կարգի պտուտամրրիկ, այսինքն՝ կամրջակին մակերեսին վրայ քամիի 265 քմ․/ժ արագութեան՝ «Սաֆիր Սիմսոն աստիճան» Saffir–Simpson scale (SSHS):

Կամուրջը այնպէս մը կառուցուած է, որ մայր ցամաքէն տարեկան 35 մմ. հեռացող Պեղոպոնեզ (Փելոփոնէս) թերակղզիին հետ «շարժելու» հնարաւորութիւնը ունենայ։

 
Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջին նախագիծը

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

516 Արոուքա կամուրջ

Փաթրա

Փաթրայի Ծոց

Կորնթոսի Նեղուցը

Կորնթոսի Ծոցը

Կորնթոսի Ջրանցքը

Կորնթոս

Յոնիական Ծով

Յոնիական կղզիներ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Սաֆիր Սիմսոն աստիճան(անգլերէն)
  2. Ռիխթըր երկրաշարժի ուժգնութեան չափ(անգլերէն)
  3. Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջին նկարները երկինքէն(յունարէն)
  4. Խարիլաոս Թրիքուփիս(ֆր.)
  5. Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջը իրիկունը լուսաւորուած
  6. patrasevents - 13 տարի Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջ․ կը ներփակէ բացումէն տեսերիզ , 7-10-2017(յունարէն)